Բակօ Սահակեան ԱՄՆ-ի Մէջ Այցելած է ՀԱԵ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարան եւ ՀՕՄ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն

Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Նոյեմբեր 18-ին, Լոս Անճելըսի մէջ այցելած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան, մասնակցած Սուրբ Ղեւոնդաց տաճարին մէջ մատուցուած կիրակնօրեայ պատարագին, հանդիպած թեմի առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի, թեմական խորհուրդի եւ հայ համայնքի խումբ մը ներկայացուցիչներու հետ:

ԱՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ հանդիպման ընթացքին արծարծուած են Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, տասարակական-տնտեսական զարգացման, ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման, Հայրենիք-Սփիւռք կապերուն առնչուող հարցեր:

Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին՝ Արցախին մշտական աջակցութիւն ցուցաբերելու համար՝ բարձր գնահատելով կառոյցին դերակատարութիւնը Սփիւռքի մէջ հայ ազգային ինքնութեան պահպանման եւ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ:

Հանդիպումին մասնակցած են Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

Նոյն օրը, Բակօ Սահակեան, Լոս Անճելըսի մէջ, այցելած է Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութիւն եւ հանդիպում ունեցած կազմակերպութեան անդամներուն հետ` ատենապետուհի Սիլվա Փօլատեանի գլխաւորութեամբ:

Ջերմ եւ անմիջական մթնոլորտի մէջ արծարծուած են Արցախի պետականաշինութեան, հասարակական-տնտեսական զարգացման, տարածաշրջանային գործընթացներուն, Հայրենիք-Սփիւռք կապերուն առնչուող հարցեր:

Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է ՀՕՄ-ին՝ Արցախին մշտապէս սատարելու համար, նշելով, որ Արցախի մէջ խոր յարգանք կը տածեն կազմակերպութեան նկատմամբ:

Հանդիպումին մասնակցած են Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: