Փաշինեանին Խորհրդարանին Մէջ Օդի Պէս Ուժեղ Ընդդիմութիւն Պէտք է. Վիգէն Սարգսեան

Հայաստան

Պաշտպանութեան նախկին նախարար Վիգէն Սարգսեան ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ գրած է.

«Փաշինեանին օդի պէս պէտք է ուժեղ ընդդիմութիւն խորհրդարանին մէջ, առաջին հերթին` Ղարաբաղի հարցով իր վրայ անխուսափելի դարձող միջազգային ճնշումին դիմակայելու համար:

«Խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը նաեւ արտաքին քաղաքականութեան հզօր գործիք է: Իսկ անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան հարցերով պարզապէս անհրաժեշտ է որոնել վերկուսակցական,  համաձայնութեամբ որոշումներ եւ լուծումներ: Ատիկա հնարաւոր է միայն կառուցողական եւ փորձառու թիմի հետ բանավէճի եւ փոխգործակցութեան միջոցով»: