Հանգուցալուծման Միտումներ` Կառավարութեան Ծրագիրի Հիման Վրայ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ազդակ»-ի խմբագրական

Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն համար ստեղծուած իրավիճակի հանգուցալուծման միտումներ սկսած են դրսեւորուիլ: Անկախ խորհրդարանական խմբակցութիւններուն միջեւ կայացման ընթացքին մէջ եղող բանակցութիւններու հաւանական դրական ելքի ուրուագծումէն, կ՛արժէ վերանայիլ կառավարութեան ծրագիրին: Այլ ձեւ ըսած` լուսարձակի տակ առնել այն հիմնադրոյթները, որոնց շուրջ համաձայնած են գործող խորհրդարանի բոլոր խմբակցութիւնները: Համաձայնած են եւ` ձեռք բերած պայմանաւորուածութիւն:

Այսպէս.

– Ձեւաւորել նոր` իրական պատկերը արտացոլող ընտրական ցուցակներ, որոնք հետագային կը թարմացուին ինքնաշխատ եղանակով,

– Բացառել կրկնաքուէարկութեան հնարաւորութիւնը` քուէարկած ընտրողներու մատնահետքերու համաժամանակեայ եւ համարկուած ստուգման ցանց ստեղծելու կամ համարժէք այլ եղանակով,

– Օրէնքով երաշխաւորել ընտրութիւններուն մասնակցող քաղաքական ուժերուն անվճար եւ վճարովի հիմունքներով տրամադրուող եթերաժամերու տեղադրումը ամէնէն դիտուող ժամերուն,

– Բացառել քաղաքացիներու կամարտայայտման վրայ ապօրինի ազդեցութիւններու գործադրումը, ճնշումներն ու ընտրակաշառքը: Այդ նպատակով իրաւապահ համակարգին մէջ ստեղծել ընտրողներու կողմնորոշման վրայ ստիպողաբար կամ սպառնալիքներով գործադրուող ազդեցութեան, ընտրակաշառքներու եւ օրէնքով արգիլուած նիւթական նուիրատուութիւններու, ծառայութիւններու մատուցման, ապօրինի խոստումներու եւ ընտրարշաւի ապօրինի ֆինանսաւորման դէմ պայքարի ստորաբաժանում,

– Իրականացնել Ընտրական օրէնսգիրքի` ընտրողներու ազատ կամարտայայտումը երաշխաւորող այլ փոփոխութիւններ:

Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները անհրաժեշտ է կայացնել առաւելագոյնը մէկ տարուան ընթացքին:

Այժմ, որ ընտրական նոր օրէնսգիրքի հայեցակարգը յղուած է Վենետիկի յանձնաժողովին, ենթադրել կու տայ, որ կայ յստակ միտում մինչեւ դեկտեմբեր մշակելու եւ հաստատելու օրէնսգիրքը, որուն հիման վրայ պիտի կայացուին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները:

Այսպէս` հայեցակարգի հիմնադրոյթներու կարեւորագոյն կէտերը.

Ընտրութիւնները պիտի կազմակերպուին 100 տոկոս համամասնական ընտրակարգով, ճշդուած ցուցակներով: Վարկանշային ընտրակարգը ամբողջութեամբ կը  վերանայ:

Կուսակցութիւններուն համար անցողիկ շէմը կը սահմանուի 4 տոկոս, իսկ դաշինքներուն համար` 6 տոկոս:

Յաջորդ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած կ՛ըլլայ նուազագոյնը 4 քաղաքական ուժ:

Որոշ փոփոխութիւններու կ՛ենթարկուին նախընտրական քարոզչութեան խաղի կանոնները: Կը տրուին աւելի լայն հնարաւորութիւններ` քարոզչութիւն իրականացնելու, բանավէճեր կազմակերպելու եւ բանավէճերուն ընտրացուցակները գլխաւորող դէմքերուն մասնակցութիւնը ամրագրելու եւ ընդհանրապէս ընտրութիւններուն հաւասար հնարաւորութիւններ ձեւաւորելու:

Եթէ մէկ կողմէ կայ շտապողականութիւն արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները դեկտեմբերին կազմակերպելու, միւս կողմէ կայ նաեւ որոշակի նախաձեռնութիւն` կառավարութեան ծրագիրով կայացած պայմանաւորուածութիւնները չշրջանցելու:

Ծրագիրի իրականացման օրինական երաշխիքները անհրաժեշտ է անպայման ամրագրել: Այդ հիմնադրոյթները բոլորը կը հետապնդեն ըստ էութեան ժողովուրդի կամարտայայտութեան խորհրդարանին մէջ համարժէք արտացոլացումը: Վարկանշային ընտրակարգի բացառումը, անցողիկ շէմի նուազեցումը եւ ներկայացուած կուսակցութիւններու կամ դաշինքներու թիւի մէկ միաւորով բարձրացումը հանրապետութեան ժողովրդավարացման նպաստող կարեւորագոյն գործօններ են: Խորհրդարանական համակարգով ղեկավարուող հանրապետութեան մէջ խորհրդարանի կայացուցած որոշումները գերակշիռ են եւ անոնց ամբողջական իրականացումը կը բխի գործող Սահմանադրութեան ոգիէն ու տառէն: Համակարգային փոփոխութեան իրականացման նախադրեալներն են` Սահմանադրութիւնը, խորհրդարանական համակառավարման համակարգը, ընտրակարգն ու ընտրական նոր օրէնսգիրքը: Իսկ ընտրութիւններու ազատ, արդար եւ թափանցիկ կայացումը յաւելեալ նշաձող կ՛ապահովեն մեր երկրի ու պետութեան միջազգային հեղինակութեան: