Զաւակներու Սրտերը Եւ Նախնիներու Հողը Կամ` Սփիւռքացման Աղէտը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. Պալեան

Հոգեխոցի Վկայութիւն Մը Եւ Աղէտներ

Մամուլով եւ բեմերէ, Նիւ Եորք եւ Աթէնք, յիշեցի յոյն գրող Տիմիթրիոս Վիքելասի «Լուքիս Քարաս» գիրքէն արտագրուած պարբերութիւն մը: Ամէն անգամ որ կը կարդամ Տիմիթրիոս Վիքելասի տողերը, կ’ունենամ այն զգացումը, որ նոր կը հանդիպիմ անոնց, ամէն անգամ նոր բան կը թելադրեն անոնք, կամ հայրենահանուածներու սփիւռքի գիտակցուած կամ անգիտակից հոգեխոցը (trauma) կը տեսնեմ:

Հայրենահանուածներու սփիւռքը իր խորքով, պատճառներով, հոլովոյթով, արտայայտութիւններով պէտք չէ շփոթել աղէտ-արտագաղթի պատճառով արտասահմանի մէջ կազմուող-կազմուած կամաւոր գաղթականութեան հետ: Անոնք ո՛չ նոյն պատճառականութիւնը ունին, ո՛չ նոյն նպատակները:

Այնքա՜ն պարզ է եւ միաժամանակ այնքան խոր` յոյն գրողին խօսքը ՍՓԻՒՌՔԻ ԵՒ անոր ծննդոցի պատճառ ՀՈՂԱԶՐԿՄԱՆ մասին:

Եթէ հայը, ուր որ ալ գտնուի ան, Հայաստան եւ բազմանուն եւ բազմագոյն սփիւռքներ, պահ մը փորձէ բաժնել յոյն գրողին զգացումները, նորոյթ է ըսել` empathie ունենալ, մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքը, յարաբերութիւնները, մեր պատմութիւնը եւ ներկայ կացութիւնը տեսնելու եղանակները արմատական փոփոխութիւն կը կրեն, իրաւազրկուածը կը ձգտի իր իրաւունքի վերականգնման, կը մերժէ պարտուածներու յատուկ կատարուած իրողութեան անինինքնութեան առաջնորդող խայտառակ անհեթեթութիւնը:

Հարցը պարբերութեան մը ընթերցման չի վերաբերիր, այլ` ժամանակի եւ տիեզերքի մէջ մեր տեղին, դերին եւ իմաստին, որոնք չեն սեղմուիր եսապաշտութեան եւ գործնապաշտութեան սեղմիրանին մէջ: Ինքզինքս կրկնելու մեղադրանքը նախ ես է, որ կ’ուղղեմ ինքզինքիս, բայց զգացումները բաժնելու ընթացքը սպառողական ապրանք չէ, շապիկ, կամ` բաժակ մը գարեջուր: Ինչո՞ւ չենք մոռնար մեր առաջին սէրը նոյնիսկ մեր յառաջացեալ տարիքին: Այդպէս ալ իրաւ գիտակցութիւն եւ իրաւ զգացումներ մեզի կ’ընկերանան մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին:

Կրկին պէտք է կարդալ Տիմիթրիոս Վիքելասի* տողերը, լսել անոնց արձագանգը.

1879

«Այս մատրան մէջ ամուսնացած են ծնողքս, անոնց բաղձանքն էր հոն թաղուիլ, իրարու կողքին, եկեղեցիի նախամուտի սալաքարերուն տակ: Բայց ո՛չ ծնողներս հոն գտան իրենց հանգիստը, ո՛չ ալ իմ ոսկորներս պիտի կարենան փոշի ըլլալ հայրենիքիս այդ սիրելի անկիւնը: Այսօր կ’ապրինք եւ պիտի մեռնինք մէկս հոս, միւսը անդին, կեանքի մէջ թափառողներ, աքսորուած մահուան մէջ, սփիւռքի փոթորիկը ցնցած է եւ ջարդած է սրբազան կապերը, որոնք կը միացնէին զաւակներու սրտերը նախնիներու հողին»:

Այս խորապէս զգացական եւ երեւութապէս պարզ խօսքերը իր կացութեան իրաւ գիտակցութիւնը ունեցող հայրենահանուածը, ոչ` կամաւոր գաղթականը, կը մղէ մտածելու ոչ միայն իր այսօրուան, այլ նաեւ վաղուան մասին. հաւատարմութիւն, շարունակութիւն, ինքնութիւն, ուրացում, անհետացում: Պէտք է միշտ խորհիլ հողի եւ ինքնութեան, ինքնահաստատման եւ մշակոյթի, շարունակութեան եւ սեփական որակի մասին, որոնք բնական կերպով կային հայրենահանուածներու առաջին սերունդի մարդոց հոգիի եւ միտքի հորիզոնին վրայ: Մենք մեզի հետ անկեղծութեան եւ ճշմարտութեան պահու մը, կրնա՞նք պատասխանել այն հարցումին, թէ անոնք կա՞ն երկրորդ, երրորդ եւ արդէն չորրորդ սերունդին մօտ, երբ յիշողութիւն եւ աշխարհագրական հեռաւորութիւն հոգեկան-իմացական օտարումի կը տանին, հաւաքական յիշողութիւնը հետզհետէ կը դառնայ դատարկ բառ կամ արուեստագէտի խաղ եւ գիծ:

Անկողմնացոյց Թափառումներ

Սփիւռք կազմած հաւաքականութիւնները կը տարուբերին երկու վերաբերումներու միջեւ: Իրենց կայք հաստատած երկիրներուն մէջ կը ստեղծեն խորհրդանիշներ` շարունակութիւն պահելու միտումով, ինչպէս` յուշարձաններ, գրականութիւն, արուեստ, կը ստեղծեն նաեւ խորհրդանշական-երեւակայական կապեր` միշտ շարունակութիւն պահելու միտումով, երգ, պար, եկեղեցի, խոհանոց, կամ` ուխտի երթալու պէս այցելութիւններ, որոնք ժամանակի ընթացքին կը կորսնցնեն իրենց խորքային իմաստը եւ կը վերածուին հետաքրքրասիրութեան եւ զբօսաշրջութեան: Հուսկ, յաջորդական պատշաճեցումներով, «ծագման հայրենիք»-ի վերջնական կորուստին հետ կը հաշտուին` միշտ պահելով այն համոզումը, որ յուշերով, մշակութային, լեզուական եւ կրօնական ազդակներով շարունակութիւն պիտի ապահովեն:

Հայրենահանման առաջին շրջանին, դէպքերու եւ կացութիւններու ճնշման ներքեւ, գաղթակայանները մանրանկար հայրենիքի պէս էին, հոն բնակողներու իրենց հետ բերած բարքերով, ընտանեկան կապերով, սպասման վիճակի մէջ անգամ շարունակութիւն ըլլալու զգացում կար: Այս կացութեան ըմբռնումը արտայայտեց պաղեստինեան շարժման ղեկավար Եասեր Արաֆաթ, երբ ըսաւ, որ ինք իր ժողովուրդին խնայեց հայերու ճակատագիրը` զայն պահելով գաղթակայաններու մէջ: Արդարեւ, հայրենահանուած գաղթական զանգուածները նօսրացան` տարտղնուելով նոյն երկրին մէջ եւ մոլորակի տարբեր երկիրները: «Հայրենիքի պէս»-ի զգացողութիւնը նուազեցաւ, երբ գաղթականութիւնները աստիճանաբար դարձան նոր ինքնութեամբ քաղաքացիներ եւ սփիւռք:

Զաւակներու սրտերը նախնիներու հողին միացնելը դարձած է սոսկ գրական պատկեր, կամ` կարգ մը թոշակառուներու բացառութեան կարգով զգացումներու բաւարարման մենաւոր հաճոյք, որ ո՛չ պատմական եւ ո՛չ ալ քաղաքական նշանակութիւն ունի: Ազգի հարցը բացառութեան կարգով ըմբռնել`  կը նշանակէ կատարուած իրողութիւնները ընդունիլ եւ սպասել, որ ժամանակը վերացնէ անհարթութիւնները, տարբերութիւնները, յիշատակները, իրաւունքները: Պարզօրէն ըսուած խօսքին պէտք է հետեւիլ. «Այսօր կ’ապրինք եւ պիտի մեռնինք մէկս հոս, միւսը անդին, կեանքի մէջ թափառողներ, աքսորուած մահուան մէջ, սփիւռքի փոթորիկը ցնցած է եւ ջարդած է սրբազան կապերը, որոնք կը միացնէին զաւակներու սրտերը նախնիներու հողին»:

Հող: Միացում: Մէկութիւն: Կարծէք` անցեալի մշուշներուն մէջ աքսորուած խորհրդանշական, կախարդական բառեր են: Ներկային վրայ բացուող «Բացուի՛ր Սեզամ», երբ այլեւս ո՛չ բացուող-բացուելիք կայ եւ ո՛չ ալ Սեզամ-ի դռնէն մտնելու թեկնածու:

Մեր պարագային, հնարած ենք ցաւազերծող դեղ-դարմաններ` մեր գոյութեան իմաստներ տալու եւ այդ գոյութիւնը երկարաձգելու համար, գիտնալով հանդերձ, որ այդ գոյութիւնը կարելի է միայն, ինչպէս ըսած է Տիմիթրիոս Վիքելաս, հայրենիքիս այդ սիրելի անկիւնը: Անկիւն, որ ինծի կը պատկանի եւ չի պատկանիր, խլուած է: Այս պարզ ըմբռնումներով պէտք է գնահատել հայկական սփիւռքներու մէջ արտայայտուող գիտական համարուող բառերով մեր կացութիւնը ըմբռնելու մտային մարզանքները. օրինակելի համարկում (intégration exemplaire), հարիւր տոկոսով հայ հարիւր տոկոսով ֆրանսացի, ամերիկացի, արաբ (ինչո՞ւ ոչ, նաեւ` թուրք, Թուրքիոյ մէջ ալ հայեր կան), սփիւռքը պիտի մնայ, ան յաւերժական է: Եւ կարելի պիտի ըլլայ եզրակացնել` ֆրանսախօս հայ ազգ, անգլիախօս հայ ազգ, իտալախօս հայ ազգ, սպանախօս հայ ազգ, գերմանախօս հայ ազգ, թրքախօս հայ ազգ, հնդկախօս հայ ազգ, չինախօս հայ ազգ…

Ի հարկէ դժուար է ըսել, որ այսօր սփիւռք համարուող հայ զանգուածները պիտի չըլլան որպէս այդպիսին, պիտի ըլլան ծագումով հայեր` այս կամ այն ազգի անդամ դարձած: Յոռետեսութի՞ւն, թէ՞ իրատեսութիւն:

Անկարելի Հարազատութիւնը

Սփիւռք(ներ)ը, ուր որ ալ ըլլան անոնք, կ’ուզեն, կը փորձեն իրենց ինքնուրոյնութիւնը պահելու համար ստեղծել զանազան բնոյթի կառոյցներ` դպրոց, եկեղեցի, ակումբ, թերթ, տպարան, թատրոն, յուշարձան, ուխտատեղի եւ այլն, բայց անոնք, ժամանակի ընթացքին, շրջապատէն բխող անհրաժեշտութիւններու պատճառով, իրենց ծագումնային-սկզբնական նկարագիրը կը փոխեն: Դպրոցները կը դառնան տիրական կերպով շրջապատի պահանջներուն հետեւող դպրոց, թերթերը աստիճանաբար կը դառնան մասամբ կամ ամբողջովին օտարալեզու, եկեղեցիներու մէջ կ’աղօթեն մասամբ կամ ամբողջովին տեղական լեզուներով, նոյնիսկ` ընտանեկան յարկի տակ, ուր արտաքին ազդեցութիւնները կրնան նուազագոյն չափով թափանցել (սկզբունքով), տեղի կ’ունենայ պատշաճեցում, արագ կամ դանդաղ, ըստ քաղաքակրթական գօտիներու: Այս ձեւով հայրերու հողին հետ հաղորդութեան կորուստին կը հետեւի հոգեւոր հաղորդութեան կորուստը: Համագումա՞ր… օտարում, aliénation:

Այս հաստատումներու լոյսին տակ կրնա՞նք հոգեպարար խօսք ըսել եւ եզրակացնել, որ սփիւռքը պիտի ըլլայ եւ պիտի տեւէ: Այս պարագային պէտք է ըսել, թէ ի՞նչ պէտք է ընել, որ տեւէ, ինչպէ՞ս: Միշտ կրկնելով` մինչեւ ե՞րբ, եւ շարունակել հիմնական հարցումով` ինչո՞ւ: Երբ հարցը կը վերաբերի սփիւռքի, միշտ նկատի պէտք է ունենալ ՀԵՌԱՆԿԱՐ-ը` անկախաբար պահու առթած կամ առթելիք յուզումներէն, որպէսզի չտարուինք ինքնախաբէութեամբ:

Հայրենահանուածներու սփիւռքը կարենալ գոյատեւելու համար յիշողութենէ-յուշագրութիւններէ առաջ միշտ նկատի պիտի ունենայ, որ ինք կայ, քանի որ եղած է հող-հայրենիքի կորուստ: Հայաստանէն արտագաղթողները իրենք զիրենք կը համարեն Հայաստանի շարունակութիւն, բայց շարունակութիւն ըլլալու համար չեն արտագաղթած: Կացութեան ընկերա-բարոյա-հոգեբանական վերլուծումը չէ փորձուած մարդորսական (prosélytisme) պատճառներով: Միշտ պէտք է ի մտի ունենալ Հայաստանի նախագահներէն մէկուն բացատրութիւնը, ըստ որուն, գացողները կը պահեն մնացողները:

Մինչեւ այն ատեն որ սուր կերպով կը պահուի կորսուած-բռնագրաւուած հայրենիքի ցաւցնող յիշողութիւնը, հայրենահանուած սփիւռքը կրնայ գոյատեւել որպէս ազգի բեկոր, կը պահէ աւանդութիւններ, լեզու եւ մշակոյթ, այդ նպատակին կը ծառայեն` եկեղեցիները, դպրոցները, միութիւնները, ակումբները, որոնց միջոցով կը պահուին յիշողութիւնը եւ վերականգնումի կամքը: Այսինքն` արմատախիլ եղածի գիտակցութիւնը: Եթէ նոր արմատաւորումը ինքզինք պարտադրէ,  տնտեսական, մշակութային, քաղաքական, ընկերային, կենցաղային, բարքերու, խորհրդանիշներու, սփիւռքը որպէս այդպիսին կը դադրի գոյութիւն ունենալէ: Ժամանակ մըն ալ յիշողութիւնը կը մնայ որպէս շաբաթավերջի զբաղում եւ ժամանց, յետոյ կ’ըլլայ անէութիւն, նորի սկիզբ, ոչ շարունակութիւն:

Շարունակութիւնը հայրերու հողն է, որ ՀԱՅՐԵՆԻՔ է:

Իսկ սփիւռքի ծննդոցը հաւաքականութեան իր հայրենի հողէն անջատումն է, մարդիկ, որոնք հաւաքաբար արմատախիլ եղած են: Պէտք է գիտակցիլ բնական պարզ օրէնքի մը. մարդը եւ ընկերութիւնը ջերմոցի բոյսեր չեն: Սփիւռքը որքան ալ բազմամարդ ըլլայ, որքան ալ կազմակերպուած, ջերմոց է: Ինչպէս յաճախ ըսած եմ, ԱՐՄԱՒԵՆԻ Չ’ԱՃԻՐ ԻՍԼԱՆՏԱՅԻ ՄԷՋ, որպէս նմուշ կրնան աճեցնել ջերմոցի մէջ: Ազգը իրապէս կրնայ գոյատեւել հայրերու հողին վրայ, ինչ որ ամենայն պարզութեամբ ըսած է յոյն գրողը. «Սրբազան կապերը, որոնք կը միացնէին զաւակներու սրտերը նախնիներու հողին»: Այս ըմբռնումով, ներկայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը չի լուծեր արմատախիլ-հայրենահանուածներու սփիւռքի հարցը, բայց տեսականօրէն եւ ընդհանրացումով հայրերու հող է, հայրենիք, ուր պէտք է վերադառնալ հայրենատէրի հզօր գիտակցութեամբ` միշտ վառ պահելով Վանի, Մուշի, Խարբերդի, Սեբաստիոյ, Կարսի, Այնթապի, Ատանայի եւ միւս վայրերու յիշողութիւնը:

Մեր խօսակիցները, բարեկամներ եւ նուազ բարեկամները, կրնան խորհիլ, որ այս վերաբերումը տեսակ մը հայկական կայսերապաշտութիւն է, հայկական impérialisme, կամ` յապաղած եւ ժամանակավրէպ ազգայնականութիւն: Ազգը արօտավայր տարուող ոչխարի եւ այծի հօտ չէ, հայրենիքն ալ արօտավայր չէ, ուր օր մը կ’արածին ոչխարները, ուրիշ օր մը` կովերը: Մարդը կապ ունի հողին հետ, ազգը` հող-հայրենիքին: Այս ձեւով է, որ շարունակութիւն կ’ըլլան ազգերը, որ սփիւռքի գոյութեան առանցքն է, աւանդութիւններով եւ մշակոյթով, ժամանակի գիծին վրայ ձգուող պատմութեամբ, գրուած` հայրերու կողմէ:

Ինչպէ՞ս արմատախիլ եղած են եւ կ’ըլլան ժողովուրդները: Երէկ եւ այսօր:

Ներկայիս բնական աղէտներու պատճառով բնակչութիւններ ստիպուած կը հեռանան իրենց երկիրներէն. օրինակ, ջերմութեան բարձրացման պատճառով Խաղաղականի կղզիներ ջուրի տակ կը մնան, մնացին, եւ բնակիչները ապասան գտան Նոր Զելանտա: Ափրիկէէն երաշտի եւ գործազրկութեան պատճառով զանգուածային գաղթեր կան: Անցեալին պատերազմներ արմատախիլ կը դարձնէին բնիկ ժողովուրդը, կամ բռնի կը տեղափոխէին այլ տեղ: Հայերը բռնագաղթի ենթարկուած են Շահ Աբասի կողմէ եւ տարուած են Պարսկաստան, իսկ իսկական աղէտ եղած է 1915-ին եւ անոր յաջորդող տարիներուն` հայոց հայրենահանումը: Մարդիկ կրնան արմատախիլ ըլլալ իրենց հողին վրայ մնալով, երբ պարտադրուած կ’ըլլան փոխելու իրենց կրօնը, աւանդութիւնները եւ կենսաձեւը, կ’օտարանան այն տիպարին նկատմամբ, որ էին: Արմատական ձեւը հաւաքականութիւն մը արմատախիլ ընելու` ցեղասպանութիւն-բռնագաղթն է: Այդ աղէտներուն ենթարկուած զանգուածները կը վերապրին եւ իրենց ինքնութիւնը կը յաջողին պահել` կառչելով իրենց  հաւաքական յիշողութեան. վայրեր, անուններ, պատումներ, դրուագներ, որոնք համագումար հայրերու երկրին պատկերը կը կազմեն: Մեր պարագային, յատկանշական կերպով, Վան, Մուշ, Սասուն, Զէյթուն, Աղթամար… Ապա նաեւ` տօներ, հանդիսութիւններ, ինչպէս` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միւռոնօրհնութիւնը, մուսալեռցիներու ամէն սեպտեմբերին Խաչի օրը, հերոսներու յիշատակին կազմակերպուած հարիսայի հանդիսութիւնը…

Կը պահուին նաեւ նշխարներ, ինչպէս` Ս. Կարապետ վանքի դուռը, որ ամբողջ պատմութիւն մը կը խտացնէ: Աւելցնենք` նկարները, ալպոմները, ժապաւէնները, երգերը, կոթողները եւ հիմա համացանցով հասանելի` թերթերը, հայրենիքի եւ սփիւռքի այլ շրջաններու իրադարձութիւնները, որոնք տեւաբար կը յիշեցնեն արմատները եւ ցրուած հաւաքականութիւններու, հակառակ տկարացնող խոչընդոտներու, տեւող մէկութիւնը:

Ի հարկէ կայ գրականութեան պարագան, որ լեզու է, կը փոխանցէ գաղափարներ, հոգեխառնութիւն: Բայց ժամանակակից ընկերութիւնը կ’ընէ այնպէս, որ քիչ կը կարդանք ընդհանրապէս, լեզուին չենք տիրապետեր կամ պարզապէս չենք խօսիր, չենք հասկնար, եւ արմատներուն հետ կամրջուիլը կը դժուարանայ:

Իրատեսութեան Լուսաւոր Պահը` Մենք Մենք Ըլլալ

Բայց…

Երբեք բաւարար չափով չենք ըսեր, որ ժամանակի եւ աշխարհագրական հեռաւորութիւնները, շրջապատի մշակոյթները, կենցաղը եւ բարքերը, սփիւռքեան հաւաքականութիւնները կը հեռացնեն արմատներէ:

Այս բոլորը թուելէ եւ գիտնալէ ետք մենք մեզի պէտք է հարց տանք.

Յետոյ ի՞նչ… եւ մինչեւ ե՞րբ…

Ի հարկէ սփիւռքը իր ինքնութիւնը պէտք է շարունակէ պահել իր կառոյցներով` դպրոց եւ ընտանիք, ուր կարելի է պահել լեզուն` դիմադրելով արտաքին ազդակներու ճնշման, եկեղեցին` որպէս ոչ միայն աղօթքի, այլ նաեւ համախմբումի վայր, ուր անցեալի հետ հաղորդութեան մթնոլորտ կարելի է ստեղծել, թերթեր, media-ներ, հայրենիքի հետ պահելով կենդանի կապ: Բայց պէտք է կրկնել հարցումը.

Յետոյ ի՞նչ… եւ մինչեւ ե՞րբ…

Մինչեւ ե՞րբ շրջապատէն ստացուող նոր ինքնութիւնը եւ արմատներու ինքնութիւնը կրնան գոյակցիլ: Ի՞նչ կ’ըսէ սփիւռքի հոլովոյթի պատկերը, երբ միաժամանակ կը դիտենք բաժակի դատարկ եւ լեցուն մասը, մանաւանդ եթէ հնարաւորութիւն ունենանք հնգամեակէ հնգամեակ ազգի ինքնութիւն պահող ազդակներու պատկերացման համար վիճակագրութիւն կազմելու եւ լսելու թիւերու խօսքը:

Պարզ ողջախոհութիւնը կը թելադրէ այն միտքը, որ սփիւռքը հետզհետէ ծնունդ պիտի տայ նոր կացութիւններու, ըսենք` նորի սկիզբի, բայց հետզհետէ նուազ` նախկինի շարունակութեան:

Այս հասկացողութեան մակարդակին ազգային գաղափարախօսութիւնը ինքզինք պէտք է պարտադրէ եւ ըսէ, որ շարունակութիւնը հայրերու սեփական հողին վրայ կ’ըլլայ, պիտի ըլլայ, միջին ճանապարհ չկայ:

Խօսքը չի վերաբերիր այս կամ այն քաղաքական ուժին, այլ` հաւաքականութեան դիմող ազգային գաղափարախօսութեան, որուն մէջ իւրաքանչիւր անձ ինքզինք պէտք է տեսնէ, ինքզինք համարէ մասնակից, դերակատար, պատասխանատու:

Այսինքն այդ գաղափարախօսութիւնը պիտի ըլլայ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿՐՈՂ-ը, զոր ընդունիլ եւ կենսագործել աւելի եւ աւելի դժուար պիտի ըլլայ քանի հեռաւորութիւնը շեշտուի ժամանակի գիծին վրայ, եւ տարտղնումով նօսրացումը անվերադարձի կացութիւն ստեղծէ:

Այս հարցը վերկուսակցական, վերհատուածական, վերդասակարգային, վերյարանուանական, վերմրցակցական եւ վերէսթեպլիշմընթային է եւ պէտք չէ հպատակեցնել այլ նկատումներու. դիրքի, փառքի, ընչաքաղցութեան:

Ազգը եւ հայրենիքը կը գտնուին սփիւռքի գոյութենական խնդրի առանցքին: Սփիւռքի հարցը համայն ազգի հարց է: Եթէ կ’ուզէք, այս հարցը համապարփակ է, պատահական նախաձեռնութիւնները եւ homéopathique մատներու ծայրով փորձուած դարմանները ոչինչ կը խոստանան:

Պիտի կարենա՞նք սփիւռքը դարձնել հայրենատէր եւ իրականացնել վերադարձը:

Նորի սկիզբով մենք մենք պիտի չըլլանք:

Ընել այնպէս, որ շարունակութիւն ըլլանք:

Հայրերու շարունակութիւն, հողին վրայ եւ հողին հետ, որպէսզի սիրտերը միանան:

Այս ազգի խնդիր է, ո՛չ ապահովութիւն, ո՛չ ուր հաց, հո՛ն կաց…

 

* Տիմիթրիոս Վիքելաս (1835-1908), գործարար եւ գրող, եղած է առաջին նախագահը Ողիմպիական միջազգային կոմիտէին: