Եկէ՛ք, Երկրաշարժի 30-րդ Տարելիցին Առիթով, Տուն Նուիրենք Փոքրիկ Անահիտին

Հայաստան, Սփիւռք

Սիրելի հայրենակիցներ,

քանի մը օրէն` Դեկտեմբեր 7-ին, կը լրանայ 1988-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժին 30-րդ տարելիցը: Ինչպէս գիտէք, աւերուեցան քաղաքներ, շրջակայ գիւղեր ու բնակավայրեր, զոհուեցաւ աւելի քան 25 հազար մարդ ու 500 հազար մարդ մնաց անօթեւան:

Նոյն այս վայրկեանիս` 30 տարի անց, աւերիչ երկրաշարժին իբրեւ հետեւանք, հարիւրաւոր ընտանիքներ կ’ապրին անօթեւան, առանց տանիքի, ջուրի, ելեկտրականութեան ու առանց կեանքի ամէնէն տարրական միջոցներուն:

Դժբախտաբար, տարբեր պատճառներով, հայկական նորանկախ պետականութիւնը չէ կրցած ամբողջութեամբ վերականգնել իրավիճակը ու թիկունք կանգնիլ այդ չքաւոր ընտանիքներուն:

30-րդ տարելիցին առիթով` «Ռատիօ Եան»-ի անձնակազմը որոշեց իր համեստ միջոցներով մասնակից դառնալ ու կազմակերպել դրամահաւաք մը` հանգիստ, տաքուկ, արժանապատիւ բնակարան մը նուիրելու կարիքաւոր ընտանիքի մը:

Ահաւասիկ այդ ընտանիքը, որուն որոշեցինք օգնել` համագործակցութեամբ գիւմրիի «Շիրակ կենտրոն» կազկակերպութեան:

 

«Ուր որ ալ գտնուինք, ինչ որ ալ ընենք, վերջաւորութեան պիտի մնայ մեզի այն՝ ինչ որ պիտի նուիրենք կարիքաւորին»։

 

Հետեւաբար` կոչ կ’ուղղենք աշխարհասփիւռ հայութեան ու բարեկամներուն, մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ, միահամռօրէն, համախբուած տրամադրութեանբ մասնակցելու այս դրամահաւաքին ու այդպիսով օրինակ դառնալու աւելի մեծ ծրագիրներու իրականացման, եւ մանաւանդ դիկունք կանգնելու Հայկական նոր շունչ ու սկիզբ առած պետականութեան ու ժողովուրդին։

Եկէ՛ք, երկրաշարժի 30-րդ տարելիցին առիթով՝ ժողովրդային լայն մասնակցութեամբ ձեռք մեկնենք Հայրենիքին:

Սրտանց շնորհակալութիւն՝ «Ռատիօ Եան»-ի անձնակազմ