Վստահ եմ Գագիկի Ոտաբոբիկ Քալելու Ուխտը Պիտի Տայ Իր Պտուղները». Զաքար Խոջաբաղեան

Այլեւայլ, Հայաստան

88-ի երկրաշարժին Գիւմրիի դպրոցը Գագիկի աչքի առջեւ փուլ եկաւ՝ 300-էն աւելի մարդ ձգելով փլատակի տակ։ Այս մասին կը պատմէ անոր ընկերը՝ Զաքար Խոջաբաղեանը, խօսելով Գագիկի նախաձեռնութեան մասին։

Գագիկը պարբերաբար քայլեր կը ձեռնարկէ՝ բոբիկ քալելով տարբեր տեղեր։ Նոյնիսկ Մասիս բարձրացած է՝ մինչեւ 4100 մեթր բարձրութիւն։ Այս անգամ «Գիւմրին առանց տնակներու» խորագիրով՝ Գագիկը 20-25 քլմ ամէն օր ոտաբոբիկ քալելով՝ Գիւմրիէն դուրս եկած է դէպի Ստեփանակերտ՝ Քարվաճառի կողմով, այնուհետեւ Ստեփանակերտէն՝ Գորիսով դէպի Գիւմրի։

Զաքարի խօսքով Գագիկի քայլը օրհնած է Գիւմրիի սրբազանը՝ Միքայէլ Աճապահեան։ «Վստահ եմ, որ Գագիկի ոտաբոբիկ քալելու ուխտը պիտի տայ իր պտուղները»,- կ՝ըսէ Զաքար Խոջաբաղեան, նշելով, «եկէք օգնենք այս գործին։ Գագիկը պիտի շարունակէ իր ճամբան։ Օրական մօտ 20 քլմ քալելով՝ մինչ Գիւմրի։ Ճանչցէք։ Հաւանաբար ան նաեւ ձեր հիւրը ըլլայ»։

Դուք կրնաք Գագիկի քայլին աջակցիլ՝ ձեր նուիրատւութիւնը կատարելով հետեւեալ հաշուեհամարին 1570025820780100 (AMERIABANK)։