Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Դոկտ. Հրանդ Մարգարեանը

Սփիւռք

Հինգշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2018-ին, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Դոկտ. Հրանդ Մարգարեանը, որ Նիւ Եորքէն յատուկ կերպով ժամանած էր Խրիմեան Հայրիկի մասին իր պատրաստած մենակատարութիւնը ներկայացնելու Լիբանանահայութեան:

Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան աւելի քան 50 տարիներու հարուստ վաստակ ունի, որպէս գրականագէտ, թատերագիր, բանախօս ու թարգմանիչ: Ան հեղինակ է բազմաթիւ հայերէն ու անգլերէն հատորներու:

Նորին Սրբութիւնը մօտէն ծանօթ է Դոկտ. Հրանդ Մարգարեանին Նիւ Եորք իր ուսանողական շրջանէն սկսեալ: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ զրուցելու ընդհանրապէս հայ մշակոյթին ու յատկապէս հայ գրականութեան ու թատերգութեան մասին: