ՀՀ Բնակչութիւնը Նուազած է 10 Հազար Մարդով

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութիւնը 2018-ի առաջին կիսամեակի տուեալներով  նուազած է 10 հազար  մարդով: Լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսաւ ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի «Օժանդակութիւն բնակչութեան հարցերով քաղաքականութիւններու իրականացման» ծրագրի համակարգող Աննա Յովհաննիսեան` ներկայացնելով ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի «Աշխարհի բնակչութիւնը» ամենամեայ զեկոյցը, կըհաղորդէ “Փանորամա”-ն:

Ներկայացուած տուեալներով, Հայաստանի մէջ ծնունդներու թիւը կը շարունակէ  նուազիլ, 2018 առաջին եռամսեակին 2017-ի համեմատ, արդէն 1000 երեխայով ծնունդները նուազած են: Ա. Յովհաննիսեանի խօսքով, ծնելիութեան նուազման առումով Հայաստանը ետ չի մնար համաշխարհային ախտերէ,  ու ծնելիութիւնը երթալով կը նուազի:

Ան նշեց, որ Հայաստան քիչ մը կը տարբերի տարածաշրջանային այլ  երկիրներէ մահացութեան գործակիցով: Արեւելեան Եւրոպայի եւ Անդրկովկասի երկիրներուն մէջ մահացածներոու թուաքանակը աւելի է, քան ծնածներու թուաքանակը: Հայաստանի մէջ այս տարի մօտ 1500 դէպքով մահացութեան ցուցանիշը իջած է. եթէ անցած տարի նոյն ժամանակաշրջանին 14 հազար 500 էր մահացներու թիւը, այս տարի 13 հազար է:

«Սա աւելի ցած է, քան ծնածներու թիւը․ ժողովրդագրական տեսանկիւնէ ասիկա կը նշանակէ, որ ունինք բնական յաւելաճ: Այս պարագային ինչո՞ւ նուազած է բնակչութեան թուաքականը 10 հազարով: Ատիկա արտագաղթի բացասական մնացորդի հետեւանքն է»,- նշած է ան:

Ներկայացուած տուեալներուն համաձայն, Հայաստանի մէջ կը նուազի ամուսնութիւններու թիւը, կ՛աւելնան ամուսնալուծուածները: Հայաստանի մէջ կը շարունակէ  բարձրանալ ամուսնութեան տարիքը:

Յովհաննիսեան ըսած է, որ զեկոյցին համաձայն, կեանքի միջին տեւողութեան մեծացումը կը բերէ բնակչութեան ծերացման:

«Հայաստանի մէջ 2018-ին տարեցներու ցուցանիշը`  63 տարեկան եւ բարձր,  արձանագրուած է 13 տոկոս: Հայաստան կը համարուի ծերացող երկիր: ՄԱԿ-ի միջազգային սանդղակով, եթէ բնակչութեան ծերացման գործակիցը 7 տոկոսէն աւելի է, բնակչութիւնը կը համարուի ծերացող: ՄԱԿ-ի կանխատեսումներով, ունինք մտահոգիչ պատկեր. 2050 թուականին տարեցներու թիւը պիտի հասնի  մօտ 22 տոկոսի, որ լուրջ ընկերա-տնտեսական, ժողովրդագրական մարտահրաւէր է: Սա կը վկայէ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը օր առաջ պէտք է քայլեր ձեռնարկէ, որպէսզի կարենանք պատրաստ ըլլալ եւ դիմակայել այդ իրավիճակին, երբ բնակչութեան 5-էն 1-ը կամ 4-էն 1-ը պիտի ըլլայ 63 եւ բարձր տարիքի»,- նշած է ան:

Ան նաեւ նշեց, որ Հայաստանի մէջ բարձր  է գործազրկութեան մակարդակը. «Կ՛ակնկալուի լուրջ պետական միջամտութիւն, պետական քաղաքականութիւն: Պէտք է կարենալ ստեղծել հաւասար պայմաններ, որ կինը մրցունակ ըլլայ: Ծննդաբերութենէն ետք կինը պէտք է կարենայ վերադառալ աշխատանքի` համատեղելով երեխայի ծննդեան խնամքի հետ»:

ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի գործադիր ներկայացուցիչ Ծովինար Յարութիւնեան ըսած է, որ աշխարհի մէջ ամենաբարձր ծնելիութեան գործակից ունի Նիժերիան 6.6 գործակիցով, ամենացածը` Չինաստանի նահանգներէն մէկը՝ 1.1 գործակիցով: