Եուրի Խաչատուրով Հեռացուած է ՀԱՊԿ Հլխաւոր Քարտուղարի Պաշտօնէն

Հայաստան

Եուրի Խաչատուրով հետացուած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնէն: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին կը յայտնէ ՀԱՊԿ պաշտօնական կայքը:

ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի պարտականութիւնները պիտի կատարէ կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Վալերի Սեմերիքով:

Յուլիս 26-ին Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութիւնը մեղադրանք առաջադրած էր ՀԱՊԿ գլխավոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովին՝ 2008 թուականին սահմանադրական կարգը տապալելու համար: