Ծածուկ Ծիրանի Ծառ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հրաչ Պարսումեան

Հայրենի շարժապատկերի նորագոյն աւանդոյթներէն մէկն է «Ուջան ծիրանի ծառ» վաւերագրական-ազգագրական ժապաւէններու փառատօնը, որուն գլխաւոր իւրայատկութիւնը  թերեւս այն է, որ կը կայանայ մայրաքաղաքէն դուրս, Ուջան գիւղին մէջ: Ուջանը կը գտնուի Արագածոտնի մարզին մէջ, Օշականէն ոչ շատ հեռու: Մասնակից օտարներ կը հիւրընկալուին գիւղացիներուն կողմէ: Ատիկա փոխադարձ ծանօթացման առիթ կու տայ: Այս տարուան ծրագիրը (15-20 սեպտեմբեր) ունէր 18 օտար եւ 7 հայաստանցի մասնակիցներ:

Հայաստանի Ազգային կինո-կեդրոնը տրամադրած էր բացօթեայ ցուցադրութեան սարքերը: Կազմակերպիչները (գլխաւորութեամբ Գարեգին Զագոյեանի եւ Արթուր Վարդիկեանի) կը գործակցին  գլխաւորաբար վրացական կազմակերպութիւններու հետ. «CineDOC-Tbilisi» (Թիֆլիսի վաւերագրական փառատօն), «Caucasian House» (Կովկասեան տուն մշակութային կեդրոն) եւ Noosfera Foundation: Շուէտական «Doc Lounge» (վաւերագրական սրահ) վարեց կազմակերպչական վարժանիստեր (workshop): Հարկ է նշել, որ յիշեալ վրացական կազմակերպութիւնները ներառուած են Ազրպէյճան-Վրաստան-Թուրքիա լայն համագործակցութեան ծրագիրներու մէջ: Ասիկա կ՛ենթադրէ Հայաստանի համար քաղաքական անբարենպաստ դիրքորոշում:  «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի եւ շարժապատկերի վերաբերող այլ առիթներով բազմաթիւ անգամներ անդրադարձած եմ այս ցաւոտ հարցին:

Բոլոր ժապաւէնները կը ցուցադրուին նաեւ Երեւանի «Մոսկուա» սրահին մէջ, ուր կը կայանայ «Ոսկէ ծիրան» փառատօնը: Ցուցադրութիւնները եւ վարպետաց դասերու մուտքը անվճար է:

Դատակազմի անդամներն են. հայրենի ծանօթ ազգագրագէտ պատմաբան դոկտ. Հրանուշ Խառաթեանը, իրանցի երիտասարդ բեմադրիչ Շահրամ Պատախշան Մեհրը, որ անցեալ տարուան «Ծիրանի ծառ» փառատօնի կարճամեթրաժ ծրագրի գլխաւոր մրցանակը ստացած էր, եւ` գերմանացի բեմադրիչ Վիլատ Շփեք, որ 2017 թուականի Պերլինի փառատօնի կազմակերպիչներէն մէկն էր:

Ոչ մրցոյթային ծրագրին մէջ Կէօթէ հաստատութիւնը ներկայացուց Շփեքի «Փախուստ դէպի կեանք» (Escape to Life: The Erika and Klaus Mann Story, 84 վ., 2000) ժապաւէնը, որ կը խօսի գերման ծանօթ գրագէտ Թոմաս Մաննի երկու միասեռական եւ տոհմապիղծ գրագէտ զաւակներուն մասին, որոնք, ինչպէս իրենց հայրը, 1933-ին պարտադրուած էին փախչելու Գերմանիայէն:  Թոմաս Մաննը եւս միասեռական հակումներ ունէր: Հմայուած էր … իր որդի Քլաուսով (եւ ոչ միայն): Մանն ընտանիքը կը տառապէր հոգեբանական խոր հարցերով: Ի դէպ, բեմադրիչ Վիլանդ Շփեք ինքնախոստովան միասեռական մըն է: Իսկ այն հարցին, թէ ինչո՛ւ  Հայաստանի մարզերը կարիք ունին նման մշակութային զարգացման, անձնապէս չունիմ պատասխան: Կը խորհիմ, որ ժապաւէններու ընտրութեան հարկ էր մօտենալ աւելի զգուշութեամբ:

Գուրգէն Զագոյեանը կ՛ըսէ, որ ներկայացուած են ոչ նուազ քան հազար վեց հարիւր հայցեր, որոնցմէ ընտրուած են 17-ը: Այսինքն` լոկ 1%-ը: Ասիկա անհաւատալի կը թուի: Պիտի անդրադառնամ միայն այն ժապաւէններուն, որոնք հայկական կամ գեղարուեստական հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն` անկախ այն հանգամանքէն, թէ մրցանակ ստացա՞ծ են, թէ՞ ոչ: Մրցանքի արդիւնքները տակաւին չեն հրապարակուած: Այստեղ տրուած կազմակերպչական տեղեկութիւնները մասնաւոր հաղորդագրութեամբ ինծի փոխանցած է Արթուր Վարդիկեանը:

Ընտրանին.- Բացման հանդիսութեան համար ընտրուած էր ուքրանական  վաւերագրա-խաղարկա-գծանկարային «Վագրիչը եւ սեւ քառակուսին» («Vagrich  and  the Black Square»,  Andrei Zagdansky, 81 վ.  2015) ժապաւէնը: Այդ համադրումը մեծարանք մըն է խորհրդային կարգերը ձաղկող երգիծաբան նկարիչ Վահրիճ Բախչանեանին (1938-2009), որ վաստկած էր «Քանդիչ-Վահրիճ» մակդիրը: Կողքի պաստառը կը կոչուի «Չդպչել սարքին»:  Բախչանեանը ծնած եւ կազմաւորուած է Ուքրանիոյ մէջ: Շրջան մը մնացած է Մոսկուա եւ ապա 1974-ին գաղթած է Մ. Նահանգներ: Այդտեղ մասնակցած է «նոր-տատայական» «7 Օր» հանդէսի խմբագրութեան: Ինքնասպանութեամբ վերջ տուած է կեանքին: Երբեք չէ այցելած Հայաստան: Իսկ թէ ինչո՛ւ փառատօնին բացումը պիտի կատարուէր նման ժապաւէնով մը,  կրնայ բացատրուիլ «Կովկասեան տուն» կազմակերպութեան քաղաքական կողմնորոշմամբ:

Լիամեթրաժ ժապաւէններ.– Վաւերագրական բաժնի առաջին մրցանակը շնորհուեցաւ վրացական «Սա է կեանքը» ժապաւէնին («Life is Be», Vakhtang Kuntsev-Gabashvili, 2017, 80 վ.), որ 2016 թուականին ստացած էր Թիֆլիսի պետական մրցանքի վաւերագրական բաժնի ոսկիէ մետալը: Ժապաւէնը կը խօսի հինգ թշուառ ծերունիներու մասին, որոնք նախապէս արուեստագէտներ կամ այլապէս յարգելի  անձինք եւ ընկերութեան օգտակար անդամներ եղած են: Բարի՛: Բայց ընտրութիւնը կը շեշտէ «Ծիրանի ծառ» փառատօնին սերտ կապերը «Կովկասեան տան» հետ:

Ուրիշները.- Փառատօնին թերեւս ամէնէն  կարեւոր ժապաւէնն էր գերմանաբնակ ալեւի-քիւրտ Այշէ Փոլաթի (ծնեալ` 1970, Մալաթիա) «Ուրիշները» («Էօթեքիլեր», «The Others», 2016,  65 վ.), որուն շնորհուեցաւ դատակազմի մրցանակը: Փոլաթը ինքզինք կը համարէ գերմանացի, ապա թուրք եւ ապա` քիւրտ: Նկատել հերթականութիւնը: Փոլաթին նախորդ ժապաւէնն էր «Ժառանգորդը» («Միրասճը» 2013), ուր երիտասարդ գրագիտուհի մը կ՛ուզէ վէպ գրել իր մահացած հօր մասին: Իմա՛ նոր սերունդը կ՛ուզէ իր նախնիներու պատմութիւնը վերագրել: Կը գտնէ ժխտական թուացող շփոթեցնող տուեալներ: Կ՛եզրակացնէ, որ կարելի չէ վստահիլ յիշողութեան: Ասիկա հարցականի տակ կը դնէ հայկական (եւ ոչ միայն) վկայութիւններու վաւերականութիւնը: Այս նիւթին նախապէս անդրադարձած եմ: Փոլաթը բեմադրած է նաեւ ողբերգա-կատակերգական ժապաւէն մը (Լիւքս Կլիւք, 2010):  Կը թուի, որ բեմադրիչը կ՛առաջադրէ մեծ կարեւորութիւն չտալ պատճառականութեան:

Փոլաթը շրջած է Վանի շրջակայքի այն գիւղերը, ուր տակաւին կան կանգուն կամ (մեծաւ մասամբ) աւերակ հայկական եկեղեցիներ:  Այդտեղի քիւրտ բնակիչներուն ուղղած են հետեւեալ հարցումը. «Այստեղ հայեր կա՞ն»:  Բեմադրիչը կ՛ըսէ, որ տեղացիները խորթ եւ կոշտ վերաբերած են: Քրտական մտայնութեան մէջ հայկական հնութիւն (ներառեալ` գերեզմաններ)` կը նշանակէ թաքցուած ոսկի:  Ապա հանդիպած են Ալի Սուլմազի, որ համոզած է  գիւղացիները, որ Այշէ Փոլաթը այդտեղ չէ՛ եկած (իրենց ) ոսկին տանելու, ուրեմն պատճառ չունին անհանգստանալու:

«Ակօս»-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածէ մը (2) կ՛իմանանք, որ Սուլմազին մեծ մայրը հայուհի մըն է` Փիրուզ, որ 13 տարեկանին իսլամացուած է եւ ամուսնացուցած են քիւրտ աղայի մը հետ:  Սուլմազը կ՛ըսէ, որ հայեր ամէն գնով փորձած են փրկել իրենց արու զաւակները, բայց յաճախ  լքած են իրենց դուստրերը:  Իր նման հայ նախնիներ ունեցողներու հետ հիմնած է «Շատախի շրջապատի եւ  պատմութեան պաշտպանութեան միութիւնը»: Ծրագրած են վերանորոգել եկեղեցի մը: Ի դէպ, Շատախի (այժմ Çatak  իմա`  Չաթախ) մէջ եղած են ոչ նուազ քան 36 եկեղեցիներ եւ վանքեր:

«Ակօս»-ը յօդուած մը յատկացուցած է նաեւ այս ժապաւէնին (3): Կ՛իմանանք, որ Փոլաթը մանկուց ծանօթացած է հայ պառաւի մը, որ այդ շրջանները գացած էր տեսնելու համար իր հօրենական տունը: Տեղացի քիւրտերը հայերը կը կոչեն «միւսները», այդպէս կը կոչեն նոյնիսկ անոնք, որոնց նախնիները հայեր եղած են: Քանի որ հայկական տուներու մէջ այժմ քիւրտեր կը բնակին, Փոլաթը կ՛ըսէ, որ ասիկա նաեւ ի՛ր պատմութիւնն է: Փոլաթին ցոյց տուած են  քիւրտ մը, որուն  հօրեղբայրը չորս հայ սպաննած է: «Երանի քսան հայ սպաննած ըլլար», կը հառաչէ այդ… մարդը: Քիւրտ մանուկ մը մտիկ կ՛ընէ սպանդի պատմութիւնները այնպէս ինչպէս տարիներ Փոլաթը ինք մտիկ ըրած էր: Ա՛յդ եւս իր գլխագիր պատմութիւնն է:  Հարկ է դիմագրաւել այդ պատմութիւնը: Փոլաթը իրադարձութիւնները կը ներկայացնէ որպէս «Հաւաքական խոց»: Այդ հարիւր տոկոս համահունչ է պաշտօնական թեզին: Ժապաւէնը ցոյց տրուած է Պոլսոյ 35-րդ փառատօնի ընթացքին:

Անձնապէս մտահոգիչ կը գտնեմ այն երեւոյթը, որ Հայաստանի մէջ կրկին ու կրկին մրցանակներ կը շնորհուին թրքական ժապաւէններու, որոնք մակերեսայնօրէն կարեկից են հայերու, բայց, ըստ էութեան,  համահունչ են թրքական պետութեան պաշտօնական թեզին: Ամէնէն վտանգաւոր սուտը այն է, որ կիսով իրաւ է: Ատիկա կը կոչուի պատմութեան խեղաթիւրում: Այս ցաւոտ նիւթին բազմիցս անդրադարձած եմ:

Պիտի խօսիմ միայն մէկ ժապաւէնի մասին եւս: Ժապաւէն մը, որ այստեղ մրցանակ չէ ստացած: Ի դէպ, կը թուի, թէ կարելի չէ մրցանակաբաշխութիւնը անջատել քաղաքական եւ գործառնական նկատառումներէ:

Փեթրիլա մոլորակը.- (Planeta Petrila, Andrei Dascalescu, 2016, 80վ., վաւերագրական)։

Անոնք, որոնք ցաւոտ առիթը ունեցած են մօտէն տեսնելու Հայաստանի երբեմնի ճարտարարուեստական կեդրոններու աւերակները եւ «մեծ քիմիայի» թափօնները  Վանաձորի մէջ թէ այլուր, պիտի զգան, թէ ի՛նչ  բանի մասին կը խօսի այս տաղանդաւոր եւ սրտցաւ երիտասարդ ռումանացին:  Ասիկա իր 2-րդ երկարամեթրաժ ժապաւէնն է:

Տնտեսական արագ աճ արձանագրելու ծրագրով քաղաքներ կառուցուած են արդիւնաբերական ծրագիրներու շուրջ: Փոքրիկ գեղատեսիլ Ղարաքիլիսան, օրինակ, 30-ական թուականներուն հարուածային  թափով վերածուեցաւ հսկայ եւ մռայլ Կիրովականի (այժմ` Վանաձոր): Ներգաղթի շրջանին եկուոր հայերէն մեծ տոկոս մը տեղաւորուեցաւ այդպիսի բնակավայրերու մէջ: Յետխորհրդային շրջանին այդ գործարանները վերածուեցան տխուր աւերակներու: Բնակչութիւնը դատապարտուեցաւ անգործութեան:

Փեթրիլա քաղաքը կառուցուած է քարածուխի հանքերու շուրջ: Հանքագործին կեանքը ամէնէն լաւ պայմաններու տակ իսկ տառապանք է, ա՛լ ուր մնաց Չաուչեսքոյի Ռումանիոյ մէջ:  Ժապաւէնը ցոյց կու տայ հանքերու ահաւոր պայմանները եւ այդտեղ  մեռած, իմա` սպաննուած տղամարդոց անվերջ շարքը:  Քաղաքը այժմ թշուառ տարածք մըն է: Պետութեան լուծումը եղած է… քանդել: Հողաբարձները (պուլլտոզըր) անցած են գործի:  Քաղաքին մէջ ամէն ինչ դատապարտուած է կործանումի, ի բաց առեալ… քաղաքապետէն: Կը տիրէ համատարած յուսալքութիւն…

Բայց ահա կը յայտնուի Իոն Պարպուն մերօրեայ Տոն Քիշոթ մը: Ի դէպ, Տոն Քիշոթի տիպարը յաճախ սխալ կը հասկցուի: Սերվանթես այդ վէպը գրած է ձաղկելու համար նոր զարգացող դրամատիրութեան բարբարոս բարքերը: Քաջարի ծերունին, ըստ իր կարելւոյն, կը փորձէր պահպանել առաքինութիւնը: Վէպին աւարտը խորապէս յուզիչ, ողբերգական է: Դատապարտուած շինութեան մը վրայ  յանկարծ կը յայտնուի զուարթ որմնանկար մը, որ կը կոչուի «Փեթրիլա, քնացող գեղեցկուհին»: Ատիկա մարտական դրօշ էր: Պարպուին եռանդը վարակիչ է, քաղաքացիներ կը հաւաքուին անոր շուրջ, որովհետեւ… այլընտրանք չունին:

Պարպուն կացութեան ամբողջապէս տեղեակ է, եղած է հանքերու տեղագրող (թոփոկրաֆ): Կ՛առաջարկէ Փեթրիլան վերածել մշակութային կեդրոնի. առաւելագոյնս ցուցաբերել բնութեան գեղեցկութիւնը, պատմութեան վկայ շինութիւնները վերածել թանգարաններու եւ արուեստի տուներու, կազմակերպել փառատօներ…

Փեթրիլայի նկարիչ ծերունին սափրիչի լականի փոխարէն` հագած է կոտոշաւոր սաղաւարտ մը: Ասիկա թերեւս անհաւասար, անհեթեթ պայքարի խորհրդանիշ է: Ժապաւէնին կ՛ընկերակցի տխուր երգ մը` «Լրջութիւն»…

Համացանցի վրայ կան մէկէ աւելի գովազդային տեսերիզներ:

Գեղատեսիլ գիւղի մը մէջ միջազգային փառատօն կազմակերպելը ի հարկէ ողջունելի ծրագիր է: Հարկ է փորձառութիւնը ըստ կարելւոյն ընդհանրացնել նաեւ այլ մարզերու վրայ: Անձնապէս անգոհացուցիչ կը գտնեմ հաղորդակցութեան միջոցներու անդրադարձը:

Յուսանք, որ նոր օրերը բարեբեր կ՛ըլլան նաեւ այս մարզին մէջ: