Արեւելեան ԱՄՆ-ի Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան «Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան» Ժամանակակից Գրականութեան Մրցանակ

Սփիւռք

Արեւելեան ԱՄՆ-ի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Շրջանային Վարչութիւնը կը տեղեկացնէ հինգերորդ «Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան» Ժամանակակից Գրականութեան Մրցանակակիրներն են Մեհրէի “Բացատ” բանաստեղծական հաւաքածոն՝ հայերէն ներկայացուած գործերու մէջ եւՍիւզան Պարպայի  “Արդար Արեւ (“Fair Sunբանաստեղծական հաւաքածոն անգլերէնով եւ երկլեզու ներկայացուած երկերու ընդմէջէն։ Դատական կազմը հանգեցաւ այս որոշումին երկար եւ դժուարին խորհրդածութիւններէ ետք։

Մրցանակը իր կարկինը բաւական լայն բացած է, ընդունելով բազմաժանր գործեր, սակայն անունը «ժամանակակից գրականութեան մրցանակ» է, ուստի դատական կազմը դիտել տուաւ թէ նախընտրութիւնը գրական գործերուն պէտք է երթայ։ Այս տարի մրցանակին արժանացան Մեհրէի ու Սիւզան Պարպայի ներկայացուցած երկերը, որոնք կը ցուցաբերեն արուեստի զգացողութիւն եւ գրողի յանդգնութիւն։

«Համազգային»ի այս մրցանակը կը կրէ հայ գրականութեան երախտաւոր, գրաքննադատ, «Հայրենիք»-ի երկարամեայ խմբագիր Մինաս Թէօլէօլեանի ու իր կողակցի` հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Գոհար Թէօլէօլեանի անունը: Այս մրցանակը կը շնորհուի Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ բնակող շնորհալի հեղինակներուն: «Համազգային»ի հիմնական նպատակն է մրցանակի միջոցով քաջալերել այն հեղինակներուն, որոնք կը գրեն հայերեն կամ հայեցի նիւթերու մասին: Իւրաքանչիւր մրցանակակիրի նիւթական պարգեւն է $1.500: Գրութիւնները կրնան ըլլալ գրական որեւէ հիմնական ձեւի մէջ. բանաստեղծութիւն, պատմուածք, վէպ, նորավէպ, թատերգութիւն, ինչպէս նաեւ յուշագրութիւն, մտորումներ եւ գրական վերլուծութիւններ: Մրցոյթի մասնակիցները պէտք է ծագումով հայազգի ըլան եւ կամ ներկայացուած գրուածքի բովանդակութիւնը հայութեան վերաբերող նիւթ պարունակէ:

Մրցանակի նիւթական յատկացումը առատաձեռնօրեն ստանձնած են Սան Ֆրանսիսքոյաբնակ Տէր եւ Տիկին Եդուարդ եւ Վերժին Մսրլեաններ:

Դատական կազմի անդամներն են՝ Դոկտ. Սիմա Աբրահամեան (Մոնրէալ), Անոյշ Ակներեան (Մոնրէալ), Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան (Նիւ Ճըրզի) եւ Գուրգէն Արզումանեան (Քալիֆորնիա)։