Պոլսոյ Մէջ Մեկնարկած է Համշէնի Հայերէնի Բարբառը Ուսուցանող Դասընթացներ

Էրկիր, Սփիւռք

Պոլսոյ մէջ գործող համշէնական «Հատիկ» միութեան նախաձեռնութեամբ՝ Համշէնի հայկական բարբառը ուսուցանող դասընթացներ պիտի տրուին, այս մասին կը տեղեկացնէ Bianet.org-ը:

Յայտնի է, որ միութեան անդամներուն ու Համշէնի բարբառը սորվիլ ուզող բոլոր անձերուն այստեղ համշէնահայերէն կը դասաւանդեն համշէնցի մտաւորականներ Մահիր Օզքանն ու Շաբան Ալթայը:

Նշենք, որ դեռ անցեալ տարուընէ «Հատիկ» միութեան շէնքին մէջ սկսած էին համշէնական պարերու ուսուցման դասընթացներ, որոնք կը շարունակուին մինչ օրս:

«Իրականութեան մէջ դասընթացքը մեզի բոլորս միաւորելու միջոց է: Նպատակը միայն լեզուն սորվիլն ու համշէնական մշակոյթը հասկնալը չէ, բուն նպատակը աւելի շատ մեր հայրենի մշակոյթին ու համշէնականութեան շուրջ կեդրոնանալն է: Մեր դռները բաց են բոլոր անոնց դիմաց, որոնց սիրտը կը տրոփէ Համշէնի համար», ըսած է միութեան անդամներէն Նեշենուր Ալթունքայա: