ԱԶԴ-ն Հայաստանին 50 Միլիոն Տոլարի Պիւտճէի Աջակցութիւն Պիտի Ընէ

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ Ասիական զարգացման դրամատունէն 50 միլիոն տոլարի չափով պիւտճէի աջակցութեան վարկային միջոցներ ներգրաւելու նախագիծին: Ըստ Armenpress.am-ի՝ նախագիծի հիմնաւորման համաձայն, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ասիական զարգացման դրամատան միջեւ կը նախատեսուի ստորագրել «Հանրային արդիւնաւէտութեան եւ ելեւմտական շուկաներու ծրագիր. Ենթածրագիր 2» վարկային համաձայնագիրը՝ 50 միլիոն ԱՄՆ տոլար գումարի չափով պիւտճէի աջակցութեան վարկային միջոցներ ներգրաւելու նպատակով:

Նշուած միջոցները պիտի ուղղուին «2018թ. պետական պիւտճէի մասին» ՀՀ օրէնքով սահմանուած պակասուրդի ֆինանսաւորման (պակասուրդի ընդհանուր գումարը՝ 156 միլիառ 915 միլիոն 705.5 հազար ՀՀ դրամ), ուստի, վարկային միջոցներու ժամանակին ստացումը կարեւոր նշանակութիւն ունի պետական պիւտճէի դասաւորումներով նախատեսուած ծախսերու ֆինանսաւորման տեսանկիւնէն:

Ծրագիրին ընդհանուր արժէքը 90 միլիոն ԱՄՆ տոլար է: Անիկա բաղկացած է 2017-ի եւ 2018-ի համար առանձին ենթածրագիրներէ՝ համապատասխանաբար 40 միլիոն ԱՄՆ տոլար եւ 50 միլիոն ԱՄՆ տոլար արժողութեամբ:

Ծրագիրը միտուած է ՀՀ ելեւմտական շուկաներու ընդլայնման: Անիկա, մասնաւորապէս, կը ներառէ՝ (ա) վարկառուի պետական պարտքի եւ գանձային կառավարման գործելակերպի եւ քաղաքականութեան հզօրացում, (բ) պետական արժէթղթերու եւ փողի շուկայի ենթակառուցուածքներու բարելաւում, (գ) ելեւմտական գործիքներու հիմքի եւ ներդրողներու ընդլայնում եւ համագործակցական թափանցիկութեան ամրապնդում:

«Պիւտճէի աջակցութեան միջոցներու ստացման համար նախապայման կը հանդիսանայ սահմանուած ժամկէտներու մէջ վերը նշուած ոլորտներուն շարք մը ձեռնարկներու եւ բարեփոխումներու իրականացումը, որոնք արդէն իսկ ամբողջութեամբ իրականացուած են:

Մեկնելով վերոգրեալէն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ասիական զարգացման դրամատան միջեւ «Հանրային արդիւնաւէտութեան եւ ելեւմտական շուկաներու ծրագիր, ենթածրագիր 2» վարկային համաձայնագիրի ստորագրումը կը գտնենք նպատակայարմար»,- ըսուած է ՀՀ ելեւմտական նախարարութեան ներկայացուցած հիմնաւորման մէջ: