Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդի Գործունէութեան 40-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ Պաղտատի Մէջ

Սփիւռք

Կազմակերպութեամբ Իրաքահայ Թեմի Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան, 8-11 Նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ հանդիսութիւններու շարք մը՝ նուիրուած Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գեր. Տ. Աւագ արքեպս. Ասատուրեանի գործունէութեան 40-ամեակին: Այս առիթով թեմ այցելեցին Անթիլիասի Միաբանութեան երէց հոգեւորականներէն Գեր. Տ. Վարուժան արք. Հերկելեան, Դամասկոսի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գեր. Տ. Արմաշ եպս. Նալպանտեան, Ֆրանսայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գեր. Տ. Վահան եպս. Յովհաննէսեան նաեւ Հայաստանէն, Ամերիկայէն, Լիբանանէն եւ  Անգլիայէն առաջնորդ սրբազան հօր ազգականներէն ու բարեկամներէն ոմանք: Այս մասին կը տեղեկացնէ Իրաքի Ազգային կեդրոնական վարչութեան Ատենադպիր Արամ սրկ. Քէթէնճեան:

Նոյեմբեր 8-ին, Պաղտատի Հայ Երկսեռ Երիտասարդաց Միութեան (ՊՀԵԵՄ) սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրական-գեղարուեստական  երեկոյ, ուր ճոխ յայտագրով ներկայացուեցաւ սրբազան հօր թեմական, շինարարական, դաստիարակչական եւ կազմակերպչական  քառասուն տարիներու անձնուրաց  ծառայութիւնը ի սէր ազգին ու  եկեղեցիին:

Նոյեմբեր 9-ին, առաւօտուն, հոծ հաւատացեալներու ներկայութեամբ, առաջնորդ սրբազանը Սբ. Պատարագ մատուցեց  Պաղտատի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: Օրուան քարոզը խօսեցաւ  Գեր. Տ. Վահան եպիսկոպոսը: Պատարագէն ետք վարժարանի Կիւլպէնկեան սրահին մէջ   ներկաները ճաշակեցին աւանդական «Հարիսա»ն, որ պատրաստուած էր՝  Իրաքի Հայ Տիկնանց Մշակութային միութեան (ԻՀՏՄՄ) կողմէ:

Նոյեմբեր 10-ի երեկոյեան, Իրաքի Հայ Բարեգործական Միութեան սրահին մէջ, կատարուեցաւ «Երախտամատեան առ Աւագ Արքեպիսկոպոս» գիրքի  գինեձոնի գեղեցիկ արարողութիւնը: Գիրքը ներկայացուց «Արծիւ» պարբերաթերթի խմբագրապետ եւ Երախտամատեան գիրքի գլխաւոր խմբագիր՝ Գեր. Տ. Վարուժան Արքեպիսկոպոսը: Իր սրտին խօսքը ունեցաւ նաեւ ԱՄՆ-էն ժամանած սրբազան հօր եղբայրը՝ պրն. Վահէ Ասատուրեան: Երեկոյի աւարտին, հանդիսականներուն բաժնուեցաւ  գիրքէն օրինակ մը՝ Աւագ Սրբազանի մակագրութեամբ :

Նոյեմբեր 11-ի երեկոյեան ժամը 5-ին, Պաղտատի Սբ.  Աստուածածին դարաւոր եկեղեցւոյ կամարներուն ներքոյ Սբ. եւ անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ:  Հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեամբ  պատարագեց Գեր. Տ. Արմաշ եպս. Նալպանտեան:

Այս հանդիսութիւններուն իրենց  մասնակցութիւնը բերին՝ Իրաքի մօտ ՀՀ դեսպանութեան հաւատարմատար՝ պրն. Ալիք Ղարիպեան,  Քրիստոնեայ աւանդապահութեան նախագահ՝ պրն. Րաատ Քէչեչին, հոգեշնորհ Տ. Գաբրիէլ վրդ. Սարգիսեան, հոգեշնորհ Տ. Պետրոս աբղ. Ազարեան, նաեւ Էրպիլի, Տհօքի եւ Հաւրէզքի  արժանապատիւ քահանայ հայրերը. ներկայ էին  նաեւ Իրաքի հայաշատ կեդրոններուն թաղական խորհուրդի ատենապետներն ու անդամները, միութենական հաստատութեանց վարչութիւնները եւ առաջնորդարանի առընթեր յանձախումբերու ներկայացուցիչները:

Պաղտատի մէջ կեցութեան շրջանին, Արտասահմանէն եւ Իրաքի շրջաններէն ժամանած հիւրերը այցելեցին առաջնորդարանի եւ Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ համալիրները, Ազգային Ծերանոցի շէնքը եւ  հայ միութենական հաստատութիւնները:

Յիշատակութեան արժանի է, որ բոլորն ալ  անխտիր իրենց կարելին ըրին  հանդիսութիւնները լաւագոյնս ներկայացնելու,  յատկապէս ԻՀՏՄ Միութեան  վարչութիւնն ու   առաջնորդարանի եւ  միութիւններու   տիկնանց յանձախումբերը, որոնք չորս օրերուն ընթացքին ճոխ սեղաններով ու հայկական ուտեստեղէններով հիւրասիրեցին մեծարգոյ հիւրերը միւթիւններու սրահներուն մէջ: