Լեւոն Հայրապետեանը Զանգահարած եւ Յայտնած էր Զինք Թունաւորելու Կասկածներուն Մասին. Պարգեւ Սրբազան

Աշխարհ, Հայաստան

Ռուսական «Կոմերսանտ» թերթին համաձայն՝ ՌԴ քննչական կոմիտէն պիտի ուսումնասիրէ գործարար եւ բարերար Լեւոն Հայրապետեանի մահուան թունաւորման վարկածը:

Ըստ աղբիւրին՝ մահանալէն առաջ Հայրապետեանը զինք թունաւորելու մասին տեղեկացուցած էր եղբայրը եւ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը:

Artsakhpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ նշեալ հարցին վերաբերեալ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան ըսած է, որ մահէն առաջ՝ Հոկտեմբեր 17-ի երեկոյեան, Լեւոն Հանյրապետեանը հեռաձայնած է իրեն եւ յայտնած զինք թունաւորելու կասկածներուն մասին:

«Երբ ան հեռաձայնեց ինծի, հազիւ կը խօսէր, ձայնն ալ տեսակ մըն էր: Հարցուցի, թէ ի՞նչ պատահած է, ըսաւ, որ շաքարը իջած է: Այնուհետեւ հարցուցի, թէ ինչպէս կը զգայ, ան ալ ըսաւ, որ կը կասկածի, որ թունաւորած են զինք: Ինծի թուաց, թէ ան պարզապէս յուսալքուած է բանտային կեանքէն, փորձեցի անգամ գօտեպնդել»,- նշած է Պարգեւ Սրբազանը՝ աւելցնելով, որ իրենց խօսակցութենէն ժամեր անց լսուած է մեծ բարերարի մահուան բօթը:

Յիշեցնենք, որ Լեւոն Հայրապետեանը մահացած է 2017 Հոկտեմբեր 18-ին, 68 տարեկանին, Մոսկուայէն 750 քմ հեռու գտնուող Մորտովիայի քրէակատարողական հիմնարկին մէջ: Այդ աիթով՝ Sobesednik.ru-ն գրած էր, որ նախօրէին վատացած էր անոր ինքնազգացողութիւնը, սակայն Հայրապետեանը չեն տեղափոխած հիւանդանոց։