Հայկական Գինի եւ Թունդ Խմիչքներ Արտադրող Ընկերութիւնները Պիտի Մտնեն Չինական Շուկայ

Հայաստան

Չինաստանի Շանհայ քաղաքին մէջ վերջ գտաւ Prowine China 2018  միջազգային ցուցահանդէսը, ուր հայկական գինի եւ թունդ ոգելից խմիչքներ արտադրող 10 ընկերութիւններ, Հայաստանի խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնադրամի (ՀԽԳՀ) նախաձեռնութեամբ ու աջակցութեամբ, մէկ միասնական տաղաւարով ներկայացուցած են հայկական գինիներն ու քոնեակը:

Հայաստանի խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնադրամէն կը յայտնեն, որ միջազգային այս խոշոր ցուցահանդէսին Հայաստանը ներկայացած է աւելի քան 120 տեսակ կարմիր, սպիտակ եւ վարդագոյն գինիներով: Հայաստանը Prowine China ցուցահանդէսին մասնակցած է արդէն երկրորդ անգամ:

«Գինի արտադրող եւ արտահանող երկիրներու կողմէ չինական շուկան այսօր կը համարուի կարեւոր շուկայ: Հայաստանը դեռ շատ ընելիքներ ունի Չինաստանի շուկայ արտահանման խթանման ուղութեամբ, եւ այս հարցով պետական աջակցութիւնը շատ կարեւոր գործօն կրնայ հանդիսանալ հայկական ընկերութիւններուն համար: Հայաստանը, որպէս գինեգործութեան հնագոյն երկիր, հարուստ պատմութիւնով եւ բնակլիմայական բոլոր նախապայմաններն ունենալով, դեռ այս շուկայի մէջ ճանչցուելու կարիք ունի: Այդ նպատակով ալ հիմնադրամը չինական շուկայի մէջ հայկական գինիներու ներկայացուածութեան ու ճանաչելիութեան բարձրացման ուղղութեամբ աշխատանքներ կ՛իրականացնէ, որոնցմէ մէկն ալ Prowine China ցուցահանդէսին մասնակցութիւնն է:

Prowine China ցուցահանդէսին կ՛այցելեն աւելի քան 15 հազար գնորդներ, ներմուծում եւ արտահանում իրականացնող ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ աշխարհի շուրջ 40 երկիրներէ։

Նոյեմբեր 13-15 Շանհայի մէջ կայացած ցուցահանդէսի արդիւնքով  մասնակից ընկերութիւնները հանդիպումներ ունեցան աւելի քան  150  հնարաւոր միջազգային գնորդներու հետ, որու արդիւնքով ձեռք բերին նախնական  80 պայմանաւորուածութիւններ:  Ընկերութիւնները ներկայիս կը գտնուին բանակցութիւններու մէջ։

Ցուցահանդէսի մասնակիցները կը նշեն, որ չինացի սպառողը շատ հետաքրքրուած է հայկական գինիներով. մասնաւորապէս նուռի գինին կրնայ իր ուրոյն տեղը գտնել Չինաստանի շուկային մէջ: Հայկական տաղաւարի այցելուներուն մեծ մասը նախապատուութիւնը տուած է նուռի, ինչպէս նաեւ կարմիր կիսաչոր եւ կիսաքաղցր գինիներուն»,- ըսուած է հիմնադրամի տարածած հաղորդագրութեան մէջ: