Նորընտիր Խորհրդարանը Լուրջ Ըսելիք Պէտք Է Ունենայ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ԺԱՆ ԿՈՍԱԿԵԱՆ

Դեկտեմբեր 9-ի ընտրութեան քուէարկողներու բացարձակ մեծամասնութինը պիտի քուէարկէ այն խոստումներու ծրարին, որուն գործադրութիւնը կը պատկերացնէ իրագործուած տեսնել շատ մօտիկ ապագային. մենաշնորհներու արմատական կերպով վերացում, օլիկարխներու վերջնականօրէն հեռացում քաղաքական կեանքէն, ընկերային-տնտեսական իրավիճակի կտրուկ բարելաւում եւ դատաիրաւական համակարգի վերակազմաւորում` նոր դատաւորներու նշանակումներու ճամբով: Ահաւասիկ` այն ակնկալիքները, որոնց իրականացման համար մեծ յոյսեր կը փայփայէ ոչ միայն հայաստանաբնակ հայ ընտրողը, այլեւ համայն հայութիւնը` Արցախէն մինչեւ Ջաւախք, Մոսկուայէն մինչեւ Լոս Անճելըս: Այս ակնկալիքներու իրականացումը մեկնակէտը պիտի հանդիսանայ առողջ ու կենսունակ հայկական պետութեան մը կազմաւորման:

Դժբախտաբար հապճեպ կերպով կազմակերպուած յառաջիկայ ընտրութիւնը պէտք եղած ժամանակը չի տրամադրեր հայ ընտրողին` մօտէն ծանօթանալու մրցակից քաղաքական ուժերու նախընտրական ծրագիրներուն եւ մասնաւորապէս` Հայաստանի ապագային ու անվտանգութեան առնչուող քաղաքական ռազմավարութիւններուն: Ի վերջոյ, կառավարութեան վարչակազմային մակարդակով իրագործուելիք ընկերային-տնտեսական ծրագրի որդեգրումէն եւ գործադրութենէն աւելին է, որ խնդրոյ առարկայ է հայութեան համար: Խորհրդարանի ընտրութիւնը միմիայն ընկերատնտեսական հարցերու լուծման համար չէ, տակաւին անլոյծ կը մնան Հայաստանի գոյատեւման հետ կապուած բազմաթիւ օրհասական հիմնախնդիրներ, որոնց մասին նորընտիր խորհրդարանը լուրջ ըսելիք պէտք է ունենայ:

Ըստ երեւոյթին, Ազգային ժողովի ընտրութիւնը պիտի կատարուի նախապաշարումներու եւ նախասիրութիւններու ընդհանուր զգացական մթնոլորտի մէջ: Պատգամաւորներու ընտրութեան մէջ գերակշիռ դեր պիտի խաղան անհատ ընտրողի ենթակայական տրամադրութիւնները, որոնք հիմնականօրէն բնական հակադրութիւնն են Հայաստանի վերջին 28 տարիներու իրերայաջորդ իշխանութեանց ձգած տխուր ու անբաղձալի «ժառանգութեան»:

Մեծ հարցականը այն է, թէ այսպիսի պայմաններու մէջ ընտրուած խորհրդարանը որքանո՞վ ի վիճակի պիտի ըլլայ ծառայելու մեր ժողովուրդի համազգային իղձերու իրականացման` ընկերատնտեսական բնագաւառէն մինչեւ աշխարհաքաղաքական բնագաւառը: Յառաջիկայ քանի մը օրերուն արդեօ՞ք պիտի կրնանք վեր բարձրանալ գաղափարախօսական մրցակցութենէ զուրկ այս ընտրապայքարէն եւ ընտրել խորհրդարան մը, որ համազգային մեր պահանջներու ու նպատակներու գիտակցութիւնը եւ զգօնութիւնը ունի:

Անկախաբար խորհրդարան մուտք գործելիք  պատգամաւորներու եւ կուսակցութիւններու քաղաքական հասունութենէն ու որակէն` անկարելի է, որ մեր բոլորին ակնկալիքներու իրագործումը լուրջ լուծումներ գտնեն մօտ ապագային: Առ այդ, մեր համաժողովրդային պայքարը, ինչպէս անցեալին, յառաջիկային եւս նոր թափով պիտի շարունակուի ի սէր բազմաչարչար մեր ժողովուրդի ընկերային-տնտեսական եւ ազգային նպատակներու հաւասարապէս իրականացման: Յաջողութիւն` մեր ազգին իր յարատեւ պայքարի ճամբու ընթացքին:

Լոս Անճելըս