Ինչպէս Կ՛ըլլայ Քննադատելու Առաքինութիւնը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. Պալեան

Քննադատութիւնը թերեւս անհաճոյ է, բայց անհրաժեշտ:

Անիկա կը նմանի մարդու մարմնական ցաւին.  անիկա ուշադրութիւն կը հրաւիրէ անոր վրայ երբ անիկա անբնական է:

ՈՒԻՆՍԹԸՆ ՉԸՐՉԻԼ

Միշտ սիրած եմ հռոմէական առաքինութիւն բառը, virtus, որ կը նշանակէ հոգիի ուժ: Արդարեւ, քննադատութիւնը կ՛ենթադրէ առաքինութիւն, հոգիի ուժ: Երբ կը խուսափինք քննադատութենէ, ո՛չ կ՛անհանգստացնենք, ո՛չ կ՛անհանգստանանք. բուսական հանգիստ: Այս պատճառով ալ միշտ խորհած եմ, որ քննադատել կ՛ենթադրէ հռոմէացիներու virtus-ը, հոգեկան ուժը, քանի որ քննադատել կը նշանակէ յանձն առնել դժգոհութիւն ստեղծել, ինչպէս կ՛ըսէ ժողովրդական իմաստութիւնը՝ թշնամի շահիլ: Յաճախ լռութիւնը համարուած է իմաստութիւն, ըսենք՝ վատերու իմաստութիւն:

Իսկ մարդկօրէն արժանաւոր կեանքի մը համար, քայլ պէտք է պահել Շաւարշ Նարդունիի հետ, որ կ՛ըսէր, թէ կատուին կատու պէտք է ըսել: Իր կարգին նոյնը ըսած է ֆրանսացի իմաստասէր եւ գրող Ժան-Փօլ Սարթր. «Գրողին պարտականութիւնն է կատուն կատու կոչել: Եթէ բառերը հիւանդ են, մեր պարտականութիւնն է զանոնք դարմանել: Ասոր փոխարէն, շատեր կ՛ապրին այս հիւանդութեամբ»: Այսինքն՝ վախկոտութեամբ կը կեղծենք:

Հայերէն քննադատութիւն բառը, իր կարգին, կը պարունակէ մեծ իմաստութիւն. քննել եւ դատել: Այսինքն պատահական կարծիք չյայտնել, չշատախօսել, այլ նախ քննել, հարց տալ, թէ ինչո՛ւ, ինչպէ՛ս, ունի՞նք առարկայական տուեալներ, ի վիճակի ե՞նք դատելու առանց տուրք տալու նախասիրութիւններու, ենթակայական պատճառներու, եւ մանաւանդ՝ շահախնդրութիւններու: Այս մօտեցումով քննադատութիւնը իրապէս կը պահանջէ հոգեկան ուժ, virtus, որ կը նշանակէ նաեւ ինքնաքննադատութիւն, կարենալ ըսելու՝ որ ատա՞կ ենք քննելու եւ դատելու:

Ուիլեըմ Շէյքսփիր (1564-1616) անգլիացի մեծ թատերագիր, գրող, բանաստեղծ՝ իր ժամանակակիցներու կիրքերը եւ փառասիրութիւնները դիտած, պատկերացուցած եւ ձաղկած է իր թատերական երկերուն մէջ: Երբեմն պէտք է բանալ մեծերուն միտքերը նաեւ մեր ժամանակին եւ մեր շրջապատին վրայ, երբ կը փորձենք հասկնալ, թէ ո՛ւր ենք, ո՛ւր հասած ենք, մեր գիտական նուաճումներուն զուգահեռ ի՛նչ եղած են մեր հոգեբարոյական նուաճումները, որոնք նախ յաղթանակ պէտք ըլլան մեր եսերուն եւ մեր տկարութիւններուն դէմ, աւելին չըսելու համար:

Երբեմն, խորանէն խօսող քահանային պէս, որ Ս. Գիրքէն մէջբերում մը ընտրելով քարոզ կը խօսի, գիտնալով որ աւուր պատշաճի պարտականութիւն մը կը կատարէ, այդպէս ալ մեզ նախորդողներու իմաստութիւնը երբեմն խորհրդածութեան նիւթ պէտք է դարձնենք, կրկնութեան գնով: Այս միտքի մարզանքը եթէ ընելու քաջութիւնը ունենանք, համեստներ եւ հզօրներ, թերեւս կը նուազին կեանքէն մեզի պարտադրուած եւ մեր իսկ կողմէ մեզի պարտադրուած դառնութիւնները:

Շէյքսփիր իր «Լիր Արքայ» (King Lear) թատերախաղին մէջ ըսած է. «Ի՜նչ սարասափելի ժամանակ, երբ տխմարներ կը ղեկավարեն կոյրերը» (Tis the time’s plague when madmen lead the blind): Կարծէք Շէյքսփիրի բնորոշած կացութիւնը կրկնուած է դարերու ընթացքին եւ այդպէս ալ կը շարունակուի, եւ մարդիկ, կամայ, ակամայ, կը խաղան նոյն խաղը: Եթէ պահ մը մտածենք աշխարհի մէջ տեղի ունեցած եւ ունեցող չարիքներու եւ աւերներու մասին, կրնանք եզրակացնել, որ տխմարներու խաղը կը շարունակուի. պատերազմներ, փառասիրութիւններ, կեղծիք, սովահար բազմութիւններ, ջարդեր, շահագործումներ եւ չարաշահումներ: Պարկեշտ մարդիկ չեն կրնար առաջնորդել այդ բացասականութիւնները: Առաջնորդողներ չեն տեսներ իրականութիւնը եւ պարկեշտութիւնը, այդպէս են կամ տխմար, եւ անոնց հետեւողները եւ զանոնք լսողները, ինչ ալ ըլլան պատճառները եւ պայմանները, կոյր: Իսկ «Համլէթ» թատերախաղին մէջ, Շէյքսփիրի դատումը կը շարունակուի. «Պարկեշտ մարդու մը, մեր օրերուն, կը հանդիպինք տասը հազարէն մէկ»: Ոմանք պիտի ըսեն՝ յոռետեսութիւն, ուրիշներ՝ իրատեսութիւն:

Եւ ի հարկէ, այս կարգի մտածումներ, միշտ կը վերաբերին ուրիշին, երկրորդի մը կամ երրորդի մը: Եւ քննադատելու իմաստութիւնը կը մոռցուի:

Երբեմն պէտք է մանկանալ, չխաթարուած աչքերով դիտելու համար իրականութիւնները: Շատ դիպուկ է այս ուղղութեամբ, Հանս Անտերսընի մերկ թագաւորին պատմութիւնը: Պատումը իսկական ժամանակակից թատրոն է, եթէ գերմանացի իմաստասէր Հուսերլի պայծառ միտքով դիտենք եւ դատենք. «Իրերուն պէտք է մօտենալ մերկ եւ անմեղունակ հոգիով» Եթէ այս հասկացողութեամբ կարդանք Հանս Անտերսընի մանկական թուացող պատմութիւնը:

Միայն մանչուկ մը համարձակեցաւ ըսել ճշմարտութիւնը. «Թագաւորը մերկ է»: Բոլորն ալ իրաւունք տուին իրեն: Կայսրը հասկցաւ որ իր ժողովուրդը իրաւունք ունէր, բայց առանց բառ մը ըսելու շարունակեց քալել:

Այս յիշեցումները ցոյց կու տան, որ մարդոց չէ պակսած իրատեսութիւնը, բայց Հանս Անտերսընի կայսեր պատկերով, Շէյքսփիրի ինքնաբաւ տխմարները շարունակած են քալել եւ իրաւ կամ հոգեկան կոյրերը հետեւած են եւ կը հետեւին:

Քննադատելու առաքինութիւնը անհրաժեշտ է ընկերային կեանքի բոլոր մակարդակներուն. քաղաքական, կրօնական, մշակութային, տնտեսական, կրթական, գիտական, բարոյական: Այսօր ան աւելի քան անհրաժեշտ է, նկատի ունենալով, որ գիտական-ճարտարագիտական նուաճումները հզօրներու ձեռքին մէջ կը կեդրոնացնեն մոլորակը քանդելու տարողութեամբ ուժ: Նաեւ փոքր հզօրները, իրենց կարելիութիւններով, կրնան աւեր գործել, հետեւելով իրենց փառասիրութիւններուն եւ ընչաքաղցութիւններուն:

Երբեմն մենք մեզի եւ մեր շրջապատին հարց պէտք է տանք, թէ այն անձերը որոնք մեզ կ՛առաջնորդեն եւ մենք ալ կուրօրէն կամ թուլամորթեամբ կը հետեւինք, կը ցոլացնե՞ն անկլօ-սաքսոն պարզ իմաստութիւնը. «Ճիշդ մարդը իր ճիշդ տեղը»: Օրինակները կարելի է բազմապատիկ կերպով ներկայացնել: Երբ ըստ քսակի հզօրութեան, ըստ «քոմպինացիա»ներու, ըստ ծննդական իրաւունքի, ըստ Հայաստան ընդհանրացած տարազի՝ ԽԾԲի (խնամի-ծանօթ-բարեկամ), եւ ըստ այլ անհեթեթութիւններու, կ՛իյնանք Շէյքսփիրի սահմանած վիճակին մէջ, եւ տխմարներ կը ղեկավարեն կոյրերը:

Առաջնորդող տխմարութիւնը կը սկսի, երբ ազգի պատմութիւն չգիտցողը ազգ քաղաքականութիւն ղեկավարելու կը կոչուի (կամ կը կոչէ ինքզինք), երբ նախարար մը իր ղեկավարելիք հաստատութեան առարկայէն անտեղեակ է, երբ սնափառը իր չճանչցած բանաստեղծի մասին խօսելու համար բեմ կը բաձրանայ լուսանկարուելու եւ ծափահարուելու համար, երբ կորսնցնելով խոհեմութիւն եւ համեստութիւն մարդիկ կը խորհին, որ իրենք անփոխարինելի են, կը կրկնուի Շէյքսփիրի թատրոնը եւ տխմարները կ՛առաջնորդեն կոյրերը:

Իսկ յոռեգոյն կոյրերը աչազուրկները չեն, այլ կամաւոր եւ հոգեբանական ախտով վարակուած կոյրերը, որոնք սեղանին ծայրը նստելու հաճոյքին համար իրենց աչքերը կը խփեն եւ կը ծափահարեն: Եւ այդ ծափը կանգուն կը պահէ առաջնորդող տխմարները:

Այս խորհրդածութիւնները տիրացուական քարոզներ չեն: Անոնք կը միտին հայ կեանքի առողջացման, որպէսզի տխմարները չառաջնորդեն ազգը եւ կոյրերու ամբոխն ալ ծափահարելով չխորհի որ ինք մասնակից է առաջնորդութեան: Հակառակ պարագային կը ծաղկի եւ կը զարգանայ ամբոխայնութիւնը, ժողովրդայնացումը, populisme, երբ փողոցը կը կարծէ որ ինք կոչուած է առաջնորդութեան եւ Շէքսփիրի տխմարները կը շարունակեն կոյրերը առաջնորդելու խաղը:

Պիտի անդրադառնա՞նք, որ կը գտնուինք մեր ժողովուրդի լինելութեան հանգուցային պահուն: Ինչ որ կ՛ընենք այսօր բախտորոշ պիտի ըլլայ գալիքի համար: Պարկեշտ եւ բանիմաց մարդիկ կան, բայց անոնք չեն մտներ ամբոխայնացման-ժողովրդայնացման խաղին մէջ: Հրաշք պահու մը, հայ կեանքը պիտի յաջողի՞ անկլօ-սաքսօն պարզ իմաստութիւնը կենսագործել, եւ ճիշդ մարդը դնել իր ճիշդ դիրքին վրայ:

Աւելի պարզ՝ հասնիլ արդարութեան,

Հայաստան եւ սփիւռքներ, պիտի գա՞յ պահը, որ կոյրերը դադրին կոյր ըլլալէ եւ բարձակոչ ըսեն, Հանս Անտերսընի մանուկին պէս, որ թագաւորը մերկ է Այն ատեն կը մտնենք իսկ վերականգնումի ճիշդ հունը:

Օրինակ, պիտի գա՞յ օրը, երբ Հայաստանի մէջ ձայներ բաձրանան ըսելու համար, թէ ի՞նչ բանի համար են տասնեակներով կուսակցութիւնները, որ կա՞ն տասնեակներով ծրագիրներ Հայաստանի եւ հայ ժողվուրդի վերականգնման համար, թէ անոնք անհատական եսերու պատուանդաններ են, բեմի վրայ մնալու համար: Բնական մեծութեամբ, եւ ոչ մասնակի հարցախոյզներու, ընտրութիւններու արդիւնքով, տասնորդական կոտորակով հանրային կարծիք կը ներկայացնեն: Նոյնը նաեւ սփիւռք(ներ)ի պարագային, ուր միութիւններ կան որոնք մէկ կամ քանի մը անհատներ կը խմբեն, պէտք է ըսեն, թէ ի՞նչ կը ներկայացնեն, ի՞նչ ընելու եւ ի՞նչ ըրած են:

Բայց այս ճշմարտութեան պահը մեզմէ իւրաքանչիւրը նախ ինք պիտի ապրի ինքնիրեն հետ եւ ապա չլռէ, այն գիտակցութեամբ, որ յաջողութիւնը իրմով պիտի գայ:

Իսկ իր դերին հաւատարիմ պարկեշտ մամուլը եւ մտաւորականութիւնը այս հարցերը պէտք է որ ուզեն հանրային կարծիքին ուշադրութեան յանձնել, զայն լուսաբանել, քննադատութեամբ ցորենը զատելով որոմէն:

Հետեւելով Ուինսթըն Չըրչըլի, կրնանք ըսել, որ այս կարգի խօսքեր անհաճոյ են, բայց արդեօ՞ք անոնք կենսական չեն մեր պատմութեան հանգուցային այս պահուն, Ալասքայէն Ուշուայա, Քամչաթքայէն Բարեյուսոյ Հրուանդան, հոն ուր հայեր կան: