Յունաստանի Մէջ Հոգեհանգիստ եւ Ծաղկեպսակի Զետեղում Հայաստանի Երկրաշարժի Զոհերուն 30-րդ Տարելիցին Առիթով
Դեկտեմբեր 7-ին, ժամը 11.30-ին, Յունաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան հանդիսաւոր արարողութիւն եւ ծաղկեպսակի զետեղում՝ Հայաստանի երկրաշարժի զոհերուն 30-րդ տարելիցին առիթով։ Հայաստանի երկրաշարժէն աղիտահար մեր ժողովուրդին օգնութեան փութացած Յունաստանի պետութեան եւ յոյն ժողովուրդին առ ի երախտագիտութիւն Հայաստանէն առաքուած եւ Աթէնքի ՆԱՅԻԱՏՈՆ հրապարակին վրայ զետեղուած ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՉՔԱՐին առջեւ իրականացուող հոգեհանգստեան արարողութիւնը կը հովանաւորէ Յունաստանի մէջ ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեան։
Հոգեհանգիստը կը հանդիսապետեն յունահայ համայնքապետերու Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան առաջնորդ Յունաստանի Հայոց Թեմի, Գեռապայծառ Հ. Յովսէփ Թ. Ծ. Վրդ. Պէզազեան, Հայ Կաթողիկէ Յունաստանի Առաջնորդ, Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, Յունաստանի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ։
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները հաւաքաբար աղօթելու ի զուր կորած զոհերու հոգիներուն համար եւ ծաղկեպսակի զետեղումով յարգելու անոնց յիշատակը։
Հասցէ։ πάρκο Ναϊάδων, Λεωφ. Βασιλέως Κωνσταντίνου & Ριζάρη, Αθήνα
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ