Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամի Գործադիր Խորհուրդը Հայաստանի Ելեւմտական Համակարգը Գնահատած է Կայուն

Աշխարհ, Հայաստան

2018-ին իրականացուած Հայաստանի ելեւմտական համակարգի կայունութեան գնահատման (FSAP) ներքոյ՝ Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի (ԱՄՀ) գործադիր խորհուրդը ՀՀ ելեւմտական համակարգը գնահատած է կայուն: ՀՀ կեդրոնական դրամատան հասարակայնութեան հետ կապերու ծառայութեան տեղեկութիւններով՝  2012-էն ի վեր ելեւմտական համակարգի կայունութիւնը ամրապնդուած է, որուն նպաստած են ՀՀ Կեդրոնական դրամատան կողմէ ձեռնարկած շարք մը քայլեր։ Միաժամանակ, բարելաւում դիտարկուած է Դրամատնային վերահսկողութեան բազելեան հիմնարար սկզբունքներուն ՀՀ դրամատնային համակարգի կարգաւորման եւ վերահսկողական գործընթացներու համապատասխանութեան մասով:

Ըստ ԱՄՀ գործադիր խորհուրդի գնահատման՝ Հայաստանի դրամատնային համակարգը ունակ եղած է դիմակայելու 2014-ի տնտեսական անկման հետեւանքները՝ բաժնետէրերու կողմէ ներդրուած լրացուցիչ դրամագլուխի, շարք մը միաձուլումներու, վերահսկողութեան եւ կարգաւորման գործընթացներու բարելաւման շնորհիւ։ ԱՄՀ-ի գործադիր խորհուրդը ընդգծած է, որ ներկայիս ելեւմտական համակարգի ցուցանիշները կը դրսեւորեն դրական զարգացման միտումներ. բոլոր դրամատուները կը համապատասխանեն 12 տոկոս նուազագոյն դրամագլուխի պահանջներուն, դրամատնային համակարգին մէջ չաշխատող վարկերը նուազած են, դրամատուներու եկամտաբերութեան ցուցանիշները կը վերականգնուին, սակայն դեռ չեն հասած նախաճգնաժամային ցուցանիշին։

Խորհուրդը ողջունած է ելեւմտական համակարգի կայունութեան եւ զարգացման մասով արձանագրուած առաջընթացը՝ կարեւոր համարելով տոլարիզացիայի մակարդակի նուազեցման եւ վտանգաւոր քայլերու վրայ հիմնուած վերահսկողութեան ներդրման ուղղուած քայլերու շարունակականութիւնը: