Հայաստանը 55-րդն է Ամենահզօր Հրասայլային Ուժեր Ունեցող Երկիրներու Հարիւրեակին Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան

«Global Firepower» միջազգային վերլուծական ընկերութիւնը կազմած է ամենահզօր հրասայլային ուժեր ունեցող երկիրներու վարկանիշային աղիւսակը, կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Ցանկին մէջ ներառուած 100 երկիրներու շարքին Թուրքիան յայտնուած է 10-րդ հորիզոնականին, Ատրպէյճանը՝ 34-րդ, Հայաստանը՝ 55-րդ, Վրաստանը՝ 57-րդ, Իրանը՝ 15-րդ։

Իսկ լաւագոյն տասնեակին մէջ յաջորդաբար տեղ գտած են հետեւեալ պետութիւնները՝ Ռուսիա, Չինաստան, ԱՄՆ, Հիւսիսային Քորէա, Եգիպտոս, Սուրիա, Հնդկաստան, Իսրայէլ, Հարաւային Քորէա, Թուրքիա։

Ցանկի վերջին հորիզոնականներուն յայտնուած են Մորիթանիան, Հունգարիան, Մակեդոնիան։