Աշխարհը Միքրոքանդակով

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Անի Բրդոյեան-Ղազարեան

Պապն ու թոռը կողք-կողքի են, թոռը ակնապիշ կը հետեւի պապիկին ձեռքի շարժումներուն, որ այնքան զգուշօրէն կը հարուածէ` մանրադիտակէն դիտելով իր քանդակը, բան մը, որ անկարելի է անզէն աչքերով տեսնել… Ու այդ պահէն ի վեր փոխանցում մը տեղի կ՛ունենայ, արեան ու ծինին ճամբով փոխանցուածն է, որ կեանք կ՛առնէ, ջերմ ու մտերմիկ ցանկութիւն մը կը գծէ մանուկին ներաշխարհին մէջ, ցանկութիւն` նոյնին նմանը ստեղծելու, նոյն ձեւով ստեղծագործելու: Ահա այդ ցանկութիւնն է, որ մէկիկ-մէկիկ վարպետին` պապիկին օգնութեամբ, արուեստին գաղտնիքները կը բացայայտէ ու թոռան կեանքի անբաժան մէկ մասնիկը կը դառնայ: Ահաւասիկ պապիկին արուեստն է, որ կը շարունակէ ան, ու, ամենաէականը, անոր տենչն է` պապիկին կիսատ թողած գործը կատարելութեան հասցնել: Կուտակուած փորձին ու գիտելիքներուն նորովի նայելու կարողութեամբ, ան կը ջանայ շարժական միքրոքանդակներու ստեղծման գաղափարին նիւթեղէն տարազ մը հագցնել:

***

Փոքր ցուցասրահ մըն է ընդամէնը, պզտիկ սենեակ մը միայն, ուր կողք-կողքի տեղադրուած են ապակեայ սարքեր` մանրադիտակներով օժտուած: Հո՞ս պիտի տեսնեմ քանի մը օր առաջ Դիմատետրի էջերուն վրայ տեղադրուած յայտարարութեան պատկերները. միայն հո՞ս, այս փոքր տարածութեան մէ՞ջ, կը խորհիս ներս մտած պահուդ ու կը յառաջանաս արուեստին ձգողականութեան անսալով:

Արուեստ: Ի՛նչ տարօրինակ դրսեւորումներ ունիս, մէկուն պատկերին միջոցով, միւսին` մեղեդիներուն, ուրիշի մը` ձայնին, խօսքին, գիրին…, տիեզերական բարի ընծայ մըն ես, որ համամարդկային լեզու մը կը գծէ: Ո՛չ այբբենարան կ՛ուզէ, ո՛չ ալ թարգմանիչ հասանելի է բոլորին տեսողութեան, լսողութեան… բայց այս մէկը, ա՛յս մէկը իրապէս իւրայատուկ է:

Որքան խորունկ է մարդկային կարողութիւնը, ունակութիւնը, մանաւա՛նդ կամքը: Կամքն է, որ կը կաթկթի շնորհքին վրայ, ցոյց կու տայ գեղեցկութիւնը աշխատանքին, արգասիքը, ու կը հասուննայ աշխատասիրութիւնը անհատին մէջ` տեսած գեղեցկութիւնը փայլեցնելու, ձեւափոխելու, արդիականացնելու…

Կանգ կ՛առնեմ առաջին մանրադիտակին առջեւ` «Կիսաթանկարժէք քարերու փոշեհատիկի վրայ փորագրուած խաչքար», կը կարդամ մանրադիտակին վերը` պատին տեղադրուած բացատրութիւնը: Ամիսներու աշխատանք է դէմս ցուցադրուած փորագրութիւնը, եւ ի՜նչ փորագրութիւն, բոլոր մանրամասնութիւններով հայկական խաչքար մը կայ մանրադիտակին ետին թաքնուած, այո՛, թաքնուած ու ինչպէ՛ս չըլլայ… Այսքան մանրազնին աշխատանքին միայն պէտք է գուրգուրալ, հիանալ, պահել զայն…

Կողքի մանրադիտակը դարձեալ խաչքարեր կը պատկերէ, մազի թելի հասակին փորաքրուած քանի մը իրերայաջորդ ոսկեզօծ խաչքարեր են անոնք. ոսկեթել մազ մը, բայց որքա՜ն արժէքաւոր:

Մանրադիտակները դիտելով` կը յառաջանաս, աշխարհի բոլոր ցամաքամասերէն արքաներ բազմած են հոն: Ծովէ ծով հայրենիքին քարտէսը կ՛ուրուագծուի մտքիդ մէջ, երբ արքայից արքայ Մեծն Տիգրանի մանրաքանդակը կ՛երեւի:

«Եթէ նպատակիդ հասնիլ կ՛ուզես, ապա պէտք է ամէն օր, նոյնիսկ` շատ կարճ ժամանակ, քայլ առնել դէպի այդ նպատակը», կը փսփսայ ականջիդ աշխարհի հզօրագոյն ղեկավարներէն Նափոլէոնը, երբ ոսկեգոյն կիսանդրին կ՛երեւի մանրադիտակին ետին: Միացեալ Նահանգներու Ազատութեան յուշարձանը իր բոլոր մանրամասնութիւններով, արծաթափայլ հպարտ կեցուածքով ցցուած է մանրադիտակին ետին…: Հոն մանուկ մը կը հիանայ իր հերոսին` Փոքրիկ Իշխանին մանրաքանդակով, Փոքրիկ Իշխանը կը սաւառնի աստղազարդ երկնային հմայագեղ կապոյտ երանգներուն մէջ պտտելով, ի՜նչ հաճելի:

Համաշխարհային խորհրդանիշներ եւս կը ցուցադրուին` փիղերու եւ ուղտերու կարաւաններ, արքայական սայլեր, հոն եղնիկ մը խոտազարդ ժայռի մը վրայ հպարտօրէն կանգնած է, որուն եղջիւրները երկնային կապոյտին մէջ ոլորուն մթագոյն ջիղեր կը հիւսեն:

«Երբ ես զիս սիրեցի, դադրեցայ անցեալով ապրելէն եւ ապագայով մտահոգուելէն:

Այսօր կ՛ապրիմ միայն ներկայով եւ զայն կը կոչեմ «Բաւարարուածութիւն»…», կը շշնջայ Չարլի Չեպլինը իր խորախորհուրդ փիլիսոփայութենէն միտքեր, երբ մանրաքանդակը դիտող աչք մը ըլլայ:

Բրինձի ու ցորենի հատիկներու, կիսաթանկարժէք քարերու, ոսկիի փոշեհատիկներու, մազի թելերու օգտագործմամբ, ստեղծագործութիւններ քանդակուած են` աշխարհի բոլոր ցամաքամասերը ներկայացնող:

Քրտնաջան աշխատանք մըն է, ամիսներու, տարիներու… Յայտարարութենէ մը կը տեղեկանանք, որ կրտսեր Եդուարդ Տէր Ղազարեանը 2009-էն ի վեր կը զբաղի այս արուեստով նախ պապիկին հետ խորհրդակցաբար, ապա` առանձին: Ցուցադրութիւնը, աշխատանք մը ըլլալէ աւելի, շարունակականութեան խորհուրդը, արժէքը կը կրէ իր մէջ: Պապին ու թոռան միատեղ հաղորդակցութեան արդիւնքն է, որ տեսաանելի է արար աշխարհին` «Պահպանել, զարգացնել եւ փոխանցել յաջորդ սերունդներին», ցանկութեան բացայայտ արտայայտութիւնն էր պապին, որ թոռը, ահաւասիկ, կը շարունակէ ո՛չ միայն պապին ցանկութիւնը, այլ իր` Եդուարդ Տէր Ղազարեան կրտսերի մէջ դրոշմուած պաշտելի աշխատանքին շողն է տեսանելի:

Հրաշագեղ մոլորակէ մը դուրս ելածի տպաւորութեամբ, աչքդ փոքր ցուցասրահին դրան սեւեռած կը մնաս պահ մը, տպաւորութիւն մը, որ անջնջելի կը մնայ…