Նախագահը Չստորագրեց «Ազգային Ժողովի Կանոնակարգ» Օրէնքի Փոփոխութիւնները Եւ Որոշեց Դիմել Սահմանադրական Դատարանին

Հայաստան

Նկատի ունենալով, որ օրէնքին վերաբերեալ փաստացիօրէն արձանագրուած է հանրութեան ստուար զանգուածի մը անհամաձայնութիւնը, Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան չստորագրեց «ԱԺ կանոնակարգ» օրէնքին մէջ լրացումներ եւ փոփոխութիւններ կատարելու մասին օրինագիծը եւ որոշեց դիմել Սահմանադրական դատարանին՝ օրինագիծի Սահմանադրութեան պահանջներուն համապատասխանութեան հարցը որոշելու համար:Այս մասին կը հաղորդէ “Արմենփրես”-ը։

Նախագահին աշխատակազմը տարածեց յայտարարութիւն մը, Ազգային ժողովի 2 Հոկտեմբեր 2018-ի արտահերթ նիստին ընդունուած՝ ««Ազգային ժողովի կանոնակարգ» ՀՀ սահմանադրական օրէնքում լրացումներ եւ փոփոխութիւններ կատարելու մասին» Հայաստանի սահմանադրական օրէնքին վերաբերեալ:

Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնն ստանձնելու առաջին իսկ օրուընէ նախագահ Արմէն Սարգսեան իր պարտականութիւններու կատարման ընթացքին ներմուծեց նոր մշակոյթ՝ իւրաքանչիւր գործողութիւն պէտք է միտուած ըլլայ յստակ նպատակի իրականացման եւ հիմնուած՝ իրաւունքի գերակայութեան սկզբունքի վրայ: Այս մօտեցումը կար նաեւ Սահմանադրական դատարանի դատաւորի թեկնածու առաջադրելու առաջին փորձի մէջ, երբ հաշուի առնելով տարբեր քննարկումներու ընթացքին հնչեցուած դիտարկումները եւ առաջարկները, նախագահ Սարգսեան նախաձեռնեց թեկնածու առաջադրելու նպատակով խորհրդատուական գործընթաց: Նոյն մօտեցումը կը գործէ նաեւ իւրաքանչիւր օրէնք ստորագրելու ատեն: Ըլլայ ատիկա նոր ընդունուած օրէնք, թէ գործող օրէնքին մէջ փոփոխութիւն, զայն ստորագրելու համար նախագահը եւ իր աշխատակազմը համակարգային կը վերլուծեն՝ թէ արդեօք առկայ են առերեւոյթ սահմանադրաիրաւական խնդիրներ, որքանով նոր օրէնքը կամ օրէնսդրական փոփոխութիւնը կը նպաստէ այս կամ այն խնդրի լուծման, գնահատուած են արդեօք ազդեցութեան հաւանական զարգացումները: Բոլոր օրէնքները պէտք է համապատասխանեն Սահմանդրութեան եւ ծառայեն իրենց նպատակներուն՝ նպատակ ունենալով ճշգրիտ խնդիրներու կանոնակարգման:

Ազգային ժողովի՝ 2018 թուականի Հոկտեմբերի 2-ի արտահերթ նիստին ընդունուած «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական օրէնքին մէջ լրացումներ եւ փոփոխութիւններ կատարելու մասին» ՀՀ սահմանադրական օրէնքը տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու եւ քննարկումներու պատճառ դարձաւ:

Օրէնքի վերաբերեալ փաստացի արձանագրուեցաւ հանրութեան ստուար զանգուածի մը անհամաձայնութիւնը: Հաւատարիմ իր մօտեցումին՝ նախագահ Սարգսեան յանձնարարեց իր աշխատակազմին աւելի խորն ուսումնասիրել տուեալ հարցի վերաբերեալ միջազգային փորձը, ինչպէս նաեւ ներկայացուած Օրէնքի փոփոխութիւնները՝ իրենց հիմնաւորմամբ:

Օրէնքի փոփոխութիւններու, ինչպէս նաեւ «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» օրէնքի գործող խմբագրութեան վերաբերեալ իրականացուած ուսումնասիրութիւնները կը վկայեն որոշակի առերեւոյթ սահմանադրա-իրաւական խնդիրներու մասին:

Հաշուի առնելով վերոգրեալը եւ նպատակ ունենալով ապահովել Սահմանադրութեան գերակայութիւնը՝ նախագահ Սարգսեան որոշած է դիմել Սահմանադրական դատարան՝ ներկայացուած օրէնքը Սահմանադրութեան պահանջներուն համապատասխանութեան հարցը որոշելու համար»: