Հայկական Յոբելինական 500 Դրամանոցը Արժանացած է Լաւագոյն Տարածաշրջանային Թղթադրամ Տիտղոսին

Հայաստան

500 դրամ անուանական արժէքով յոբելինական թղթադրամը միջազգային յաջողութիւն ունեցած է:

«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` այս մասին Կեդրոնական դրամատան մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ըսած է ԿԴ գլխաւոր քարտուղար Դաւիթ Նահապետեան: «Այս տարի ան արժանացած է լաւագոյն տարածաշրջանային թղթադրամ տիտղոսին: Մենք յոյս ունինք, որ մեր երրորդ սերունդի թղթադրամները եւս մասնագէտներու գնահատականին կ՛արժանան»,-ըսած է Նահապետեան:

«Նոյեան տապան» հաւաքորդական դրամը, կամ 500 դրամ անուանական արժէքով յոբելինական թղթադրամը շրջանառութեան մէջ դրուած է 2017-ի Նոյեմբեր 22-ին:

Թղթադրամը տպագրուած է Hybrid™ բարձրորակ բաղադրեալ հումքի վրայ, որ երկու կողմերէն փոլիէսթըրի բարակ շերտով պատուած բամբակէ թուղթ է:

Թղթադրամի դիմերեսին Նոյեան տապանի մասունքի պահարանի եւ Էջմիածինի վանքի պատկերներն են, յետին մասին մէջ կ՛երեւի Արարատ լեռը:

Դարձերեսին` Նոյի ու անոր ընտանիքի անդամներուն, իսկ անոնց աջ ու ձախ կողմերուն մէջ տարբեր կենդանիներու ու թռչուններու պատկերներն են` Արարատ լերան համապատկերին վրայ: