Փաշինեան ԱԺ-ի Մէջ Կը Ներկայացնէ Իր Դիրքորոշումը Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութեանց Վերաբերեալ

Հայաստան

Վարչապետի ընտրութեան հարցի քննարկման Ազգային ժողովի յատուկ նիստին ընթացքին, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Ռուզաննա Առաքէլեան վարչապետի թեկնածու Նիկոլ Փաշինեանին ուղղեց հետեւեալ հարցումը. «Պարոն Փաշինեան, իրաւացիօրէն դուք այսօր ձեր ելոյթը խարսխեցիք տնտեսութեան զարգացման ապագայ հեռանկարներուն վրայ: Բայց եւ այնպէս, հայ ժողովոուրդի համար արտաքին քաղաքականութեան մարտահրաւէրներէն դեռ կը մնան հայ-թրքական յարաբերութիւնները: Յայտնի արձանագրութիւնները այլեւս առոչինչ են, բոլորին ատիկա յայտնի է: Այնուամենայնիւ, հետաքրքրական է ձեր տեսակէտը ապագային հայ-թրքական յարաբերութիւններու հետ կապուած: Ի վերջոյ, մեր սահմանները կը մնան փակ, եւ այդ մարտահրաւէրը տակաւին կը մնայ առաջնահերթ»:

Նիկոլ Փաշինեան պատասխանեց. «Եթէ թոյլ կու տաք, ես ձեր հարցումին քիչ մը ընդարձակ պատասխանեմ: Վերջերս շատ փորձուած դիւանագէտի մը հետ հանդիպման ժամանակ, երբ խօսք եղաւ մեր երկրի իրավիճակի մասին, ես անոր ներկայացուցի Հայաստանի սահմանային վիճակը՝ ներկայացնելով, որ Հայաստանը չորս սահմաններէն երկուքը՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ փակ են: Ի դէպ, փակ են միեւնոյն հարցի՝ Արցախի հակամարտութեան պատճառով: Ի դէպ ատիկա անհեթեթ է, որ երկիր մը միւս երկրի հետ յարաբերութիւնները կը կապէ երրորդ երկրի հետ անոնց ունեցած յարաբերութիւններով: Ես ըսի նաեւ, որ մենք ունինք երկու սահման, որոնք իրականութեան մէջ կիսաբաց կարելի է համարել: Քանի որ, օրինակ, Իրանի հետ սահմանը ամէն պահու կրնայ իրավիճակի հետ փակուիլ աշխարհաքաղաքական պատճառներով՝ ԱՄՆ եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւններու պատճառով: Հայաստան-Վրաստան սահմանը եւս կրնայ փակուիլ աշխարհաքաղաքական կամ վատ եղանակային պայմաններո պատճառով: Փաստօրէն, կարելի է արձանագրել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կղզի է առանց ծովի: Ես անոր հարցուցի, թէ կրնայ ան արդեօք խորհուրդ տալ՝ ինչպէս պէտք է վարուի Հայաստանի Հանրապետութիւնը այս պայմաններուն մէջ: Եւ սա, կը կարծեմ, վերջին փաստարկն էր, որ օգնեց փորձուած դիւանագէտին ընդունել մեր դիրքորոշումները եւ փաստարկները, որոնք մենք կը բերէինք արտաքին քաղաքական շատ կնճռոտ հարցի մը քննարկման ժամանակ:

Հայ-թրքական յարաբերութիւններու հետ կապուած ես կրնամ ըսել նոյնը, ինչ որ ըսուած է միշտ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է առանց նախապայմաններու հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման: Ի դէպ, կը խնդրեմ ոեւէ մէկը որեւէ կերպ սա չմեկնաբանէ, թէ մենք, այս դիրքորոշմամբ որեւէ կերպով կը նսեմացնենք 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը, որովհետեւ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը մեզի համար եւ մեր ընկալմամբ հայ-թրքական յարաբերութիւններու խնդիր չէ: Ատիկա մեզի համար անվտանգութեան եւ ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան, այլ նաեւ միջազգային անվտանգութեան խնդիր է, եւ ատիկա մեր ներդրումն է Ցեղասպանութիւններու կանխարգելման համաշխարհային եւ միջազգային շարժման եւ գործընթացին: Այնպէս որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է առանց նախապայմաններու բանալ սահմանը, ըստ էութեան մեր սահմանը մեր կողմէ փակ չէ: Սահմանը փակ է Թուրքիոյ կողմէ: Եւ Թուրքիոյ կողմէ փակ է Ղարաբաղեան հակամարտութեան պատճառով, եւ ատիկա վատ քաղաքականութիւն է, որովհետեւ եթէ ոեւէ մէկը յոյս ունի թէ Հայաստանի Հանրապետութեանը կամ Արցախի ժողովրդին կրնայ հարկադրանքի եւ սպառնալիքի ճանապարհով մղել Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման այս կամ այն տարբերակի, ինքը ուղղակի կը սխալի: Եւ ես կ՛ուզեմ, որ մենք բոլորս սա արձանագրենք: Այո՛, մենք պատրաստ ենք հարցի կարգաւորման շուրջ բանակցային գործընթացի, բայց կը բացառեմ, որ մեր կառավարութիւնը եւ մեր ժողովուրդը հարկադրանքի, սպառնալիքի, շրջափակումներու գործադրմամբ կրնայ որեւէ քայլ ընել: Ընդհակառակը այդ ամէնի գործադրմամբ, մենք աւելի կ՛ամրանանք, աւելի կը համախմբուենք եւ ի վերջոյ կը հասնինք մեր ազգային նպատակներուն»: