Արեւային Վահանակներու Արտադրութիւնը Աճած Է 10.2 Անգամով

Հայաստան

2018-ի Յունուարէն Սեպտեմբեր ամիսներուն, 2017-ի նոյն ժամանակաշրջանին հետ համեմատած՝ Հայաստանի մէջ արեւային վահանակներու արտադրութիւնը աճած է 10.2 անգամով:

Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն՝ ընթացիկ տարուան նշեալ ամիսներուն արտադրուած են 3461 արեւային վահանակներ, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին այդ թիւը եղած է 340:

Ընթացիկ տարուայա միայն Սեպտեմբեր ամսուն արտադրուած է 436 արևային վահանակ: