Ցաւէն Վեր․․․

Յօդուածներ – Զրոյցներ

“Հայրենիք”-ի խմբագրական

Արդէն իսկ երեսուն տարիներ թաւալած են։ Անմոռանալի թուական՝ ամիս, օր եւ ժամ։
Դեկտեմբեր 7, 1988, առաւօտեան ժամը 11:41։
Այսպէս, ակնթարթի մը մէջ, Հայաստանի հիւսիս-արեւմտեան շրջանը գտնուող երկրորդ քաղաքը՝ Գիւմրին, եւ անոր մօտակայ գիւղաքաղաքները փլատակ կը դառնային։ Յատկապէս Սպիտակի մէջ փուլ կու գային շէնքեր, դպրոցներ, եկեղեցիներ, կեդրոններ, թաղամասեր, խլելով կեանքը մեծ թիւով հայորդիներու։ Անխնայ էր բնութիւնը։ Երկրաշարժը հարուածած էր նորածին մանուկը, երիտասարդը, չափահասն ու ալեհեր ծերունին:
Այս անգամ բնութիւնն էր որ կը ջարդէր։ Ըստ պաշտօնական տուեալներու, այս աւերիչ երկրաշարժը խլած է շուրջ 25 հազար զոհ եւ դեռ աւելին, 140 հազար բնակիչ հաշմանդամ եղած է, իսկ այդ օրերուն շուրջ հինգ հարիւր հազար հայորդիներ մնացած են անտուն:
Անբացատրելի ցաւ, խոր ու քանդիչ ցաւ մը, որ մերն էր, իսկ ցաւէն վեր ալ մենք էինք։
6,9 աստիճանի երկրաշարժը սպասուածէն աւելի ծանր հետեւանքներ պիտի չունենար, եթէ խորհրդային օրերուն կառուցուած այդ շինութիւնները յաւելեալ տոկունութեամբ եւ ուսումնասիրութեամբ շինուէին եւ երկրաշարժի դիմանալու ընդունակութեամբ օժտուած ըլլային, իսկ այսպիսի բնական աղէտներու ժամանակ, շտապ փրկարար աշխատանքներ կատարելու եւ օգնութեան հասնելու կարելիութիւնը գոյութիւն ունենար։ Այդ պատճառով է, որ այս ահաւոր աղէտին խլած զոհերուն եւ պատճառած կորուստներուն տարողութիւնը  անհամեմատօրէն աւելի մահացու եղաւ։
Հանրածանօթ բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի տրտունջէն շատ աւելի խոր էր բանաստեղծ Լուտվիկ Դուրեանի (1933-2010) մէկ ազդեցիկ խօսքը, որ ճարահատ եւ ընդվզած կ՛ահազանգէր․- «Հիմա հասկացայ, հասկացայ, Աստուած, որ քեզ չի տրուած, ո՛չ տեսողութիւն, ո՛չ լսողութիւն: Դու անխիղճ, անխիղճ, դու անսիրտ տկար, դու քար ես, դու քար, գերեզմանի քար»։
Ճիշտ այս աղէտի օրերուն միակամ հայորդին կը պայքարէր Արցախի ազատագրութեան համար։ Նոյնքան միասնակամութեամբ եւ համազգային վճռակամութեամբ, այս անգամ բնութեան պատճառած աւերին դէմ, ան գործի լծուեցաւ։ Ամէն կողմէ եւ զանազան բնագաւառներէն՝ սննդառական, առողջապահական, ընկերային, տնտեսական, օժանդակութիւնը կը հասնէր։
Իւրայատուկ էր դեռ վերջերս առ յաւէտ հեռացած Շարլ Ազնաւուրի կատարած մէկ նիւթաբարոյական բնոյթ ունեցող աշխատանքը։ Արդարեւ, երգի բազմաթիւ աստղեր համախմբելով, ան յօրինեց ու այդ երկրաշարժի զոհերուն մատուցեց «Քեզի համար, Հայաստան»-ը։
Ընդամէնը 111 երկիրներ մասնակցեցան օժանդակութեան, տրամադրելով սննդամթերք, դեղորայք, փրկարար սարքաւորումներ, մասնագէտներ, եւ այլն։
Միայն դեկտեմբերեան երկրաշարժի երեսնամեակը չէ որ կը նշուի, այլ նաեւ միակամութեան, անվհատութեան եւ վերաշինութեան երեսնամեակը՝ ցաւէն վեր մնալու երեսնամեակը։ Եւ վերջապէս ցաւէն ալ վեր՝ «Մենք ենք»-ի երեսնամեակը։