Տեղի Ունեցած Է Նախագահ Արմէն Սարգսեանի Եւ Նիկոլ Փաշինեանի Հանդիպումը

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ, Հոկտեմբեր 17-ին, տեղի ունեցած է նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը: Այս մասին կը տեղեկացնէ  վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի մամլոյ բանբեր Արման Եղոյեան:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահին եւ անդրադարձած ընթացիկ քաղաքական իրավիճակին, սպասուող զարգացումներուն:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան վստահութիւն յայտնած է, որ կառավարութիւնը կարելի բոլոր միջոցները եւ անհրաժեշտ գործունէութիւնը պիտի ծաւալէ, որպէսզի ամբողջ ընթացքը` ե՛ւ յառաջիկայ 14 օրը, ե՛ւ ապագայ ընտրութիւնները տեղի ունենան օրէնքի եւ օրինականութեան սահմաններուն մէջ, որովհետեւ ասիկա կը բխի ամբողջ ժողովուրդի շահերէն: