Արցախի Կարգավիճակը Միայն ու Միայն Անկախութիւն է

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ա.Ա.


Բանակցային հոլովոյթը, որ Եւրոպայի Ապահովութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Մինսքի խումբի հովանաւորութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ ժամանակ առ ժամանակ կը վերաշխուժանայ, այս օրերուն դարձեալ օրակարգի վրայ կը գտնուի՝ Ռուսաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի պաշտօնական ներկայացուցիչներ՝ Իկոր Փոփովի, Էնտրիւ ՇիՖըրի եւ ՍթեՖան Վիսքոնթիի կողմէ Երեւան, Ստեփանակերտ եւ Պաքու այցելութիւններուն ենթահողին վրայ։

Մինչ վերջին շաբաթներուն հայկական քաղաքական հարթակը բաւական խճողուած էր Արցախի տագնապին մասին կեցուածքներով եւ յայտարարութիւններով,Մինսքի խումբի համանախագահները վերադարձան Երեւան, Ստեփանակերտ եւ Պաքու՝ իրենց աւանդական խօսակցութիւնները կատարելու, Արցախի տագնապին շուրջ, որուն կապակցաբար, յստակ է, որ յատկապէս խումբին համանախագահ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները ունէին բաւական նշանակալից ակնկալութիւններ եւ նախատեսութիւններ։

Նախ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ռիչըրտ Միլզի կողմէ հրապարակ նետուած՝ «Հողի փոխարէն խաղաղութիւն» տարազը, ապա Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի Երեւանեան յայտարարութիւնները, եկան հարցականներ գծելու՝ Արցախեան տագնապին լուծման կարելիութիւններուն նկատմամբ ամերիկեան մօտեցումներուն շուրջ։Եւ եթէ հողի փոխարէն խաղաղութիւն տարազը կտրականապէս մերժուեցաւ հայկական կողմէն, Արցախի տագնապին լուծման նպատակով քայլեր առնելու Նիկոլ Փաշինեանի իրաւասութեան մասին Պոլթընի ակնարկութիւնը եկաւ ապացուցելու, թէ ամերիկացիք բան մը կ՛ակնկալեն Երեւանի յաջորդ իշխանութիւններէն։

Միւս կողմէ, Պոլսոյ մէջ կայացած՝ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ իրանի արտաքին գործոց նախարարներուն խորհրդակցութիւններուն աւարտին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուած լուծման պատկերացումը կու գար տուրք տալու ազրպէյճանական դիրքորոշման, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը պէտք է ունենայ խաղաղ լուծում մը՝ միջազգային օրէնքով ամրագրուած Հողային ամբողջականութեան սկզբունքին հիմամբ։Այսինքն՝ Արցախը պէտք է վերադառնայ Ազրպէյճանի գերիշխանութեան տակ։

Այս կէտէն ալ կը բխի հորիզոնին վրայ տագնապին լուծման հաւանակութեան չգոյութեան մասին յստակ համոզումը, որովհետեւ նոյն Միջազգային օրէնքով ամրագրուած Ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը ամբողջութեամբ զանց կ՛առնուի եւ կ՛անտեսուի արցախցիին կամքը եւ նպատակը՝ իր հայրենի հողերուն վրայ ինքնիշխան ապրելու իմաստով։

Հիմա հարցում մը։
Միջազգային Օրէնքի այս երկու սկզբունքներուն միջեւ կա՞յ հակասութիւն։Այո՛ կայ։Բայց այդ հակասութեան աղբիւրները եւ դրդապատճառները փաստարկներով եւ ապացոյցներով վիճարկելու եւ տուեալ տագնապին պարագային որ սկզբունքին առաւել արդարացիութիւնը հիմնաւորելը կրնայ բանակցային հոլովոյթը մխրճել բիւզանդական անվերջանալի վէճերու մէջ՝ կացութիւնը առաւել բարդացնելով։

Ուրեմն տագնապին լուծման բանալիները ու՞ր կը գտնուին։ Մինսքի խումբին քո՞վ, որ 1992-էն ի վեր իր միջնորդական առաքելութեան մէջ աննշան յառաջխաղացք արձանագրած ըլլալու կացութեան մէջ կը գտնուի։Յստակ է, որ Արցախի տագնապին լուծման միջազգային իրաւասութիւնը ունեցող Մինսքի խումբը նոյնիսկ դիրքորոշումներու միջեւ նուազագոյն մօտեցում մը չէ կրցած իրականացնել, որովհետեւ տագնապին խորքը կը մնայ՝ Արցախը իրը համարող Ազրպէյճանի պետական դիրքորոշման եւ Արցախը արդարօրէն հայրենի բնօրրան ու հայրենիք ունեցող արցախցիներուն անժխտելի իրաւունքին միջեւ սուր հակասութիւնը։Յստակ է, որ Ազրպէյճան կը յենի այս պարագային համար խարխուլ հիմեր ունեցող՝ հողային ամբողջականութեան սկզբունքին, իսկ արցախցիք ալ՝ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքին, ինչ որ տագնապին լուծման ճիգերը մինչեւ այսօր ամուլ ձգած են։
Այս կացութեան մէջ՝ հայկական կողմին յստակ կեցուածքները, ինչ կը վերաբերի ինքնորոշման իրաւունքի իրաւացիութեան եւ գործադրութեան՝ Արցախի պարագային, կրնան որեւէ շեղում եւ զարտուղիութիւն սրբագրել,նաեւ կանխարգիլել որեւէ բնոյթի ոտնձգութիւն կամ անարդար զարգացում,որ կրնայ վնասել Արցախի դատին։Ասիկա ի վերջոյ իրաւացի դատ մըն է, որ տագնապի մը վերածուելով, ամուր եւ հաստատ կեցուածքներ կը պահանջէ, որպէսզի ոչ մէկ կորուստ արձանագրուի։Որպէսզի Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքին արդարացիութիւնը փաստուի հողային ամբողջականութեան սկզբունքին շահագործմամբ՝ ազրպէյճանական նկրտումներուն դիմաց։