Արցախի Հանրապետութեան Նախագահը Քննարկած Է «Թելեթոն 2018»-ի Ընթացքը

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 17 Նոյեմբերին Լոս Անճելըսի մէջ հանդիպում ունեցած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ներկայացուցիչներուն հետ` կառոյցի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանի գլխաւորութեամբ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ քննարկուած են «Թելեթոն 2018»-ի ընթացքին եւ Արցախի շարք մը ծրագիրներու իրականացման վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումին կը մասնակցէին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: