Նոր Հրատարակութիւններ

Այլեւայլ

Աճառեան Սոֆիա, «Իմ յուշերը Աճառեանի մասին», «Ասողիկ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018, 286 էջ (14,8 x 20,6 սմ.) (մեծանուն եւ երախտաշատ հայագէտի տիկնոջ յուշերը իրենց համատեղ կեանքէն, լուսանկարներ): «Հրատարակչական ծախսերը հոգացել են Հ. Հ. Գ. Ա. Ա. Հ. Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտը եւ բանասիրական գիտութիւնների դոկտոր Ամալիա Խաչատրեանը»:

– Աճեմեան Գէորգ, «Ամբողջական երկեր», Դ. եւ Ե. հատոր, գլխաւոր խմբագիր` Սուրէն Դանիէլեան, պատասխանատու խմբագիր` Քնարիկ Աբրահամեան, Դ. հատորի յառաջաբանի հեղինակներ Սուրէն Դանիէլեան եւ Քնարիկ Աբրահամեան, «Սփիւռք» գիտա-ուսումնական կենտրոն, «Զանգակ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018, 568 + 424 էջ (16,5 x 23,7 սմ.) (Դ. հատորի խորագիր` «Քննադատական երկեր»` գրաքննադատութիւն, գրական նիւթերու մասին հարցազրոյցներ եւ նամակներ, Ե. հատորի խորագիր` «Հրապարակագրական երկեր»` Հայ Դատի եւ ազգային ազատագրական պայքարի մասին յօդուածներ` լոյս տեսած մասնաւորապէս «Սփիւռք» պարբերականին մէջ. երկու հատորներուն մէջ` անուանացանկեր, ծանօթագրութիւններ): Հատորները տպագրութեան երաշխաւորած է Խաչատուր Աբովեանի անուան Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի բանասիրութեան բաժանմունքի խորհուրդը:

– Աւագեան Արծրուն (կազմող, նախաբանի եւ յօդուածներու հեղինակ), «Վահան Թէքէեան. Ազնուական քերթողը», խմբագիր` Վազգէն Գաբրիէլեան, Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018, 215 էջ: Հրատարակութեան հովանաւորն է Լոս Անճելոսի «Նոր օր» շաբաթաթերթը: Գիրքը նուիրուած է Վ. Թէքէեանի ծննդեան 140-ամեակին:

– Աւշարեան Ռուբէն, «Արձանագրութիւններ – Լիբանանի խորհրդարաններու հայ երեսփոխանները», Ա. հատոր` 1922-1972, Բ. հատոր` 1972-2017, Հայկազեան համալսարանի հրատարակչութիւն, Պէյրութ, 2017, 653 + 679 էջ (17,4 x 24,6 սմ.) (հանրագիտարանային բնոյթի կոթողային աշխատութիւն Լիբանանի հայազգի երեսփոխաններու մասին, կենսագրութիւններ, ընտրապայքար, գործունէութիւն, խորհրդարանին մէջ ելոյթներ, փաստաթուղթեր, լուսանկարներ, օգտագործուած գրականութեան ցանկ, յատուկ անուններու եւ եզրերու ցանկեր) (շարադրանքը` անգլերէն, ելոյթները` արաբերէն):

– Բանեան Գառնիկ, «Հայ որբի մը յուշերը 1914-1920», հայերէնէ թարգմանեցին Շանթ Մարճանեան եւ Ժան-Միշել Պիլեմճեան, ներածական խօսք` Յարութիւն-Ռեմոն Գէորգեանի, «Հեմիսֆեր» հրատարակչութիւն, Ֆրանսա, օգոստոս 2018, 307 էջ (ֆրանսերէն):

– Գարայեան Սարգիս Ե., «Հայերը Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ, 1914 – Աշխարհագրական եւ ժողովրդագրական տեղեկագիրք», ներածութիւնը` Գարլա Կարապետեանի, «Կոմիտաս» հիմնարկի հրատարակութիւն, 2018, 674 էջ (4000-է աւելի հայաբնակ վայրերու հին եւ նոր անուններն ու աշխարհագրական դիրքը, անոնց բնակչութեան ընդհանուր թիւը, հայ բնակիչներուն քանակը եւ այլն, քարտէսներ, լուսանկարներ, օգտագործուած աղբիւրներու ցանկ, գիւղերու անուանացանկ) (անգլերէն):

– Էքինճեան Յովհաննէս Կ., «Ֆրանսայի կողմէ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը – Երկար ճամբու մը ոլորանները», «լ’Հարմաթան» հրատարակչութիւն, Փարիզ, մարտ 2018, 222 էջ (15,5 x 24 սմ.) (Ֆրանսայի կողմէ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթը 1918-ի վերջէն մինչեւ 2001-ին Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ անոր «ճանաչումը») (ֆրանսերէն):

– «Հայկազեան հայագիտական հանդէս», ԼԸ. հատոր, պատասխանատու խմբագիր` Անդրանիկ Տագեսեան, Հայկազեան համալսարանի հրատարակչութիւն, Պէյրութ, 2018, 852 էջ:

– Ղորղանեան Ստեփան, «Կարսի մարզը Հայաստանի Հանրապետութեան կազմում (1919 ապրիլ – 1920 հոկտեմբեր) – Կարսի նահանգապետ Ստեփան Ղորղանեանի յուշերը», աշխատասիրութեամբ` Վլատիմիր Յարութիւնեանի, հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2018, 643 էջ (Կարսի նահանգապետի յուշերը նահանգի 1919-ի ապրիլ – 1920-ի հոկտեմբեր ժամանակահատուածի կեանքի, 30 հոկտեմբեր 1920-ին Կարսի խայտառակ անկման եւ Աղեքսանդրապոլի պայմանագիրի բանակցութիւններուն մասին, լուսանկարներ): «Գրքի հրատարակութիւնն իրականացուել է «Սամուէլ Սարուխանեան» հիմնադրամի միջոցներով»:

– Ճէպէճեան Հրայր, «Սփիւռքահայ կեանքեր ինչպէս որ տեսայ», խմբագրեց եւ համադրեց Արտա Ճէպէճեան, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն, Պէյրութ, 2018, 552 էջ (16,5 x 23,5 սմ.) (աշխարհի երկիրներով հեղինակին ուղեւորութիւններու ընթացքին հայոց հետ հանդիպումներու նկարագրութիւններ ու տպաւորութիւններ, լուսանկարներ): Հեղինակը հրատարակութիւնը նուիրած է կնոջը` Արտային եւ զաւակներուն` Վահէին եւ Ալիքին:

 – Մովսիսեան Արտակ, «Արարատ-Ուրարտու թագաւորութիւնը», Երեւան, 2018 (եռալեզու` հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն ալպոմ, գունաւոր բազմաթիւ լուսանկարներ եւ քարտէսներ, կցուած է թրքերէն տեսախտասալիկ Արարատեան թագաւորութեան պատմութեան մասին):

– Յարութիւնեան Վլատիմիր, «Առաջին Հանրապետութիւն – Կարսի վերջնախաղը», հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2018, 180 էջ (30 հոկտեմբեր 1920-ին Կարսի խայտառակ անկման մասին փաստեր եւ վերլուծումներ):

– Նալպանտեան Յովսէփ (աշխատասիրեց), «Միջազգային պատմութիւն – Ժամանակագրութիւն (1789-2015)», «Էտիթ փրինթ» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, 2018, 720 էջ (21 x 27,9 սմ.) (համաշխարհային ու հայոց պատմութեան վերջին 220-230 տարիներու կարեւոր անցքերը` մէկ կամ քանի մը տողով, քիչ յայտնի փաստեր, համառօտագրութեանց, օգտագործուած աղբիւրներու եւ անձնանուններու ցանկեր):

– Պապոյեան Գէորգ, «Այնթապի հերոսական պատերազմը», հայերէնէ թարգմանիչ եւ յառաջաբանի հեղինակ` Իւմիթ Քուրթ, «Կոմիտաս» հիմնարկի հրատարակութիւն, Լոնտոն, 2018, 284 էջ (15,5 x 22,9 սմ.) (Այնթապի հայութեան 1920-1921-ի ինքնապաշտպանութեան ականատեսի վկայութիւն) (անգլերէն):

– Սիմոնեան Հրաչիկ, «Հայկական հարցը եւ ռուսաստանեան դիւանագիտութիւնը առաջին համաշխարհային պատերազմի նախօրէին», Ռուսիոյ գիտութիւններու կաճառի հարաւային գիտական կեդրոնի հրատարակչութիւն, Տոնի Ռոսթով – Ռուսիա, 2018, 464 էջ (17,2 x 24,7 սմ.) (օգտագործուած աղբիւրներու ցանկ) (ռուսերէն):

– «Սփիւռք եւ ինքնութիւն», խմբագիր` Շահան Գանտահարեան, հրատարակութիւն «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ»ի թիւ 12, տպարան Կաթողիկոսութեան հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, 2018 (17 յուլիս 2018-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպած նոյնանուն գիտաժողովին 24 զեկուցումները):

– Քուրթ Իւմիթ, «Անթէպ 1915 – Ցեղասպանութիւն եւ իրականացնողներ», խմբագիր` Մերվէ Էօզթիւրք, «Իլեթիշիմ» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, սեպտեմբեր 2018, 215 էջ (հինգ յաւելուածներ, օգտագործուած աղբիւրներու եւ յատուկ անուններու ցանկեր) (թրքերէն):

Պատրաստեց Գէորգ Եազըճեան