Լիբանանի Նախագահը Այսօր կը Ժամանէ Հայաստան` Մասնակցելու Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան Վեհաժողովին

Աշխարհ, Հայաստան

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, ընկերակցութեամբ լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան մը, այսօր կը մեկնի Հայաստան, ուր կը մասնակցի Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովին:

«Ազդակ»-ի տեղեկութիւններով՝ կը նախատեսուի, որ Երեւանի մէջ նախագահ Աուն հանդիպում մը ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ, որ պիտի շեշտէ կառավարութեան անյապաղ կազմութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի Լիբանան կարենայ յանձնառու մնալ «Սետր»-ի միջազգային խորհրդաժողովին որոշումներուն:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ ընդունեց Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի ասորի ուղղափառ համայնքի Իգնատիոս Բ. Աֆրամ պատրիարքը եւ ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Լիբանանի եւ աշխարհի առաջնորդները:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ շրջանին մէջ քրիստոնեաները վտանգներ կը դիմագրաւեն` աւելցնելով, որ անոնց պարտականութիւնն է ընկերութիւններուն միջեւ բազմազանութիւն իրականացնել:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ: Քննարկուեցան երկրին ելեւմտական եւ տնտեսական կացութիւնն ու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մանրամասնութիւնները: