Սուրիոյ Մէջ ՀՀ Դեսպան Արշակ Փօլատեան Պարգեւատրուեցաւ Սուրիական Արժանաւորաց Առաջին Կարգի Շքանշանով

Հայաստան, Սփիւռք

Հինգշաբթի, 14 Նոյեմբեր 2018-ին, Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը, Դամասկոսի «For Seasons» պանդոկէն ներս կազմակերպեց Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան փրոֆ. Արշակ Փօլատեանի հրաժեշտի երեկոն՝ անոր պաշտօնավարումին աւարտին առիթով։

Երեկոյթին ընթացքին դեսպանին շնորհուեցաւ Սուրիական Արժանաւորաց Առաջին Կարգի շքանշանը, առ ի գնահատանք բարեկամ երկիր Հայաստանին եւ մեծարանք ազնիւ ու ջանասէր դեսպանին։ Այս մասին կը հաղորդէ “Գանձասար”-ը

Այս առիթով, դեսպան Փօլատեան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատին՝ զինք այս շքանշանը պարգեւելուն համար, դիտել տալով, որ Սուրիոյ մէջ ՀՀ դիւանագիտական ծառայութեան տարիներուն իր հոգւոյն մէջ ամրագրուեցան սիրոյ, հաւատարմութեան եւ եղբայրութեան այնպիսի արժէքներ, որոնց շնորհիւ ինք բաժնեկից դարձաւ սուրիացիներուն դիմագրաւած պատերազմին առթած ցաւերուն, այնպէս ինչպէս սուրիացիներ բաժնեկից դարձած էին Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած իր նախնիներուն ցաւերուն։

Փօլատեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց Հայաստան-Սուրիա յարաբերութիւններու զարգացման ի տես, շնորհակալութիւն յայտնելով իր ծառայութեան տարիներուն սուրիական հաստատութիւններուն անվերապահ աջակցութեան ու գործակցութեան համար։

Իր կարգին, Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար դոկտ. Ֆէյսալ Մըքտատ հաստատեց, որ Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Փօլատեանին մեծարումը իւրայատուկ իմաստ կը զգենու, որովհետեւ ան ե՛ւ սուրիացի է, ե՛ւ հայաստանցի միաժամանակ։ Աւելին՝ ան ամէն ճիգ ու ջանք ի գործ դրաւ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները ակնկալուած մակարդակին վրայ պահելու համար։ «Դեսպան Փօլատեան ի կատար ածեց իր առաքելութիւնը, յաջողութեամբ աւարտին հասցուց իրեն վստահուած գործը եւ մեծ դեր ունեցաւ Հայաստան-Սուրիա յարաբերութիւններու ամրապնդման մէջ։ Իսկ իր հրատարակած ինն գիրքերը արաբ ընթերցողներուն առիթ ընծայեցին հայու դիտանկիւնէն եւս ակնարկ մը նետելու ժողովուրդներու երկխօսութեան, գործակցութեան ու բարգաւաճման կարեւորութեան վրայ», աւելցուց Մըքտատ։

Փոխնախարարը լուսարձակի տակ առաւ հայ եւ սուրիացի ժողովուրդներուն բարեկամական ու եղբայրական յարաբերութիւնները եւ զանազան պատերազմներու եւ մարտահրաւէրներու դէմ անոնց կողք-կողքի կանգնիլը, ապա բարձրօրէն գնահատեց սուրիական ընկերութեան խճանկարին անբաժան մէկ տարրը հանդիսացող հայկական բաղադրիչը՝ վեր առնելով անոր գործուն դերակատարութիւնը։

Մըքտատ ըսաւ, որ մեր երկու ժողովուրդներուն դէմ գործուող թրքական ոճիրները մինչեւ օրս կը շարունակուին, իսկ թշնամական վերաբերմունքը թուրքին, որ այսօր եւս գրաւած է սուրիական հողերէն մաս մը, բացառապէս ծաւալապաշտական մօտեցումի արտայայտութիւն է, որով կը յատկանշուին Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւնները եւս, որպէս շարունակութիւն Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի նախօրէին տարածարջանի երկիրներու բռնագրաւման քաղաքականութեան։

Երեկոյթին ներկայ էին նաեւ Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան խորհրդական Ահմետ Արնուս, Դամասկոսի մէջ դիւանագիտական գրասենեակներու ներկայացուցիչներ, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեան եւ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ։