Նիկոլենց «Իզմ»ի Հետքերով

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հրակ Փափազեան

«Իզմ»երու ժամանակաշրջանը անցած է, յայտարարած էր Փաշինեան եւ խուսափած ինքզինք ու իր ղեկավարած ուժը գաղափարական առումով դասակարգելէ: Անցումային շրջանի շեմին՝ գուցէ կարելի էր ժամանակաւորապէս անտեսել այդ անհեթեթ խուսանաւումը. քաղաքական կեանքի բնականոնացման եւ մօտալուտ ամբողջական իշխանափոխութեան լոյսին տակ, սակայն, էապէս կարեւոր է պարզել առաջատար ուժի գաղափարական ու արժեհամակարգային ընկալումները:

Արդէն քիչ-քիչ կ՛ուրուագծուի կառավարող նոր խումբի իզմ-ը, առնուազն սոցիալ-տնտեսական ոլորտին մէջ: Անցումային (եւ հաւանական յետագայ) կառավարութեան առանցքային ներկայացուցիչներու հնչեցուցած միտքերն ու դաւանած արժէքները յաճախ կատարելապէս կը տեղաւորուին նոր-ազատական (նէոլիպերալ – neoliberal) տրամաբանութեան եւ արժեհամակարգին մէջ:

1120nikolԱյլ առիթով պէտք է երկար գրել նոր-ազատականութեան մասին: Առայժմ, սակայն, ամփոփ կերպով համրենք որոշ հիմնական սկզբունքները միայն. եւ այսպէս, գործնական նախապատւութիւն՝ բիզնեսին, շուկայի ազատականացում ու ազատագրում հանրային վերահսկողութենէ, պետութեան սոցիալական պարտաւորութիւններու կրճատում եւ արդար բաշխում ապահովելու պատասխանատւութեան թօթափում. «ամէն ինչ շուկան թող ընէ»… հոգ չէ թէ փոքրամասնութեան իշխանութեան է անիկա ենթակայ, եւ ուրեմն ապաժողովրդավարական է հիմնովին:

Լուսարձակներէ հեռու մնացած հետեւեալ երեք յայտարարութիւնները բաւարար են, կը կարծեմ, արձանագրելու համար թէ նորայայտ քաղաքական վերնախաւը այսպիսի արժէքներու կրողն է:

Առաջինի հեղինակը Փաշինեանն է: Դեռ Օգոստոսին, սփիւռքահայ պատանիներու հետ հանդիպման ընթացքին, ան փորձած էր սահմանել «սոցիալական արդարութիւն» եզրոյթը, երբ Հայաստանի մէջ արդարութեան հաստատման մասին հարց ուղղուած էր իրեն:

Փաշինեան ըսած էր. «Տեսէ՛ք, պէտք է մենք հասկնանք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ սոցիալական արդարութիւն. մենք չենք կրնար ակնկալել, որ բոլորը, բոլոր քաղաքացիները բարեկեցութեան նոյն մակարդակը ունենան: Ընդհանրապէս ընդունուած է տարբերակ, որ պէտք է մարդոց ընկերային օգնութիւններ տրամադրել, որպէսզի փորձ կատարուի անոնց բոլորը հասարակական հաւասարութեան նոյն մակարդակին վրայ դնել. անկեղծ ըսեմ՝ ես կը կարծեմ, որ ասիկա անիրականանալի է եւ ճիշդ չէ:» (տես https://www.youtube.com/watch?v=qybsIIiaR6s-31:41էն)

Բայց ասիկա «սոցիալական արդարութեան» ոչ թէ սահմանում, այլ ապասահմանում, նոյնիսկ հակասահմանում է: «Չենք կրնարն ակնկալել»-ով՝ Փաշինեան կարծես կը թելադրէ չպահանջել հասարակական արդարութիւն, որովհետեւ «անիրականանալի» է անիկա… չ՛արժէր ձգտիլը նոյնիսկ: Աւելին, Փաշինեան անկեղծօրէն կը կարծէ, որ ճիշդ չէ պետութեան կողմէ տրամադրելի ընկերային օգնութիւններով գոնէ փորձել մեղմել գոյացած ու աճող անհաւասարութիւնը: Ի՞նչ է ասիկա, եթէ ոչ հասարակական անարդարութեան վաւերականացում (լեկիտիմացում-legitimization) եւ բնականոնացում (normalization):

Գիտակցելով անշուշտ, որ պէտք է ինչ որ լուծումանման բան առաջարկել՝ Փաշինեան կը դիմէ նէոլիբերալիզմի դասական ու մաշած հեքիաթներուն. «Մենք պէտք է մարդոց համար հնարաւորութիւն ստեղծենք, որ իւրաքանչիւրը ինքը իր աշխատասիրութեամբ, իր եռանդի համաձայն գտնէ իր հասարակական նիշան եւ հնարաւորութիւն ունենայ, ինքը գիտնայ, որ այդ իր նիշան իրեն համար դատավճիռ չէ: Եթէ այսօր ինքը այս նիշային մէջ է, կ՝ուզէ աւելի բարձր աւելի լաւ հասարակական վիճակի մէջ ըլլալ, ինքը կրնայ ատոր հասնիլ աշխատանքով: Մեզի համար ամենակարեւոր խնդիրը աշխատանքի համար, աշխատանքով զարգանալու, աշխատանքով առաջընթաց ունենալու, աշխատանքով բարեկեցութեան հասնելու պայմաններ ստեղծելն է…» (տես դարձեալ https://www.youtube.com/watch?v=qybsIIiaR6s-32:19):

Ասոնք նոյն այդ «հնարաւորութիւն»ներն են, երեւի, որոնց շնորհիւ նոյնիսկ զարգացած համարուող երկիրներու մէջ մարդիկ մասսայաբար հասեր են այնքա՜ն բարձր հասարակական վիճակի, որքան ուզեր են. եւ կանգ առեր են միայն, երբ այլեւս չեն ուզած, կամ երբ ծուլացեր են: Միլիոնաւոր անտունները, ծայրայեղ աղքատները, աշխատանքային գաղթականները կամ օրը օրին պարտքերու տակ հազիւ գոյատեւողները՝ չցանկացող-ծուլացողները պէտք է ըլլան անպայման: Ասիկա անարգանք է, թէկուզ անգիտակից, նոյն այդ «հաւասար հնարաւորութիւններ» խոստացող հասարակարգերու մէջ գործազրկութենէ մաշող կամ աշխատանքային ծանր պայմաններու մէջ մաշեցուող ու աղքատ բազմահազարներու հանդէպ:

Պետութենէն ակնկալիքները նուազեցնելու եւ փոխարէնը աշխատելու Փաշինեանի այս հռետորաբանութիւնը, վերջերս արդէն հասեր է աղքատները ուղղակի կշտամբելու, դատապարտելու, եւ ձրիակերութեան ու ծուլութեան մէջ մեղադրելու աստիճանի (օրինակ՝ 17 Հոկտեմբերին, որուն արձագանգ եղաւ «Սեւ Բիբար»ի նախորդ յօդուածով եւ 8 Նոյեմբերին, որ ընկերային ցանցերու վրայ բուռն հակազդեցութիւններու տեղ տուաւ): Բայց անցնինք առաջ:

Յաջորդը, Աւտօվարկային ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն, «Արդշինբանկ» դրամատան նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեայ ու ներկայիս վարչապետի խորհրդական Մեսրոպ Առաքելեանի համոզումներն են՝ հնչեցուած նախատեսուող նոր-ազատական եւ հակա-հասարակական համահարթ հարկային համակարգի (flat tax) շուրջ քննարկման ատեն (ուր, ի դէպ, վրացի մասնագէտը կը ներկայացնէ յետ-յեղափոխական Վրաստանի նէօլիպերալ դառն փորձը՝ աճող աղքատութեամբ ու արտագաղթով յատկանշուած — https://www.youtube.com/watch?v=2x9fAcvbNVQ&t=1367s):

Ահա՛ առաջարկուող հարկային տարբերակի արդարացումը, ըստ վարչապետի խորհրդականին. «…Ընդհանրապէս եկամտային հարկի դրոյքաչափը կարելի չէ համարել պետութեան կողմէ քաղաքացիին օժանդակութիւն եկամուտի տեսքով: Այսինքն այնպէս չէ, որ մենք եկամտահարկը իջեցնենք, որ մարդը հազար դրամ աւելի ստանայ, երբ որ ինքը կ՝աշխատի մասնաւոր ոլորտի մէջ. ատիկա բացառապէս քաղաքացիի եւ գործատուի յարաբերութիւնն է, և քաղաքացին եւ գործատուն կ՝որոշեն իրենք ինչքան եկամուտ կը ստանան, եւ ոչ թէ պետութիւնը պէտք է եկամտային հարկի 2 տոկոս դրոյքաչափը նուազեցնելով փորձէ հասարակական աջակցութիւն (ցուցաբերել)» (տես https://www.youtube.com/watch?v=4IeERoC- -7c&t=3958s՝ 50:49էն):

Դարձեալ՝ նէոլիպերալիզմի դասագրքային ներկայացում, ուր կ՛երեւին հետեւեալ միտումները. պետութեան հասարակական պարտաւորութիւններու աստիճանական յանձնում եւ տնտեսական բեւեռացումը մեղմելու գործիքակազմէ ձերբազատում, պետութեան նահանջ՝ գործատու-աշխատաւոր խիստ անհաւասար յարաբերութիւններէն, այսինքն աշխատաւորի փաստացի լքում՝ իր շահագործման աստիճանի որոշման գործընթացին մէջ:

Այս մօտեցման համահունչ են, թէեւ աւելի անկաշկանդ ու կոպիտ, փոխվարչապետի պաշտօնակատար եւ Փաշինեանի խումբի տնտեսական հարցերու առաջատար դերակատարներէն (գործարար) Աւինեանի վերջերս հնչեցուցած միտքերը: Հանրային պատկերասփիւռին տրուած հարցազրոյցէն հատուած մըն է մէջբերուածը.

Հաղորդավար.– …Ամէն պարագայի յաջորդ տարուան պիւտճէին մէջ, կարծէք թէ, աշխատավարձերու փոփոխութիւն նախատեսուած չէ:

Աւինեան.– Ինծի միշտ հետաքրքրած է, երբ կը խօսին աշխատավարձերու բարձրացման մասին, յստակ ինչ նկատի ունին, որովհետեւ…

Հաղորդավար.– Առնուազն նուազագոյն աշխատավարձի նուազագոյն շեմի բարձրացում…

Աւինեան.– ԸՄ… լաւ… այդ պարագային մենք… ըհ… որո՞ւն օգուտ կու տանք:

Աւինեանը աշխատավարձերու նուազագոյն շեմի բարձրացման մէջ ոչ ոքի ոչ մէկ օգուտ կը տեսնէ. աշխատավարձը վճարող գործարարներու հասնելիք վնասն է, հաւանաբար, իր տեսածը:

Շարունակենք.

Աւինեան.– Ըմ..լաւ… այդ պարագային մենք… ըհ… որո՞ւն օգուտ կու տանք:

Հաղորդավար.– Դուք պէտք է ըսէք:

Աւինեան.– Ես կրնամ ըսել, որ ընդհանուր առմամբ մենք պէտք է այնպիսի պայմաններ ստեղծենք ՀՀ-ի մէջ տնտեսական զարգացման համար, որպէսզի շուկան ինքը աստիճանաբար բարձրացնէ աշխատավարձերը… պետութիւնը ինքը ընդհանուր առմամբ նման կարգաւորիչ դեր չունի շուկային մէջ, պետութիւնը երբեւէ չի կրնար մասնաւոր ոլորտի մէջ աշխատավարձ բարձրացնել: (տես https://www.youtube.com/watch?v=82uFklo1WvA՝ 16:28էն)

Կարճ ըսած՝ Աւինեան բաց տեքստով կ՛անտեսէ աննշան աշխատավարձով գոյատեւել փորձող մեծամասնութեան շահը, մասնաւոր ոլորտի աշխատաւորները կը ձգէ իրենց բախտին ու շուկայի քմահաճոյքին: Նուազագոյն աշխատավարձի շեմը ինչո՞ւ բարձրացնել. ինչո՞ւ նոյնիսկ մտածել այդ մասին կամ ծրագիր մշակել այդ ուղղութեամբ: Ազատ շուկան թող ընէ, եթէ, որքան, երբ եւ մինչեւ այն ատեն որ շահագրգռուած ըլլայ…

Նոր վերնախաւի իզմ-ը նէոլիպերալիզմն է:

Անիկա ինքզինք կը մատնէ ոչ միայն յայտարարութիւններու մակարդակով, այլ նաեւ արդէն գործնապէս: Համահարթ հարկային համակարգի անկոտրում առաջարկը, եւ վերջերս Ծառուկեան խմբակցութեան կողմէ առաջարկուած եւ Փաշինեանի կառավարութեան կողմէ հաւանութիւն ստացած արհեստակցական միութիւններու համակարգը ականապատող օրէնքի փոփոխութիւնը առաջին նախանշանները կարելի է համարել:

Կը մնայ տալ հետեւեալ հարցը.

Որքա՞ն աղերս ունի այս «աներեւոյթ»իզմը յեղափոխութեան յոյսով փողոցները հեղեղած բազմահազարներու պահանջներուն ու շահերուն հետ:

 

Medium.com կայքի «Սեւ Բիբար» հարթակ