Հարցազրոյց Հասարակական Գործիչ Հիլտա Չոպոյեանի Հետ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Նոր Յառաջ» թերթի խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեան հարցազրոյց մը ունեցած է հասարակական գործիչ Հիլտա Չոպոյեանի հետ՝ «Արեւելեան ճակատէն 100 տարի ետք՝ Հայաստանն ու արեւելքը պատերազմներու եւ խաղաղութեան միջեւ» թեմայով գիտաժողովին առիթով, որ տեղի ունեցած է Լիոնի մէջ, Նոյեմբեր 9-10-ին

«Նոր Յառաջ» – Ի՞նչը ձեզի մղեց գիտաժողով մը կազմակերպելու պատմութեան այդ
ժամանակաշրջանին վերաբերեալ։

Հիլտա Չոպոյեան – Հիմնական պատճառը կը հանդիսանայ Հայաստանի Ա.
Հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակը եւ Ա. աշխարհամարտի աւարտը նշող
Զինադադարը։ Բայց միաժամանակ կ՚ուզէինք Ցեղասպանութենէն բացի այլ հարիւրամեակ մը ոգեկոչել։ Յիշողութեան հարցը Հայերու համար պէտք չէ միայն Ցեղասպանութեամբ սահմանափակուի։ Սակայն ցարդ լայնօրէն չէ քննարկուած այս խնդիրը։ Մշակոյթը միացման կէտ կը հանդիսանայ յիշողութեան եւ պատմութեան միջեւ։ Սոյն գիտաժողովը այս երկու թեմաները միաւորելու նպատակ կը հետապնդէ։ Քանի մը օրէն Զինադադարի 100-ամեակը կը նշենք, բայց Հայերու համար ան միանգամայն այլ երանգ ունի։ Բացի անոնցմէ, որոնք ֆրանսական բանակին ծառայեցին Սըտանի եւ Վերտէօնի մէջ, Նոյեմբեր 11-ը հայ ժողովուրդին համար շատ բան չի նշանակեր, քանի որ ան Ցեղասպանութեան քաոսին մէջ կը գտնուէր եւ անոր համար պատերազմը չէր վերջացած։ Հետեւաբար սոյն գիտաժողովը պիտի անդրադառնայ պատերազմին՝ խաղաղութենէն ետք։

«ՆՅ» – Այդ ժամանակաշրջանը նաեւ սերտօրէն կապուած է Հայաստանի անկախութեան եւ Կիլիկիոյ հարցին…։

Հ.Չ. – Այդպէս է եւ ընդհանրապէս կ՚առընչուի հայ ժողովուրդի ինքնորոշման փափաքին։ Կիլիկիոյ ճակատին վրայ, Սայքս-Փիքոյի 1916-ի համաձայնագրէն ետք, Ֆրանսացիները ստեղծեցին Արեւելքի զօրագունդը,– որ այնուհետեւ կոչուեցաւ «Հայկական զօրագունդ»,– որ կը համախմբէր շուրջ 5.000 կամաւորներ, որոնք եկած էին պայքարելու Թուրքիոյ եւ թուրք-գերմանական դաշինքին դէմ։ Ֆրանսան խոստացած էր բաւարարել Հայաստանի ազգային ձգտումները՝ ապահովելով Կիլիկիոյ մէջ հայկական պետութեան ստեղծումը՝ ֆրանսական հոգատարութեան տակ։ Ան նաեւ համաձայնած էր Պօղոս Նուպար փաշայի հետ՝ համախմբելու Ցեղասպանութենէն վերապրողները եւ հիմնադրելու հայկական պետութիւն մը՝ Ֆրանսայի հովանիին ներքոյ։ Սակայն այդ պայմանագիրը չիրագործուեցաւ եւ ֆրանսական բանակը լքեց Կիլիկիան. հայ կամաւորները եւս լքեցին իրենց դիրքերը։ Այդուհանդերձ Ֆրանսան իր հոգատարութեան տակ առաւ Սուրիան եւ Լիբանանը։ Պատմականօրէն Հայերը Ֆրանսային կապողը նոյն այս ժամանակաշրջանն է։ 1919-ի խաղաղութեան համաժողովը Փարիզի մէջ կայացաւ եւ Ֆրանսան Մեծ պատերազմի յաղթական երկիրներէն մէկն էր։

Միւս հարցը կը վերաբերի Կիլիկիոյ մէջ Ֆրանսայի քաղաքականութեան։ Օրինակ՝

ֆրանսական բանակին մէջ հայկական զօրագունդի մը գոյութիւնը ամբողջովին անտեսուած է Ֆրանսայի պատմութեան մէջ։ Եւ հայկական կազմակերպութիւնները այս իրադարձութիւնը երբեք չեն թարմացուցած հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ։ Հակառակ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին եւ ժխտողականութիւնը պատժող օրէնքին, մենք յաճախ կը լսենք այն յանկերգը թէ՝ Ֆրանսան Հայաստանին պարտական չէ, նկատի ունենալով որ անոր հետ Ցեղասպանութեան շրջանին պատմական ուղղակի կապեր չէ ունեցած։ Այս գիտաժողովը կու գայ յիշեցնելու, որ 1923-էն սկսեալ Ֆրանսան Հայերու ստուար զանգուածներ իր հողին վրայ հիւրընկալելով՝ ձեւով մը կը փորձէ պարտազանց ըլլալ ֆրանսական բանակին մէջ պայքարած Հայերու նկատմամբ։

«ՆՅ» – Ճիշդ է որ յիշեցնելը կարեւոր է, նկատի ունենալով որ Խորհրդարանին մէջ
ժխտողականութիւնը պատժող օրէնքի քննարկումներուն ընթացքին, մենք յաճախ լսեցինք, թէ Ֆրանսան ուղղակի՛, կամ՝ պատմական կապ չէ ունեցած Հայաստանի հետ…։

Հ.Չ. – Ինչպէս ըսի, ֆրանսան՝ այն ատեն իր շահերէն մեկնելով, Կիլիկիոյ հոգատարութեան ծրագիրը մէկդի նետեց, իսկ այս որոշումը ծանրակշիռ եղաւ Հայերու ճակատագրին համար, քանի որ Կիլիկիոյ լքումը ծնունդ տուաւ կոտորածներու երկրորդ ալիքին։ Կայ նաեւ ֆրանսական բանակի՝ կէս գիշերին Մարաշէն գաղտի հեռանալու պարագան, երբ ան իր ձիերուն սմբակները կտորով ծածկեց, որպէսզի Հայերը չլսեն իր փախուստի ձայնը։ Եւ այս նահանջը պատճառ եղաւ 1919-ի Փետրուարին տեղի ունեցած Մարաշի երկրորդ կոտորածին։

«ՆՅ» – Այս գիտաժողովի կազմակերպումը նաեւ հետաքրքրական է՝ Կիլիկիոյ սահմանակից Սուրիոյ ներկայի տագնապին առումով…։

Հ.Չ. – Ֆրանսայի կայսերական քաղաքականութիւնը լուրջ հետեւանքներ ունեցաւ Կիլիկիոյ, Լիբանանի եւ յատկապէ՛ս Սուրիոյ մէջ, ինչպէս որ ներկայիս կը տեսնենք։ Այս թեմային կ՚անդրադառնայ Ֆապրիս Պալանշը, որ աշխարհագրագէտ է, Լիոն-II համալսարանի դասախօս, ինչպէս նաեւ հետազօտող՝ Washington Institute for Near East Policy-ի մէջ։ Գիտաժողովի շրջագծին մէջ երկխօսութիւն մը տեղի պիտի ունենայ փրոֆ. Պալանշի եւ պատմաբան Ռեմոն Գէորգեանի միջեւ, Լիոնի քաղաքապետական գրադարանի համագործակցութեամբ։ Փրոֆ. Գէորգեան պիտի խօսի Սուրիոյ մէջ Ֆրանսայի հոգատարութեան ու Հայերու եւ փոքրամասնութիւններու այդ երկրին մէջ կեցութիւն հաստատելու մասին, իսկ փրոֆ. Պալանշ պիտի քննարկէ սուրիական տագնապին նկատմամբ՝ ֆրանսական քաղաքականութեան եւ անոր հետեւանքներուն վերաբերող նիւթը։

«ՆՅ» – Որո՞նք են գիտաժողովը կազմակերպողները։

Հ.Չ. – «Լիոնի շրջանին մէջ Հայ մշակոյթի ընկերակցութիւն»-ը (ADCARLY),
համագործակցութեամբ՝ «Կովկաս» կեդրոնին եւ Պիւլլիւքեան հիմնադրամին։

«ՆՅ» – Արդեօք դասախօսութիւնները պիտի հեռասփռուի՞ն։

Հ.Չ. – Մենք կը փափաքինք զանոնք ուղղակի սփռել։ Առաջին օրը կարելի չէ, նկատի
ունենալով որ քաղաքապետական գրադարանը չի թոյլատրեր զայն։ Հաւանաբար այդ
օրուան դասախօսութիւնները կ՚արձանագրուին եւ աւելի ուշ կը հեռասփռուին։ Իսկ երկրորդ օրուան զեկոյցները ուղղակի կը սփռուին՝ Լիոնի Կաթոլիկ համալսարանէն։