Սերժ Թանքեան Ամուլսարը Փրկելու Ուղերձ Յղած է

Հայաստան, Սփիւռք

Աշխարհահռչակ երաժիշտ Սերժ Թանքեան միացած է «Փրկել Ամուլսարը» արշաւին: Թանքեան տեսաուղերձ հրապարակած է, ուր կ՛ըսէ․

«Կ՛ուզեմ խօսիլ հանքարդիւնաբերութեան մասին, կամ աւելի ճիշդ այն մասին, թէ ինչո՞ւ հանքեր պէտք չէ բացուին: Մենք գիտենք, որ հանքերը յարատեւ վնաս կը հասցնեն բնական միջավայրին` անկախ անկէ, թէ ատիկա ինչ տեսակի հանք է, թէ որքան լաւ կը վերահսկուի հանքի գործունէութիւնը աղտոտիչներու առումով, անիկա ամէն պարագայի յարատեւ վնաս կը հասցնէ բնական միջավայրին: Մանաւանդ, բաց հանքերը, ինչպէս Ամուլսարի պարագայի առաջարկ եղած է, որ պիտի օգտագործուին պայթուցիկներ եւայլն: Ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ աղտոտիչները պիտի չթափանցեն ջրային աւազաններ»: