Փաշինեան Այցելեց Սուրիահայերու Աշխատանքներու Ցուցահանդէս-Տօնավաճառ

Հայաստան

Հ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան եւ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեան հոկտեմբեր 17-ին այցելեցին Հիւսիսային պողոտային վրայ կազմակերպուած «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» խորագիրով բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառ, որ կազմակերպուած էր Եւրոպական միութեան կողմէն ֆինանսաւորուող «Ճանչնալ, Պաշտպանել, Իրագործել» ծրագրի ծիրէն ներս՝ «Հայկական Կարիտաս» բարեսիրական կազմակերպութեան, սփիւռքի նախարարութեան, ՄԱԿ ՓԳՀ հայաստանեան գրասենեակի եւ «Սիրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կենդրոն”-ի կողմէն՝ Կարիտաս Ավստրիայի եւ Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ: Այս անգամ տօնավաճառը նուիրուած էր Երեւանի 2800-ամեակին:

Նիկոլ Փաշինեան շրջայցի ընթացքին մօտեցաւ տաղաւարներուն, ծանօթացաւ սուրիահայերու ներկայացուցած աշխատանքներուն, հետաքրքրուեցաւ անոնց  գործունէութեամբ:

Մխիթար Հայրապետեան, խօսելով ցուցահանդէս-տօնավաճառի մասին, նշեց, որ «Այսօրինակ ձեռնարկները պիտի ըլլան շարունակական ինչպէս սփիւռքի նախարարութեան, այնպէս ալ միջազգային եւ մասնաւոր կազմակերպութիւններու աջակցութեամբ: Ասիկա թիւով 24-րդ բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառն է: Նախորդ անգամ, երբ ՀՀ անկախութեան տօնին նուիրուած ցուցահանդէս այցելեցի, հիմնական խնդիրները, որ կը բարձրաձայնուէին սուրիահայերուն կողմէ, կապուած էին տաղաւարներու վարձակալութեան հետ: Սուրիահայերն ինծմէ խնդրեցին որեւէ լուծում գտնել: Եւ մենք անմիջապէս բանակցութիւններ սկսանք «Տաշիրսթրիթ»-ի հետ, յաջողեցանք գալ համաձայնութեան»,-նշեց Մխիթար Հայրապետեան: Ան աւելցուց, որ շուրջ 4 տասնեակ սուրիահայերու Հիւսիսային պողոտայի ստորգետնեայ հատուածին մէջ գործող «Տաշիր Սթրիթ» առեւտրի կեդրոնին մէջ կը տրամադրուին տաղաւարներ մէկ տարի ժամկէտով, վարձակալութեան առաջին երեք ամիսները կ´ըլլան անվճար, իսկ միւս ինը ամիսներուն ընթացքին նախատեսուած 60 հազար դրամ ամսավճարի փոխարէն սուրիահայերը կը վճարեն 30 հազար դրամ: Այս ամէնը Մխիթար Հայրապետեան համարեց քայլ առաջ:

«Մենք մեր լաւագոյնը կ´ընենք, որ սուրիահայերն ընդելուզուին, ըլլան հասարակութեան լիիրաւ անդամ, ունենան աշխատանք: Մեր առաջնահերթութիւններէն է այն, որ կարենանք յստակեցնել` ինչ հարկային արտօնութիւններ կրնանք տրամադրել սուրիահայերուն: Առհասարակ, սուրիահայերու հիմնախնդիրները մշտապէս սփիւռքի նախարարութեան խոշորացոյցին տակ եղած են ու կը մնան»,-ընդգծեց նախարարի պաշտօնակատարն ու առանձնացուց կրթական, բնակարանային, աշխատանքի ապահովման խնդիրները: