2019-ին Ատրպէյճանը Թող Նոր Անակնկալներ Սպասէ. ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակի Պատասխանատու

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Եւրոպայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած աշխատանքներուն, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հակահայկական քաղաքականութեան դէմ իրականացուող միջոցառումներուն եւ ներհայաստանեան կեանքին վերաբերող հարցերուն մասին Yerkir.am-ը զրուցած է ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի պատասխանատու Գասպար Կարապետեանին հետ:

Հարց.– Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը ընթացիկ տարին եւս կազմակերպած է եւրոպացի պատգամաւորներու այց Արցախ: Նմանատիպ այցերը արդեօ՞ք յանգեցուցած են կամ նպաստած Արցախի խնդիրի շուրջ տրամադրութիւններու եւ պատկերացումներու փոփոխութեան:

Պատ. Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի աշխատանքը կ՝ընդգրկէ ոչ միայն Արցախի խնդիրը, այլեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման հարցերը: Մենք տարբեր խորհրդաժողովներու մէջ եւ խողովակներով կը հաղորդենք այս պնդումը` Թուրքիան պէտք է ստանձնէ Հայոց Ցեղասպանութեան իրականացման պատասխանատւութիւնը: Ժամը պիտի գայ, եւ մենք պիտի որոշենք, թէ ինչպէ՛ս պէտք է պարտադրենք մեր պահանջները Թուրքիոյ: Այս տարի եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւին մէջ դարձեալ նշուեցաւ Թուրքիոյ պատասխանատւութեան հարցը: Մեր տեղական շրջաններու հետ լաւ յարաբերութիւններ ունինք եւ մեր օժանդակութիւնը կը ցուցաբերենք, որ անոնք այս ուղղութեամբ աշխատանքներ տանին: Ինչ կը վերաբերի Արցախի հարցին՝ մեր նպատակը Արցախը մեկուսացումէ դուրս բերելն է: Այդ իսկ պատճառով կը կազմակերպենք այցեր Եւրոպայէն Արցախ եւ Արցախէն Եւրոպա: Վերջին երկու տարուան ընթացքին 23 եւրոպացի պատգամաւոր այցելած է Արցախ, ինչպէս նաեւ Եւրոխորհրդարանի 10-15 անդամ: Անոնք իրենց աչքով տեսան, որ Ատրպէյճանի պնդումները ոչ մէկ աղերս ունին իրականութեան հետ: Այցին ընթացքին անոնք հանդիպած են Արցախի Հանրապետութեան ղեկավարութեան, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի հետ: Մենք ուզած ենք, որ անոնք շուկայ այցելեն, լսեն քաղաքացիները եւ ծանօթանան նաեւ անոնց ապրումներուն: Բոլորն ալ վերադարձած են իրենց երկիր` սիրահարուած Արցախին: Այսինքն` Ատրպէյճանի «սեւ ցուցակը» որեւէ արդիւնք եւ ազդեցութիւն չ՝ունենար: Աւելին` ատով անոնք կը գրգռեն եւրոպացիները, որովհետեւ անոնք` իբրեւ ազատ մարդիկ, չեն ընդունիր այն, որ դիկտատորական վարչաձեւը իրենց պիտի ըսէ, թէ ուր երթան, ուր չերթան: Վերջին այցելողներէն` պելճիքացի բարձրաստիճան պատգամաւոր, իր անձնագիրին մէջ դրաւ Արցախի վիզան, իսկ եւրոպացի այլ պատգամաւոր մը, անգամ նկարել տուաւ վիզան, որ բոլորը տեսնեն, որ այցելած է Արցախ:

Ատրպէյճանը ծիծաղելի ձեւով փորձեց դէմ դուրս գալ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակին` Ինթըրփոլէն պահանջելով հետապնդել զիս: Ատրպէյճանը զիս դատապարտած է բանտարկութեան, ատոր համար ալ Ինթըրփոլէն պահանջած է իմ ձերբակալութիւնը: Ասիկա ծիծաղելի է, քանի որ քաղաքական հետապնդում է, ուստի Ինթըրփոլը ասով չի զբաղիր: Պելճիքացի 24 պատգամաւոր բաց նամակ ստորագրեցին` դատապարտելով Ատրպէյճանը, որ կը զրպարտէ իրենց երկրին մէջ գործող կազմակերպութեան նախագահը: Բացի այս` 3 մեծ կուսակցութիւններու խորհրդարանական խմբակցութիւններու ղեկավարները Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարարին նամակ գրեցին, որ Ատրպէյճանին ըսուի, որ չեն կրնար Պելճիքայի մէջ գործող կազմակերպութեան ղեկավարի հասցէին սպառնալիք հնչեցնել: Աստէ ետք, Ատրպէյճանը դեսպանութեան միջոցով փորձեց խոչընդոտներ ստեղծել արցախցիներուն համար Եւրոպա մուտք գործելու հարցով: Պրիւքսէլը Եւրոպայի կեդրոնն է, ուստի խաղը այստեղ կը կատարուէր: Բայց Ատրպէյճանի այս խաղը եւս արդիւնք չտուաւ, եւ միայն վերջին շրջանին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը 2 անգամ այցելեց Պրիւքսէլ: Ատրպէյճանին չի յաջողիր Արցախը մեկուսացնել: 2019-ին Ատրպէյճանը թող նոր անակնկալներ սպասէ: Ի դէպ, Ատրպէյճանը փորձեց նաեւ միջամտել արցախցի ուսանողներու մուտքին, բայց մեր պարտադրանքով եւրոպացի պատգամաւորներէն մէկը եւրոպական Միութեան համապատասխան յանձնակատարին նամակ գրեց, թէ ազատ տեղաշարժի իրաւունքի մասին սկզբունքը պէտք է տարածուի նաեւ արցախցի ուսանողներուն վրայ, եւ ստացանք դրական պատասխան: Այս ծիրէն ներս կ՝ուզեմ ըսել, որ «Վահան Յովհաննիսեան» ծրագիրով երիտասարդներ կը բերենք մեր մօտ` սորվելու, որ անոնք տեսնեն, թէ ինչպէս կ՝աշխատի Եւրոպան: Այլ ծրագիրով մը արցախցի երիտասարդներ կը բերենք. այս պահուն Արցախէն երիտասարդ դիւանագէտ կայ մեր մօտ:

Հարկ է նշել, որ կը զբաղինք նաեւ Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն հարցով. անոնց անվտանգութեան խնդիրով Եւրոպայի կարեւոր դերակատարներու հետ հանդիպումներ ունեցած ենք: Մարդասիրական օգնութիւններ ուղարկած ենք Իրաք եւ Սուրիա՝ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու միութեան միջոցով: Քեսապի իրադարձութիւններէն ետք՝ պատուիրակութիւններ ուղարկած ենք Սուրիա, որ դէպքերը ճիշդ ներկայացուին: 14 երկրի մէջ կառոյց ունինք, ուր հայութեան հարցերով ծրագիրներուն օժանդակութիւն կը ցուցաբերենք:

Հարց.– Ատրպէյճանի կողմէ կաշառուած եւրոպացի պատգամաւորներու նկատմամբ պատշաճ գործողութիւններ կատարուեցա՞ն:

Պատ.– Սթրազպուրկի եւ Պրիւքսէլի մէջ մեծ աղմուկ բարձրացաւ, եւ այդ կաշառուած եւրոպացի պաշտօնեաները ստիպուած եղան հրաժարելու իրենց պաշտօններէն: Ես անցեալ տարի յայտարարած էի, որ մենք անոնց հանգիստ պիտի չձգենք, եւ այդպէս ալ եղաւ` իրենց պաշտօններէն հրաժարեցան 2 պելճիքացի, գերմանացիներ: Բացայայտումը մենք չըրինք, բայց պատկան մարմիններուն տեղ հասցուցինք խնդիրն ու իրավիճակը, յատկապէս Պրիւքսէլի մէջ լուրջ աշխատանք տարինք: Մեր պատուիրակութիւններն ալ լուրջ գործ ըրին, եւ այդ պաշտօնեաներուն նոյնիսկ արգիլուեցաւ մուտք գործել շէնք: Այսքան կոշտ եղաւ ԵԽԽՎ-ի պատիժը: Հիմա Ատրպէյճանը խաղը Սթրազպուրկէն տեղափոխած է Պրիւքսէլ, բայց այստեղ աւելի բարդ պիտի ըլլայ, որովհետեւ համակարգումը ուժեղ է: Ի հարկէ, դարձեալ փորձեր կը կատարուին, բայց մենք ալ ձեռքերը ծալած նստած չենք: Այս է պատճառը, որ, փորձելով հաւասարակշռել իրավիճակը, զիս սկսան մեղադրել, թէ ադամանդի գործ կ՝ընեմ, մեծահարուստ եմ եւ աշխարհի կէսը ձեռքս է: Եթէ այդպէս ըլլար, հայկական հարցը լուծուած պիտի ըլլար: Անոնք ոչ մէկ բանի առաջ կը կանգնին: Շատ կարեւոր է նաեւ հայատեացութեան հարցը: Մենք օտարներուն բացատրած ենք, որ պատմութեան մէջ պարտադրուած եղած ենք միասին ապրելու, բայց Ատրպէյճանի` երիտասարդները թունաւորելու քաղաքականութիւնը անհնար կը դարձնէ արցախցիի` անոնց կողքին ապրիլը: Մենք կ՝ըսենք, որ խնդիրը անոնց մէջ է, իսկ մենք մեր ժողովուրդի անվտանգութեան մասին կը մտածենք` ասիկա կեանքի եւ մահուան հարց է:

– Եւրոպայի հայերը ի՞նչ սպասելիքներ ունին Հայաստանի նոր իշխանութենէն եւ յառաջիկային սպասուող խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններէն: Պիտի ուզէի տեղեկանալ նաեւ, թէ Դո՞ւք ինչ ակնկալիքներ ունիք:

– Եւրոպայի հայերը մեծ ոգեւորութեամբ ընդունեցին թաւշեայ յեղափոխութիւնը, ի վերջոյ, անոնց մէջ մեծ թիւ կը կազմեն Հայաստանէն արտագաղթածները: Ըստ զիս, սակայն, այդ խանդավառութիւնը, յեղափոխութիւնը պիտի վերածէ իրական արդիւնքի, գործի: Այո, նախկին իշխանութիւնները այլեւս չէին կրնար շարունակել, եւ հիմա յառաջիկայ ընտրութիւնը պիտի տայ լուծումը: Եւրոպայի հայերը կը սպասեն ընտրութիւններու արդիւնքին: Ես կը կարծեմ, որ արտահերթ ընտրութիւնները պիտի անցնին թափանցիկ, եւրոպական չափանիշներուն համապատասխան, որպէսզի միջազգային դիտորդները նոյն կարծիքը յայտնեն, ինչպէս Արցախի ընտրութիւններու պարագային: Բոլոր կուսակցութիւնները պիտի ունենան նոյն իրաւունքները: Ես բոլորին պատրաստ եմ օժանդակելու հայութեան հարցերով: Բայց ես դաշնակցական եմ, եւ ինծի համար կարեւոր է Դաշնակցութեան յաջողութիւնն ու ներկայութիւնը նոր խորհրդարանին մէջ: Շատ երկիրներ կ’երազէին, որ Դաշնակցութեան նման կառուցողական ուժ ըլլար իրենց երկրին մէջ, թէ´ ներքին խնդիրներու ծիրէն ներս, թէ´ արտաքին: Արմէն Ռուստամեանը ԵԽԽՎ-ի մէջ հայկական պատուիրակութեան ամենահին անդամն է եւ կրնայ վկայել, որ իր շնորհիւ հայերուն համար քննադատական հարցերու մէջ Հայաստանը ստացած է սոցիալիստական խումբին աջակցութիւնը եւ պաշտպանութիւնը:

Զրոյցը վարեց Մարիամ Պետրոսեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը