«Հեռուստամարաթոն-2018»-ը Պիտի Կրէ «Եկէք Արարենք Միասին» Խորագիրը

Հայաստան, Սփիւռք

Այս տարի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կողմէ Լոս Անճելըսի մէջ իրականացուող ամենամեայ հեռուստամարաթոնը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 22-ին:

Այս մասին կը տեղեկացնեն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի լրատուութեան բաժինէն` մանրամասնելով, որ «Հեռուստամարաթոն-2018»-ը, որ պիտի կրէ «Եկէք արարենք միասին» խորագիրը, պիտի ընդգրկէ նախորդ տարուան` խորքային հորերու հորատման եւ արեւային ջրատաքացուցիչներու տեղադրման ծրագիրները. Պիտի իրականացուին նաեւ ենթակառուցուածքներու զարգացման ծրագիրներ Հայաստանի մէջ:

Աղբիւրին հաղորդմամբ` «Հեռուստամարաթոն-2018»-ին ընդառաջ` հիմնադրամը UNIBANK ARMENIA ընկերութեան կողմէ ստացած է առաջին խոշոր նուիրատուութիւնը` 15 միլիոն դրամի չափով: Իսկ Թորոնթոյի տեղական մարմինը այս տարուան բարեգործական ճաշին հաւաքած է 1 միլիոն 300 հազար գանատական տոլար (1 միլիոն ամերիկեան տոլար):