Սիսիանի Մէջ Ձնահիւսի Տակ Մնացած Զինծառայողը Մահացած է

Հայաստան

Սիսիանի մէջ, Դեկտեմբեր 5-ին, ձնահիւսի տակ մնացած չորս պայմանագրային զինծառայողներէն մէկը գտած են մահացած: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, ըսած է ՀՀ ՊՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Գէորգ Ալթունեան:

«Ցաւօք, զինծառայողը մահացած գտած են»,- ըսած է Ալթունեան:

Ան նշած է, որ մահացածը պայմանագրային զինծառայող, աւագ սպայ Հայկ Քարամեանն է:

Նշենք, որ ձնահիւսի տակ մնացած չորս պայմանագրային զինծառայողներէն երեքը գտնուած էին, մէկի որոնողական աշխատանքները կը շարունակուէր:

Յայտնաբերուած զինծառայողներուն առողջական վիճակը կը գնահատուի բնական: