Երբ Մտածելակերպս Կը Բախի Մեր Իրականութեան Մէջ Տիրող Խորթ Երեւոյթներիւն

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Թամար Հերկէլեան


Ամէն անգամ, երբ մտածելակերպս կը բախի մեր իրականութեան մէջ տիրող խորթ երեւոյթներուն, պահ մը կը փորձեմ ինքնավերլուծում կատարել’ հասկնալու համար միտքիս պատուհանը պղտորող հարցման նշաններուն առկայութիւնը, պեղելու մտածումներուս ենթահողը եւ գտնելու պատասխաններ…

Այսօր, ինքնավերլուծման թելս հասաւ մանկութեանս եւ ներս անցաւ փոքր սենեակի մը կիսաբաց դռնէն։ Մեծ հօրս բարբառաշունչ հեքիաթներու եւ առասպելներու սենեակը, ուր որքա~ն երազներ հիւսեցի, թեւեր առած’ մխրճուեցայ հեռաւոր երկինքներու պայծառութեան մէջ եւ հանգչեցայ խրոխտ լեռներու կատարներուն։

Համեստ սենեակ մըն էր, որուն պատերուն աղիւսները յանկարծ ժայռերու տեսքով դուրս կը ցցուէին, եւ վառարանին մէջ նետուած փայտերուն ճարճատիւնը կարմիր ըմբոստութեան մը հնչեղութիւնը կը ստանար, երբ Խաչեր պապուկս կ’երգէր իր ամենասիրած երգը’ “Օտարութիւն այսքան տարով, կու լամ կարօտով, կարօտով…”: Մանկական հետաքրքիր նայուածքս կը կեդրոնանար մանաւանդ մեծ հօրս աչքերուն վրայ, ուր կը նշմարէի դեռ իմ չհասկցած արցունքոտ թախիծը, բայց նաեւ փայլող խիզախութիւնը։ Երգը կու լար, բայց մեծ հօրս շրթներուն վրայ վիշտն ու կարօտը կը վերածուէին Հզօր Գաղափարի, որ կը թափանցէր մանուկ ու փափուկ հոգիէս ներս’ դառնալու էութեանս անբաժան մասնիկը։

Համոզուած եմ, որ գաղափարական ամէն ԱՆԿԵՂԾ հակում, առաջին հերթին, այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ կը խմորուի, եւ ժամանակի ընթացքին, ի’նչ ձեւ ալ ստանայ, մթնոլորտին բոյրն ու քաղցրութիւնը կը պահէ անպայման։ Մթնոլորտ, որ ոգի է, Գաղափարը պաշտպանող, բարձրացնող եւ սերունդներուն կտակող կամք’ հեռո’ւ ամէն տեսակի տատանումներէ եւ քաշքշուքներէ, հեռո’ւ Գաղափարի անուան տակ Գաղափարը կրծող շահախնդրութենէ։

Հպա’րտ եմ, որ որքան ալ ժամանակը իր պարտադրանքներով ինձմէ հաշիւներ պահանջէ, կը մնամ նոյն սենեակին մէջ, նոյն հայեացքով…

“Մեր խնդիրք կը լուծուին շուտով, համբերէ’, հոգի’ս, համբերէ'”: