Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Համազգեստի «Armenian Army» Ապրանքանիշ Մշակած է․ Դաւիթ Տօնոյեան

Հայաստան

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը «Armenian Army» անունով համազգեստներ պիտի ստեղծէ: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ`  Նոյեմբեր 12-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսի ընթացքին յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեան:

«Տարբեր երկիրներու զինուած ուժերը ունին իրենց զինուորական ապրանքանիշը: Անիկա, ինչ ես կը կրեմ դիրքեր այցելելու ատեն,  Զինուած ուժերու պաշտօնական համազգեստը չէ: Քանի որ ես քաղաքացիական եմ, կը գտնեմ, որ պէտք չէ զինուած ուժերու համազգեստը կրեմ: Մենք այդպիսի ապրանքանիշ մշակած ենք, որպէսզի գովազդենք բանակը»,-ըսած է Տօնոյեան:

Նախարարի պաշտօնակատարը նշած է, որ այդ ապրանքանիշի հագուստները պիտի կարուին Հայաստանի մէջ:

 Խօսելով Հայաստանի ու Ատրպէյճանի սահմանի իրավիճակին մասին նախարարը յայտնած է՝ Նախիջեւանի հատուածին մէջ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը տարածքներ չեն գրաւած: «Նախիջեւանի ուղղութեամբ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը ոչ մէկ տարածք գրաւած են: Ատիկա եղած է միջդիրքային տարածութիւն, որ կրճատուած է: Ի դէպ` Նախիջեւանի Հանրապետութեան տարածքին, ուր ՀՀ զինուած ուժերը երբեք վերահսկողութիւն չեն իրականացուցած»,- նշած է Տօնոյեան:

Նախարարի պաշտօնակատարի խօսքով` հայկական կողմը ատոր հետեւանքները չէզոքացնելու համար համապատասխան գործողութիւններ  իրականացուցած է:

Հարցումին` արդեօք հայկական կողմը այդ ուղղութեամբ ունի դիրքային բարելաւումներ, նախարարը պատասխանեց` այո:

«Այո, եւ ոչ` մէկ տեղ: Ի դէպ` ոչ պարտադիր ՀՀ տարածքի մէջ»,- ըսած է ան։

Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուած հաստատուած կապի մասին ան յայտնածէ , որ կապը կը գործէ անխափան, ատոր համար նշանակուած են համապատասխան պաշտօնեաներ:

«Գործող կապի համար նշանակուած են համապատասխան պաշտօնեաներ թէ Հայաստանի, եւ թէ Ատրպէյճանի մէջ. կապը կ՛իրականացուի այդ պաշտօնեաներու միջոցով: Տեղեկութիւնները այդ պաշտօնեաները կը ստանան զինուած ուժերէն: Մինչ այժմ այդ կապը կը գործէ անխափան»,- նշած է Տօնոյեան:

Նախարարի պաշտօնակատարին խօսքով` հայկական կողմը կը բարձրաձայնէ նաեւ անմիջական հրամանատարներու միջեւ գործող կապի ստեղծման հարցը:

«Անմիջական հրամանատարներու գործող կապի ստեղծման հարցը մենք կը բարձրացնենք: Սա պատահարներու նուազեցման միջոց է: Համանախագահներու մօտ կը բարձրացնենք այս հարցը»,- ըսած է ան:

Տօնոյեան յայնած է նաեւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերու խաղաղապահ զօրքերու կին զինծառայողները առաքելութիւն պիտի իրականացնեն Քոսովոյի մէջ։   «Կին խաղապահները այս փուլին պիտի գործուղուին Քոսովօ»,- ըսած է ան: