Մտորումներ. Կրկին Սփիւռք(ներ)ի Հասնումի Մասին

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. Պալեան

Սփիւռքը ազգին համար յաւերժական չի կրնար ըլլալ: Ան պատմական արկած մըն է, ժամանակաւոր: Սփիւռքը ազգ չէ, ազգ ըլլալու ստորոգելիները չի կրնար ունենալ, չունի, նոյնիսկ եթէ այդ խաբկանքը ուզենք բառերով ստեղծել:

Բայց սփիւռքի գոյացման պատճառը գիտենք. ան հայրենահանումն է: Ի հարկէ խօսքը չի վերաբերիր հայրենալքումին, զոր կոչեցինք արտագաղթ: Հայրենահանումը ազգ մը անհետացնելու ոճրային միտում է: Ան ազգ մը կը դարձնէ գաղթականութիւն, եւ այդ զգացումը մեղմացնելու համար կ’ըսուի, կ’ըսենք սփիւռք: Ոչ գաղթականութիւն եւ ոչ արիւն:

Եթէ սփիւռքը յաւերժական չէ ազգին համար, հարց կարելի տալ, թէ ո՞ւր պիտի յանգի ան: Անոր նպատակ մը կարելի՞ է ճշդել, բացի անհատներու բարօրութենէն, ապահովութենէն (միշտ թէական) եւ լաւ ապրելու իրաւունքէ, որ արդարացումն է հայրենալքման եւ տրամաբանութիւնը վերադարձը ազգային քաղաքականութեան առաջնահերթութիւն չհամարելու:

Տեսական եւ այլ մտային մարզանքներէ անդին անցնելով, պէտք է խորհիլ սփիւռք(ներ)ի հայ մարդու եւ հայկական հաւաքականութիւններու ոչ միայն այսօրուան, այլ նաեւ վաղուան մասին, ոչ որպէս սոսկ անհատներու, այլ որպէս ազգէն անջատուած հատուածի, ազգի իրաւազրկուած անդամներու: Ասոնք մարդիկ են, որոնք ծնունդն են, որպէս ընդհանուր սկզբունք, հայրենիքի մը եւ մշակոյթի մը, որոնք կու տան ինքնութիւն, ինքնուրոյնութիւն, ինչպէս որ է պարագան բոլոր ժողովուրդներու, ռուսին, արաբին, անգլիացիին, չինացիին, եգիպտացիին, սպանացիին:

Բայց սփիւռքը կրնա՞յ պահել ինքնութիւն եւ ինքնուրոյնութիւն եւ մինչեւ երբ:

Գաղթականութիւնները եւ սփիւռքները հայրենիքէ կտրուած են, զգացականը արուեստական կապ է, հետզհետէ մշուշոտելու դատապարտուած, հոգեպէս եւ համրանքով: Զբօսաշրջութիւնը մխիթարական-ձեւական կապ է, կեանքի կապ չէ:

Պէտք է դադրիլ ինքնագոհական եւ մարդորսական հաստատումներ կրկնելէ, ինչպէս յաճախ բարձրախօսներէն կը լսուի, որ սփիւռքը հայ ժողովուրդի կէսէն աւելին է: Քաջութիւն պէտք է ունենալ ըսելու, որ այդ կէսէն աւելին ո՞ր տոկոսով հայ ժողովուրդ է կամ մնացած է եւ դեռ վաղը ո՞ր տոկոսով այդպէս պիտի մնայ:

Չեմ գիտեր թէ որո՞ւ եւ որոնց հաճոյք կը պատճառէ, կամ ի՞նչ բանի կը ծառայէ ուռուցիկ այն յայտարարութիւնը, որ հայութիւնը համաշխարհային ազգ է: Ո՞ւր է այդ ազգը որպէս այդպիսին, ո՞ր ենթակառոյցներով ան կրնայ ապրիլ որպէս ազգի հատուած: Գինեսեղանի շուրջ ծափահարուած բաժակաճառերը անվաղորդայն աւուր պատշաճի աղմկարարութիւն են, գիտակիցին եւ անգիտակիցին համար

Առանց ճապկումներու պէտք է խօսիլ եւ գործել: Եթէ սփիւռքը յաւերժական չէ եւ չի կրնար ըլլալ որպէս ազգի հատուած (ծագումով հայ անհատներ պիտի տեւեն անկասկած, այդ ծագումը յիշեն թէ ոչ), հարց պէտք է, տալ թէ ինչո՞ւ պէտք է պահել սփիւռքը, ի՞նչ ընելու համար, ազգի ո՞ր ապագային համար: Մեր նախաձեռնութիւնները պէտք է պատասխան ըլլան գոյութենական այս հարցումներուն, առանց բանտարկուած մնալուկրօնահամայնքային ինքնանպատակ դարձած-դարձող կացութիւններու մէջ, որոնք առաւելաբար երեւելիութենապաշտութիւն են:

Սփիւռքին տէր պէտք է ըլլալ, պաշտպանել, պահել ազգային նկարագրով, որպէսզի ան տէր մնայ իր իրաւունքին եւ շարունակուի պայքարը հայրենահանման վերջ տալու համար: Այս հասնումի նպատակ է: Ինչպէ՞ս, որոնցմով, ո՞ր կազմակերպութեամբ: Առաջին հերթին պահելով համրանքը որպէս հայութիւն, որ վերացական կը դառնայ երբ բացակայի ազգային որակը: Ազգային որակը մշակութային է եւ քաղաքական գիտակցութիւն: Պահուող համրանքը այս որակով իմաստ եւ արժէք կ’ունենայ, որ տարբեր է ծագումով հայու տխրութենէն, մարդասիրական, բարեսիրական եւ մշակութասիրական հետաքրքրասիրութենէ (օրինակ, առաջին քրիստոնեայ պետութիւնն ենք, Բիւզանդիոնի մէջ եղած են տասնեակ հայ կայսրեր, բազմաթիւ երկիրներու մէջ օտարագիր հռչակաւոր հայածնունդներ կան, ինչպէս նաեւ հայածնունդ նախարարներ, դերասաններ, գիտնականներ):

Այսօր սփիւռքը ազգային որակով համրանք մնալու համար համապատասխան յանձնառութեան հասնումի նպատակը ունի՞, այսինքն իր տասը միլիոն համրանքին ազգ ըլլալու համապատասխան ուժը եւ կազմակերպութիւնը ունի՞: Կան կարեւոր թիւով մարդիկ, խմբաւորումներ, որոնք յիշուած ազգային որակը կ’ուզեն պահել, կը պահեն, սակայն ի՞նչ կը ներկայացնեն գործնապաշտ եւ միայն բարօրութեան հետամուտ զանգուածին բաղդատած: Եւ ի հարկէ, նախատեսութիւններու համար տուեալներ չունինք, չկան իրաւ վիճակագրութիւններ, տարբեր՝ ենթակայական գնահատումներէ: Եւ կը գործենք այն հաւկուրութեամբ, որ կը յառաջացնէ խաբկանք, երբ ծառը կը ծածկէ անտառը:

Հայրենահանման հետեւանքով ստեղծուած սփիւռքը իր առեւանգուած հայրենիքին տէր ըլլալու եւ հոն վերադառնալու երազը ունի՞, դեռ չեմ խօսիր յանձնառութեան մասին: Նոյն հարցումը կարելի է ուղղել ներկայ Հայաստանի մէջ ապրող վանեցիններուն, մշեցիներուն, սասունցիներուն, այսինքն բոլոր անոնց որոնք Արեւմտահայաստանէն հեռացած-հեռացուած են: Այսինքն, ազգովին, անհատներ, կազմակերպութիւններ եւ պետութիւն, այսօ՛ր, ի՞նչ վերաբերում ունինք բռնագրաւեալ Հայաստանի նկատմամբ: Ստեղծուած կացութիւնը անվերադա՞րձ է, միթէ՞ Արեւմտահայաստանը պէտք է արձանագրել պատմութեան շահ-վնասի տոմարին մէջ: Այս հարցման պատասխանէն կախում ունի Սփիւռքի գոյութենական իմաստը, որ լծակը պէտք է ըլլայ յանձնառութիւններու, այսինքն՝ վաղուան ընթացքին եւ առաջադրանքներուն:

Այս խնդիրները համասփիւռքեան չեն: Գործօն բջիջներ, երբ կը խօսին, կը գրեն, նախաձեռնութիւններ կ’ունենան, կը կարծեն որ իրենց հետ ունին ամբողջութիւն մը, երբ մեծ գիտնական ըլլալու կարիք չկայ տեսնելու եւ հասկնալու համար, որ ընդհանուր թիւին բաղդատած չնչին փոքրամասնութիւն են: Ցոյցի մը մասնակցող հազար կամ հինգ հազար անձերը ի՞նչ կը ներկայացնեն հարիւր, երկու հարիւր եւ աւելի հազարներու բաղդատած:

Հայաստանի պետութեան եւ սփիւռքի բազմազան ղեկավարութիւններուն համար օրակա՞րգ է յիշուած տասը միլիոնը պահել ազգային որակով, որպէսզի պատմութեան աստեղային մէկ պահուն, ժառանգները տէր դառնան հայրերու հողին:

Այսօր ալ դրուած է հայրերու հողին տէր ըլլալու հիմնահարցը:

Սպասելով բանաստեղծի երազած «վարդահեղեղ արշալոյսը»ը, այսօր հողին տէր ըլլալու անմիջական խնդիր ունինք, Հայաստան եւ Արցախ: Այդ հողը այսօր ոչ Մայամի է, ոչ Քոթ տ’Ազիւր, վաղուան ազատագրուած-ազատագրուելիք Արեւմտահայաստանն ալ այդպէս պիտի չըլլայ: Բոլոր անոնք որոնք կը սպասեն, որ Հայաստան եւ Արցախ զբօսաշրջային դրախտներ ըլլան եւ իրենք երթան հոն լարեն իրենց քաղքենիի վրանները, կամ երբ տեսնեն որ անոնք այդպէս չեն, եւ իրենց ճամպրուկները շալկած իջեւանին աստ եւ անդ, առարկելով որ իրենց զաւակներուն համար հայկական այդ հողերուն վրայ ապագայ չկայ, բժշկական խնամքը անբաւարար է, աշխատանք չկայ, հետեւաբար կարելի է հեռանալ եւ հայրենիք լքել, վերադարձը անհեթեթ համարել եւ հայրենադարձութիւնը դասել անկարելիութիւններու ցանկին վրայ: Հայրենիքի մէջ ապագայ ունենալ, աշխատանք ունենալ, ապահովութիւն ստեղծել, ոչ մեր բարեկամներուն եւ ոչ ալ օտարներուն պարտականութիւնն է: Այսօ՛ր, Հայաստանի եւ Արցախի բնակեցումը, զարգացումը, վաղուան ամբողջացման գրաւականն է:

Այս գիտակցութիւնը կը հասնի՞ իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ, առանց բեմերու լոյսով եւ աղմուկով ինքնախաբէութիւն խաղալու:

Սփիւռքը յաւերժական չէ:

Անոր համրանքը, կրկնուող տասը միլիոնը, չի դիմանար ժամանակի եւ շրջապատի ճնշման, կը կորսուի: Թէ պէտք է հզօրացնել սփիւռքը, պաշտպանելու համար այդ տասը միլիոնը, ոչ մէկ կասկած, բայց պէտք է գիտակցիլ այդ ճիգին առջեւ կանգնող արգելքներուն, գիտնալ սահմանները: Ինչ որ եղած է եւ կ’ըլլայ, այդ տասը միլիոնի ո՞ր տոկոսի պաշտպանութեան կը ծառայէ, ո՞ր տոկոսին հայ ազգային որակ կու տայ կամ կրնայ տալ:

Պատմութեան ներկայ հանգրուանին, այդ համրանքի ազգին մէջ մնալու անմիջական ուղին հայրենատիրութիւնն է, հայրենադարձութիւնը, որոնք բեմական յուզումներէ եւ դեռ դիմադրող փոքրամասնութիւններու շաբաթավերջի հանդէսներէն եւ խրախճանքներէն մարդկային եւ ազգային տարբեր որակ են, նաեւ անհատական մակարդակի վրայ՝բարձրամակարդակ ինքնահաստատում:

Յուշ-յիշատակի եւ զբօսաշրջիկի պատկեր-յուզում-աղմուկէ անդին, հայրենի պետութիւնը, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռքի հարազատ եւ յանդուգն ղեկավարութիւնը եւ գինեձօներով չբաւարարուող մտաւորականութիւնը, առանց զիկզակելու, հիմնահարցերը ոչ միայն պէտք է քննեն, այլ ձեռնարկեն անոնց կենսագործման:

Ոչ միայն խօսքով, ծափով, երթալ-գալով, չնաշխարհիկ կարծիքներ յայտնելով, այլ նաեւ անձին օրինակով: Տեղ մը գրած էի, որ Պեվըրլի Հիլզ նստած, նոյնիսկ Էյֆէլեան Աթտաէակի վերջին յարկէն, Արարատի գագաթին տնկուած մոմի լոյսով կարելի չէ ջերմանալ:

Փոխանակ խանդավառուելու բջիջներով, բախտաւոր պարագային՝ համայնքներով, երթալ դէպի ամբողջը, հասնիլ իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ:

Ինչպէ՞ս, հարց պիտի տայ ողջմիտ հայը: Բայց ի՞նչ բանի կը ծառայեն պետութիւնը եւ ամէն գոյնի ղեկավարութիւնները: Երբ չեն յաջողիր այս ընել, կը նշանակէ որ չեն լսեր պատմութեան ձայնը:

Իսկ գիտակից զանգուածները պէտք է հարցնեն, թէ ի՞նչ կը բանին անոնք: Կը հարցնե՞ն:

Ընթերցողը թող ներէ որ անգամ մը եւս յիշեմ ԻՒՆԵՍՔՈյի նախկին ընդհանուր տնօրէն Ֆետերիքօ Մայորի խօսքը. ՎԱՂԸ ՄԻՇՏ ՈՒՇ Է…

Լաւատես գինովին պէս պէտք է տեսնել բաժակին լեցուն մասը: Իրատես գինովին պէս պէտք է տեսնել նաեւ բաժակին դատարկ մասը:

Իսկ կա՞ն իրատես գինովներ…