«Համազգային» «Լոյսի Աղբիւր»՝ Սփիւռքի Մեր «Դատարկ Սափորնենրուն»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Գրեց՝ ԷԼԷՆ ՄԵՐՃԱՆԵԱՆ

Այս օրերուն 90-ամեակ մը կը տօնուի։ Առոյգ երիտասարդի մը 90-ամեակը, որ երիտասարդացման իր գաղտնիքը հրապարակայնացուցած է ահաւասիկ գրեթէ մէկ դարէ ի վեր եւ տակաւին կ՚ընձիւղէ, կը ծլարձակուի, կ՚ընդլայնի, հաստաբեստ կաղնի կը դառնայ հիւրընկալ եւ անհիւրընկալ աշխարհամասերու վրայ։

Վաւերագրական, մեկնաբանական թէ վերլուծական գրութիւններ, հիացումի եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւններ կ՚ողողեն համասփիւռքեան հայ մամուլի էջերը։ Արժանաւոր համազգայնականի մը համար, այս անկիւնադարձ թուականին առթիւ, ո՞ր մէկ մօտեցումն է ուղիղը։
Նիւթական հաստատո՞ւմ մը, հսկայական ներդրումներով եւ անոնց հետեւանք՝ սքանչելի իրագործումներով, տնտեսական, հրատարակչական, շինարարական ցանցերուն ընդմէջէն,

թէ՝

սփիւռքեան առարկայական հայեացք մը, դիտելու եւ քննարկելու համար «սփիւռքի մշակոյթի եւ կրթութեան նախարարութեան» այս համազգային ընտանիքին յուռթի եւ լայնադաշտ ծաւալումը ի սփիւռս աշխարհի։ Կարելի՞ է արդեօք մտայղացումը անջատել իրագործումէն…

Շանթերու, Աղբալեաններու, Օհանջանեաններու եւ միւսներուն շոյած, գուրգուրացած երազը, խարխափուն քայլերով ճամբու դրուած, լոյսի օճախ ճեմարան մը եւ համեստ տպարան մը, այսօր դարձած են քառանիստ կառոյց եւ նոր օրերուն պահանջքին ընդառաջելով՝ սփիւռքին եւ հայրենիքին կ՚ընծայեն «Համազգային»-ի համալիր, թատրոն, երաժշտանոց, կերպարուեստի վարժարան, գրական պարբերաթերթ, հայագիտական հիմնարկ եւ այլն…

Շանթ, Աղբալեան, Օհանջանեան, հիմնադիր երրորդութիւնը միշտ աչքերը սեւեռած պահեց մայր հայրենիքին։ Այսուհանդերձ՝ նախկին «Լուսաւորութեան նախարար»-ի եւ պետական առաջին համալսարանի հիմնադրի մը, նախկին վարչապետի մը եւ տեսլապաշտ մտաւորականի մը համար հրամայական էր կառոյց ստեղծել, «իմանալի լոյս» ջամբելու նորաստեղծ սփիւռքին, եւ այդ լոյսով առաջնորդելու խաւարին մէջ շլմորած հայ զանգուածները։

Ընկալեալ մտայնութիւն է կարծել թէ մտաւորականներ գործի մարդ չեն կրնար ըլլալ։

«Համազգային»-ի ներկայ համասփիւռքեան թէ հայրենական համայնապատկերը անհերքելի ապացոյց մըն է վերոյիշեալ ընդունուած կարծիքին հակասող։ Մտայղացում, երազ, տեսլական, ցնորքի բնագաւառին վերագրուած պատկերներ կրնան արթնցնել յաճախ մեր մտքերուն մէջ. սակայն «Համազգային»-ի պարագային՝ այդ վերացական եզրերը դարձան գոյիմաստ հոյլ մը մարգարէներուն համար, որոնք պիտի հիմնէին այն բնատիպը այն բոլոր կառոյցներուն՝ ճեմարան, թատերախումբ, երգչախումբ, մանկական երգչախումբ, պարախումբ, նուագախումբ, հրատարակչատուն, հայագիտական հիմնարկ, դասագրքերու շարք, երիտասարդական ուսանողական հանդիպումներ, ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի հաղորդակայաններ… որոնք այսօր բազմօրինակուած են տասնով, քսանով, յիսունով, հարիւրով, ոչ միայն «Համազգային»-ի կողմէ այլ՝ սփիւռքի այլ կառոյցներուն կողմէ ալ։

Ո՛ւր կայ «Համազգային Կրթական եւ Մշակութային Ընկերակցութիւն», հո՛ն նախանձախնդիր, հայավայել եւ մարդավայել մշակութային կեանք կայ։

Ո՛ւր «Համազգային» կը ստեղծուի, հո՛ն արդէն մշակուած մտքի եւ մտաւորական ուժականութեան գրաւականը տեղ կը գտնէ։

Այսօր Մարսիլիայէն Փարիզ, անցնելով շրջաններէն, «Համազգային»-ը իր շատ երիտասարդ կեանքով եւ մի քանի տասնամեակի փորձառութեամբ, մեր համայնքին հայեացքը եւ սիրտը ժիր կը պահէ։ Կրթական թէ մշակութային խիզախ նուաճումները թափ ու թեւ կու տան այս արժանաւոր ընտանիքին վերջնեկ մասնաճիւղերուն, որ կրօնաւորի երկիւղածութեամբ եւ երդուեալ մշակի խորախորհուրդ գիտակցութեամբ, պիտի փորձէ այս մեծ ընտանիքին արժանի յետնորդը ըլլալ, գերմանացի բանաստեղծին «Mehr Hicht»-ը (աւելի՛ լոյս) նշանախօսք դարձուցած։

Թող «Համազգային»-ի ցանած սերմերը իր դպրոցական ցանցերով, թատերախումբերով եւ մշակութային նախաձեռնութիւններով յագեցնեն մեր համայնքին հայ մշակոյթի խաւարումէն տառապող սրտերը։

«Համազգային»-ին հետ երթա՛նք դէպի «աղբիւրը լոյսին»։