Արայիկ Խանդոյեան Պիտի Յուղարկաւորուի Հոկտեմբեր 14-ին

Հայաստան

Արայիկ Խանդոյեանի մարմինը Հոկտեմբեր 13-ին անոր հայրենի Ծաղկահովիտ գիւղէն պիտի տեղափոխուի Երեւան, ուր նոյն օրը ժամը 17:30-22:30 Կոնդի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ անոր հոգեհանգիստը: Այդ մասին կը տեղեկացնեն յուղարկաւորութեան յանձնաժողովէն:

Հոկտեմբեր 14-ին` ժամը 13:00-ին, Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ թաղկան եկեղեցական կարգը, ժամը 14:00-ին յուղարկաւորութեան թափօրը պիտի շարժի եռաբլուր, ուր տեղի պիտի ունենայ յուղարկաւորութիւնը: