Վարձկան Լոպիները Անզօր Են Ազնաւուրի Դիմաց

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Բովանդակ հայաշխարհը կը սգայ ֆրանսահայ երգիչի` Շարլ Ազնաւուրի կորուստը: Մահը սուգ կը պարտադրէ: Սիրելիի մը անվերադարձ հեռացումը թախիծ կը պատճառէ: Սա պահուն, Ազնաւուրի մահով, այդ բոլորին զուգահեռ եւ խիստ հակասական երեւոյթով, մենք կրնանք նաեւ տօնել իր յաղթանակը:

Շահնուր Վաղինակ Ազնաւուրեանի մահը պսակադրում մըն է նաեւ ամբողջ կեանքի մը տեւողութեամբ կուտակուած յաջողութիւններու շարանին: «Արաս» հրատարակչութեան կողմէ հրատարակուած կենսագրութիւնը յաղթանակի բազմաթիւ օրինակներ կը նկարագրէ` սկսելով անոր բեմական կեանքի առաջին աստիճաններէն: Նուաճած բոլոր բարձունքներուն հասած է յամառ պայքարով` մաքառելով ինչ ինչ դժուարութիւններու դէմ:

Դժուար էր գաղթական մը ըլլալով` նախ մուտք գործել ֆրանսական բեմէն ներս, ապա մագլցիլ այդ ճանապարհի սանդուխներով ու հասնիլ գագաթ, այդ բարձունքէն հաղորդուիլ աշխարհի չորս ծագերուն եւ այդ բոլորին մէջ պանծացնել նաեւ հայու անունը:

Թուրքիոյ մէջ պետութեան անունով գործող քաղաքական միտքը երկար ժամանակ դժգոհեցաւ բուռ մը հայուն համաշխարհային գետնի վրայ տիրացած ուժէն: Ամէն անգամ որ խորհրդարանի մը օրակարգին կու գար Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրը, թուրք գործիչներ կը փորձէին տրամաբանական բացատրութիւն մը գտնել այդ բանաձեւին բարձրացման ետին: Երկար տարիներ այս երեւոյթը մեկնաբանեցին ընտրութիւններով, մինչդեռ իրենք եւս ունէին սփիւռք այդ երկիրներու մէջ: Ապա, չես գիտեր` ո՞ր խելքին ծառայելով, մտաբերեցին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող լոպիական ընկերութիւններու դիմել: Հսկայ գումարներ վճարեցին այդ ընդհանրապէս հրէական ծագումով կազմակերպութիւններուն: Կ՛ակնկալէին, որ տուեալ ընկերութիւնը զանազան եղանակներով պիտի կաշառէ քոնկրեսականներ կամ ծերակուտականներ, որոնք Թուրքիոյ ի նպաստ դիրք պիտի բռնեն ամերիկեան քաղաքական դաշտին վրայ:

Անշուշտ որ ապարդիւն էին այդ բոլորը: Ապարդիւն էր, քանի որ մղուած էր չար միտքով: Անարդարութիւնը անխուսափելի կերպով պիտի պարտուէր արդարութեան դիմաց: Թուրքիոյ պետութեան մսխած միլիոնաւոր տոլարներուն դիմաց կանգնած էր Ազնաւուր` իր արդար, մարդասէր, համամարդկային բոլոր յատկութիւններով: Մեծխօսիկութեան կարիք չունէր ան: Կը բաւարարուէր իր գործը, որդեգրած ուղին լաւագոյնս կատարելով:

Կ՛արժէ աւելցնել այլ երեւոյթ մը: Դարձեալ «Արաս» հրատարակչութեան միջոցով կարդացած ենք Միսաք Մանուշեանի յուշերը: Հոն եւս կը հանդիպինք յետ եղեռնեան տարիներուն Ֆրանսա ապաստանած գաղթականի մը կերպարին: Աւելի՛ն. կը տեսնենք, որ Մանուշեան մտերիմ եղած է Ազնաւուրեաններուն: Վաղինակը դեռատի պատանի մըն էր այդ տարիներուն, երբ Միսաք իր ամբողջ էութեամբ մասնակցած է ֆաշիստներու դէմ ֆրանսական դիմադրական շարժումին: Ահաւասիկ` կերպար մը եւս, որ ինքնին լոպիի մը ազդեցութիւնը գործած է ֆրանսացի հասարակութեան վրայ: «Կարմիր որմազդ»-ի հերոսին ազդեցութիւնը վարձկան լոպիներով չէզոքացնելը այդքան ալ դիւրին բան չէ: Մանուշեան, Ազնաւուր կամ Ուլիիըմ Սարոյեան իրենց գործին բնական արդիւնքով հայուն անունը պանծացուցին իրենց ապրած երկիրներուն մէջ: Այդ է պատճառը, որ Մաքրոն ֆրանսական շանսոնէի արքային մահուան գոյժը յայտնած պահուն կը յիշէ հայ ժողովուրդը: Այդ է պատճառը, որ Փարիզի քաղաքապետը Էյֆելի աշտարակը կը լուսաւորէ ի յիշատակ Շարլ Ազնաւուրի` ներքեւը զետեղելով մեծ պաստառ, որուն վրայ իր երգերով կը տողանցէ Ազնաւուր: Նոյն պահուն Երեւանի եւ Գիւմրիի մէջ հայ ժողովուրդը իր յարգանքի տուրքը կը մատուցէ մոմավառութիւններով եւ ազնաւուրեան երաժշտութիւն լսելով:

Ազնաւուր եւս «մահուամբ զմահ կոխեաց»:

Յարգա՛նք իր վաստակին:

pakrates@yahoo.com