Անգլիոյ Տարպի Քաղաքը Դարձաւ Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Անգլիոյ Առաջին Քաղաքը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Բրիտանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Անգլիոյ Տարպի քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ քուէարկելով՝ պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, դառնալով պատմական այդ իրողութիւնը ընդունող Անգլիոյ առաջին քաղաքը։

Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետական խորհուրդին եւ մասնաւորաբար Ռասըլ Փոլարտին, որ կենսական դերակատարութիւն ունեցած էր այս իրագործումին մէջ։

Թուրքիա, իր կարգին, ճնշում բանեցուցած էր քաղաքապետական խորհուրդին եւ քաղաքապետին վրայ, բանաձեւը ձախողութեան մատելու նպատակով, սակայն ձախողած էր։

Անգլիոյ Տարպի քաղաքը մօտաւորապէս 250,000 բնակչութիւն ունեցող քաղաք մըն է, որ  հետաքրքրականօրէն հայ համայնք չունի։

Նշենք, որ Փոլարտ հրէական Ողջակիզման յիշատակութեան կազմակերպութեան մը գործօն անդամներէն մէկն է։ Ան իր ջանքերուն մասին հետեւեալը գրած է. «2015-էն ի վեր մաս կը կազմեմ կամաւորներու խմբակի մը, որ աշխատանք կը տանի, որ ճանաչուին հրէական Ողջակիզման եւ անկէ առաջ կամ ետք կատարուած ցեղասպանութիւնները»։