ՀՕՄ-ը Բուժուող Զինուորներուն Տեղափոխութիւնը Ապահովող Ինքնաշարժ Կը Նուիրէ

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը եւ  Վիրաւոր զինծառայողներու աջակցութեան յանձնախումբը, Նոյեմբեր 15-ին, այցելեցին «Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոն»:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ Սփիւռքի միաւորներու համատեղ ջանքերով ամբողջութեամբ կահաւորուած է «Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոն»ի երրորդ յարկը, ուր տեղադրուած է հակահրդեհային ահազանգման համակարգ, բուժքրոջ կանչի եւ տեսահսկման համակարգ, օդափոխութեան ու ջեռուցման համակարգեր, կարգաւորուող բարձրութեամբ բժշկական մահճակալներ:

ՀՕՄ-ի կողմէ կեդրոնին տրամադրուեցաւ նաեւ ինքնաշարժ, որուն օգնութեամբ կեդրոնին մէջ բուժուող վիրաւոր զինուորներուն տեղափոխութիւնը կը կազմակերպուի: