Հենրիխ Մխիթարեան Պարգեւատրուած է ՀԲԸՄ-ի Կազմակերպած Ընթրիքի Ժամանակ

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ Լոնտոնի «Արսենալ»-ի ֆութպոլիստ Հենրիխ Մխիթարեան պարգեւատրուած է AGBU (ՀԲԸՄ) London Gala երեկոյի ընթացքին` հայաստանեան եւ աշխարհի երիտասարդութեան հանդէպ հետեւողական մարդասիրական ջանքերուն համար:

Ընթրիքին հրաւիրուած էին Մխիթարեանի մայրը` Մարինա Թաշչեանը, քոյրը` Մոնիքա Մխիթարեանը ու գործարար Միքայէլ  Վարդանեանի դուստր Պէթի Վարդանեանը, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստ աշխարհի ու Եւրոպայի ախոյեան Եուրի Ճորկայէֆը: