Խորհրդարանական Ուժերուն Միջեւ Համաձայնութեան Պարագային ՀՅԴ-ն Դէմ Պիտի Չըլլայ Դեկտեմբերին Ընտրութիւններու Իրականացման

Հայաստան

ՀՀ ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը խորհրդարանական մնացած ուժերուն միջեւ համաձայնութեան պարագային դէմ պիտի չըլլայ Դեկտեմբերին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու իրականացման: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին ԱԺ այսօրուան ճեպազրոյցին յայտարարած է ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Սպարտակ Սէյրանեան:

«Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները պէտք է կայանան ընտրական օրէնսգիրքին փոփոխութենէն ետք: Պէտք է ըլլայ նաեւ ոստիկանութեան ենթակայութեան փոփոխութիւն, ոստիկանութիւնը պէտք է ըլլայ կառավարութեան ենթակայութեան տակ: Ընտրութիւնները կրնան օրինական ըլլալ, բայց պակաս կարեւոր չէ ընտրութիւններուն հանդէպ հանրային ընդհանուր վստահութեան ձեւաւորումը, ատոր համար բոլոր խմբակցութիւններուն համար պէտք է ապահովել հաւասար մրցակցային պայմաններ: Եթէ այդ բոլոր կէտերը կատարուին, եթէ անոնք ամփոփուին Դեկտեմբերին, ընտրութիւնները թող ըլլան Դեկտեմբերին, թէ Յունուարին, թող ըլլան Յունուարին: Եթէ բոլոր քաղաքական ուժերը որոշեն, որ ընտրութիւնները պէտք է ըլլան Դեկտեմբերին, ՀՅԴ-ն չի խոչընդոտեր»,- ըսած է  Սէյրանեան:

Ան վստահեցուցած է, որ այդ պարագային իրենք հաւատարիմ կը մնան իրենց խոստումին եւ չեն առաջադրեր վարչապետի թեկնածու:

Հարցին` եթէ իրենց նշած կէտերը չապահովուին, նորէն վարչապետի թեկնածու չե՞ն առաջադրեր, Սէյրանեան պատասխանած է, որ Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու տարբերակը արդէն կայ կառավարութեան մօտ, եւ տրամաբանական է, որ քննարկումներ ըլլան: «Եթէ ճանապարհային քարտէզը չըլլայ, բայց բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք բոլոր ուժերը յանգին անոր, որ առանց ատոր ալ ընտրութիւնները պէտք է իրականացուին Դեկտեմբերին, մենք պիտի համաձայնինք»,- նշած է Սէյրանեան:

Ան ըսած է, որ եթէ նոյնիսկ մէկ կողմ դրուի ընտրութիւններուն մասին նոր օրէնքը, սակայն ընդհանուր համաձայնութեան իբրեւ արդիւնք քաղաքական ուժերը որոշեն, որ ընտրութիւնները պէտք է իրականացուին յստակ այսինչ օրը, ՀՅԴ-ն պիտի չխոչընդոտէ: Անդրադառնալով վարչապետի թեկնածու չառաջադրելու Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկած յուշագիրի ստորագրման` Սէյրանեան նշած է, որ եթէ քաղաքական ուժերը յանգին անոր, որ յուշագիրի ստորագրումը ճիշդ է, իրենք ալ պիտի համաձայնին: «Եթէ յուշագիրը բաղկացած ըլլայ մէկ կէտէ, ատիկա յուշագիր չ՝ըլլար: Անիկա պէտք է բովանդակային ըլլայ»,- նշած է ան:

Սէյրանեան նաեւ նշած է, որ ինք կը յարգէ ժողովուրդի մէկ մասին տեսակէտը, սակայն ատիկա չի տարածեր բոլորին վրայ: Եթէ ժողովուրդը կը կարծէ, որ բոլոր դժբախտութիւններուն պատճառը խորհրդարանական ընտրութիւններ չիրականացնելն է, ուստի իրենք համաձայն են, որ ատիկ ըլլայ նոյնիսկ վաղը: